Ակնարկ. Մինչեւ Յունիս 7-ը
16 Փետրվար 2026 Կը թուի, որ իշխանութիւն-եկեղեցի հակամարտութիւնը նոր փուլ կը թեւակոխէ, յատկապէս Ամենայն հայոց կաթողիկոսի դէմ մեղադրանքի ձեւակերպումով եւ Հայաստանի Հանրապետութենէն ելքի արգելքի որոշումով:Առանց մտնելու իրաւական քաշքշուքներու մէջ, պարզ է, որ իրաւապահ մարմիններ քաղաքական որոշումներ կը կայացնեն եւ կը հետեւին իշխանութիւններու տուած ցուցմունքներուն: Ի վերջոյ թեմի մը առաջնորդի լիազօրութիւնները դադրեցնելու վարչական որոշումը եկեղեցւոյ կը պատկանի: Այնքան ատեն, որ եկեղեցական ներկայ կանոնադրութիւնը կը գործէ եւ այնքան ատեն, որ Սահմանադրութեան համապատասխան յօդուածներ կը շեշտեն եկեղեցւոյ պետութենէն անկախ ըլլալու իրողութիւնը, նման որոշում ամբողջովին կը պատկանի եկեղեցական համապատասխան իշխանութիւններուն:
Իրադրութիւններուն հետեւելով նոյնքան պարզ կը դառնայ, որ իշխանութիւնները որոշած են խափանել եպիսկոպոսաց ժողովը: Էջմիածնի մէջ գումարելու պարագային յայտնապէս պիտի արգիլուէր որոշ եպիսկոպոսներու մուտքը Հայաստանի Հանրապետութիւն. հիմա կ՛արգիլուի անոնցմէ ոմանց, ընդ որում` կաթողիկոսին, ելքը երկրէն:
Յիշենք գործող Սահմանադրութեան եկեղեցւոյ վերաբերող յօդուածները:
Յօդուած 17. Պետութիւնը եւ կրօնական կազմակերպութիւնները
1.- Հայաստանի Հանրապետութիւնում երաշխաւորւում է կրօնական կազմակերպութիւնների գործունէութեան ազատութիւնը:
2.- Կրօնական կազմակերպութիւններն անջատ են պետութիւնից:
Յօդուած 18. Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին
1.- Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանաչում է Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցու` որպէս ազգային եկեղեցու բացառիկ առաքելութիւնը հայ ժողովրդի հոգեւոր կեանքում, նրա ազգային մշակոյթի զարգացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործում:
2.- Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցու յարաբերութիւնները կարող են կարգաւորուել օրէնքով:
Համաձայն 17-րդ յօդուածի երկրորդ կէտին, իշխանութեան եւ իրաւապահ մարմիններու կայացուցած որոշումները հակոտնեայ են Սահմանադրութեան: Այս կէտին կը հակադրուի, օրինակ` վարչապետին նախաձեռնութեամբ եկեղեցւոյ բարենորոգման շարժում սկսիլը: Կարելի չէ այս պարագային «հիմնաւորել», որ շարժումի նախաձեռնողը ոչ թէ վարչապետն է, այլ հայ առաքելական եկեղեցւոյ անդամ մը: «Բարենորոգման» հանդիպումները կը կայանան վարչապետարանին մէջ եւ եպիսկոպոսները կը հրաւիրուին կառավարութեան կեդրոնատեղին, ուր ժողովներն ու յայտարարութիւնները կը գլխաւորէ վարչապետը:
Կայացուած որոշումները հակասական են Սահմանադրութեան 18-րդ յօդուածի երկրորդ կէտին: Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Հայ առաքելական եկեղեցին իրենց յարաբերութիւնները կարգաւորող օրէնսդրութեան մէջ չունին յօդուած իշխանութիւններուն նման միջամտութիւնները արտօնող:
Գործող Սահմանադրութիւնը համաձայնեցուած էր կէտ առ կէտ Վենետիկի յանձնաժողովին հետ, որ համաեւրոպական կառոյցներու սահմանադրագէտներու եւ դէպի Եւրոպա համարկուող պետութիւններու Սահմանադրութիւններու մշակման մէջ հիմնական դերակատար է` իւրաքանչիւր յօդուած համապատասխանեցնելով Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու սահմանադրութիւններուն եւ ճշդուած իրաւաչափութիւններուն:
Լուռ են Եւրոպայի համապատասխան կառոյցները եւ չեն առարկեր, որ հիմնովին հակասահմանադրական քայլեր են իշխանութիւններուն առածները եկեղեցւոյ նկատմամբ: Յայտնապէս խնդիրը կը դիտարկուի աշխարհաքաղաքական պարունակի մէջ: Քրիստոնեայ արժէքներու կառչած եւ ամէն առիթի այդ արժէքները բարձրաձայնող Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը, ընդգծելով հանդերձ հայ ազգի քրիստոնէական քաղաքակրթութեան առաջին կրողներէն ըլլալը, խնամքով շրջանցեց Էջմիածին այցելութիւնը:
Իշխանութիւններու հակասահմանադրական քայլերուն եւ Եւրոպայի լռութեան կամ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական հիւրերու Էջմիածին չայցելելու երեւոյթներուն միջեւ կը նկատուին համատեղ շարժառիթներ: Եւ այս պարագային արտաքին ազդակներու երեւութական կրաւորականութիւնը, ըստ էութեան մղիչ հանգամանք կրնայ ունենալ:
Իրավիճակը կրնայ փոխուիլ յունիս 7-ին: Եթէ անշուշտ մինչ այդ փոխուի միեւնոյն կրաւորականութիւնը դրսեւորող եւ առ այժմ անտարբեր դիրքերէ իրադարձութիւններուն հետեւող որոշ զանգուածին տրամադրութիւնը:
«Ա.»
«Ազդակ»
