Մեծ եւ փայլուն աստղը
15 Փետրվար 2026
(Սարգիս Մահսէրէճեանի Աանմառ Յիշատակին)
Օրեր առաջ, մամուլը գուժեց, մեր բոլորին շատ սիրելի եւ գրչընկեր, հայագէտ, խմբագիր, ուսուցիչ եւ դիւանապետ, ազգային գործիչ եւ համեստ մտաւորական՝ Սարգիս Մահսէրէճեանի անակնկալ եւ անժամանակ մահը:
Պէտք է ըսել, որ ժամանակի թաւալումով շատ բան կը փոխուի մեր կեանքին մէջ: Այսպէս, մեզմէ անկախ, մեր շուրջէն առ յաւէտ յանկարծ կը բացակային այնպիսի դէմքեր, որոնք օրինակ ըլլալու կոչուած էին իրենց գոյութեան ընթացքին: Եւ անոնց բացկայութիւնը, ցաւ ի սիրտ, ոչինչ ու ոչ ո՛ք կրնայ լեցնել, որովհետեւ անոնք կը պատկանէին սերունդի մը, որ իսկապէս անփոխարինելի եղած էին:
Ու կրկնելով գնով նաեւ յիշեմ, որ մէկիկ-մէկիկ մեզմէ բաժնուող սերունդը, իր գործը տակաւին չամբողջացուցած, կ’երթայ այս աշխարհէն, մեծ եւ անյատակ բաց մը ձգելով իր ետին:
Ու ահա հարազատ օրինակ մը՝ մեր ՍԱԳՈՆ: Անուն մը՝ խորունկ եւ պարզ:
Ծառայասէր, զուարթախօս, ամէնօրեայ ներկայութիւն ունեցող այս փայլուն եւ հարազատ ԱՍՏՂը, յանկարծ շիջեցաւ մամուլի երկինքէն, ձգելով պայծառ լոյս մը մեր բոլորին վրայ:
Շատ մօտէն կը ճանչնամ զինք: Իրեն հետ իմ ծանօթութիւնս, մտերմութիւնս բարեկամութիւնս եւ ընկերութիւնս երկար տասնամեակներու օղակ մը կը կազմէ, եւ նոյն այս հարազատ եւ անկեղծ օղակն էր, որ ինծի համար դարձաւ նաեւ օրհնութիւն:
Խորապէս ծանօթ մըն էի իր մտքի խոյանքին եւ սրտի բաբախումներուն: Չէ՞ որ ինքն էր իմ լոյս ընծայած հատորներէս մէկ քանին ներկայացնողը՝ շնորհանդէսներու պիտակին տակ:
Ինչպէ՞ս չճանչնամ ու չ’արժեւորեմ զինք: Ինչպէ՞ս կրնամ մոռնալ զինք…: Իմ բաժինը, լուրջ յարգանք եւ պաշտամունքն է իր օրինակելի խոնջէնքին:
Անոր համար, մեծ եղած էր իրեն հանդէպ իմ հիացումս: Որովհետեւ հայ մամուլի այս համեստ սպասարկուն, իր սրտին տակ բաբախող սրտով, հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ մխրճուած իր մտքով, ինծի համար օրինակելի «հսկայ» մըն էր:
Իր մահը կ’ողբանք գաղութով եւ համայն մամուլով: Ու ցաւ ի սիրտ, ա՜լ մեզի հետ չէ, իր գործը չաւարտած այս խոնջէնք չգիտցող մտաւորականը, պարտաճանաչ, խղճամիտ եւ օրինապահ գրիչը:
Ո՞վ կը հաւատար որ ինծի ամիս մը առաջ իր ղրկած ճոք-ծաղրանկարը, վերջինը պիտի ըլլար: Անհաւատալի: Տակաւին աշխարհ մը ըսելիք եւ գրելիք ունէր: Ու այս օրերուն, բոլորիս աչքերուն մէջ անզուսպ խոնաւորութիւն կայ: Բոլորս ալ կը փնտռենք սփոփանքի տողեր եւ բառեր… ու չգտնելով՝ կ’այպանենք ճակատագիրը:
Դժուար է գաղափարակից ընկեր մը, գրչընկեր մը, մեծ մտաւորական մը կորսնցնելը: Մէկը, որ իր գրիչը ամէն առիթով, մխրճած էր մարդոց քնացած խղճին մէջ, միեւնոյն ատեն իր գրիչին նժարի ձայնը հասցնելով հայրենիքէն մինչեւ հեռաւոր սփիւռքներ:
Ու մեր Սագոն ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ հայասիրտ տրոփումի տէր, եւ ազգային ալեկոծութեան ականատես, գիտակից եւ տաղանդաւոր մեր ցաւերը մատնանշող աննման գրիչ մը:
Մեկնեցաւ այս աշխարհէն, առանց մնաք բարովի: Գնաց ակնկալութիւն չճանչցող այս հայը, որ հակառակ ֆիզիքական, հոգեկան, ընկերային բոլոր դժուարութիւններուն, պահած էր իր տրամադրութիւնը, եւ ազգը յուզող գունաւոր եւ անգոյն խօսքերը թուղթին յանձնած յոյսի նման լուսաւոր:
Հանգուցեալ Սարգիս Մահսէրէճեան, գաղութէն ներս յարգելի եւ փնտռուած անձնաւորութիւն մըն էր, հրապարակագիր, հատորներու հեղինակ, ազգային գործիչ, հայրենի հարցերով անսահման տագնապող մը ըլլալով հանդերձ: Իր եզակի հայեացքով, իր անշահախնդիր մատնանշումներով, նաեւ իր կեանքի օրինակներով, ան դարձած էր հաստատ ներկայ մը ամէն տեղ:
Դժբախտաբար կորսնցուցինք այս մեծը, որ հասկնալի եւ սրտի մօտիկ, մեղմ եւ քաղցր ոճով, միշտ մատը օրերու բազկերակին վրայ դրած, ամէն առիթով ընթերցողին արդարամտութեան յանձնած էր եզակի հայեացքներով իր միտքերը, դատելու ճշգրի’տ առաքելութեամբ, հաւատք դնելով ընթերցողի ուսերուն: Իր կարծիքը բարերար դերեր ունեցած էր ազգային մեր կեանքէն ներս: Անկասկած:
Այո՛…մեր եւ բոլորիս Սագոն…
Ամբողջ իր կեանքը նուիրած էր հայ գիրին եւ գրականութեան ու յատկապէս հայ մամուլին, անշախնդրօրէն եւ անվերապահ:
Ու այսպէս, յանկարծ այս փայլուն աստղը շիջեցաւ, մեզ բոլորս ձգելով շուարումի, եւ խոր վշտի մէջ: Ահա թէ ինչո՞ւ ընկերներով, հարազատներով եւ մամուլով կ’ողբանք բացակայութիւնը, հանգիստ չճանչցող այս հայուն, հայ գիրին ու մամուլին սպասարկու եւ յանձնառու այս մեծ նուիրեալին:
Ահա թէ ինչո՞ւ նաեւ ամէն առիթով միտքս կը բերեմ իր դէմքը, իր ժպիտը, իր զուարթախօս բառերը, համոզիչ խօսքերը, իր մտքի խոյանքին եւ սրտի բաբաբխումներուն հետ միատեղ:
Այսպէս մեր Սագոն: Օժտեալ բացառիկներէն մէկը:
Իր ներկայութիւնը միշտ զգալի դարձուցած էր, իրարայաջորդ կերպով հայ ընթերցողին մատուցելով վաւերական ներկայութիւն: Հաւատարիմ ընթերցողները զինք լաւ կը ճանչնան: Մէկ խօսքով, ինք դարձած էր անկեղծ թարգմանը հայոց ցաւերուն եւ անոնց լուծման:
Խոր գիտակցութեամբ, ե՛ւ հիւմուրով, ե՛ւ ժպիտը դէմքին, դէպի իրեն կը գրաւէր բոլորը:
Ուր որ ալ գտնուէր, կը դառնար կեդրոնական անձ: Անոնք որոնք ապրեցան իր այս մտերմութիւնը, եւ հետեւեցան իր գրիչի տողանցումներուն, անպայման ինծի հետ պիտի հաստատեն, թէ ի՛նք եզակի անձնաւորութիւն մըն էր, իր գրիչով, իր նուիրումով, իր ստեղծագործութիւններով, իր տաղանդով, եւ կշիռք ունեցող իր արժեւորումներով:
Ափսոս… հազար ափսոս… կորսնցուցինք…եւ նոյնքան ալ…անժամանակ:
Ու ասկէ ետք… ո՞ւր կրնանք գտնել իր նմանը…… եւ ինչպէ՞ս…
Արդ…
Իր գրիչին եւ մտքի յատուկ երախտագիտական, հարազատ եւ յիշատակելի ու համեստ տուրք մըն է այս գրութիւնս:
Կը խոնարհիմ իմ եւ մեր բոլորին հոգիները լեցնող իր գրիչին, շունչին, վաստակին եւ տաղանդին առջեւ: Իր անունը պիտի օրհնուի եւ ոգեկոչուի մեր բոլորին կողմէ:
Զինք յիշելն ու արժեւորը, մեր բոլորին պարտքն է: Որովհետեւ…իր յիշատակը մերն է… պէ՛տք է որ հսկենք զայն:
Երախտապարտօրէն՝ յարգանք իր վաստակին, եւ բիւր յարգանք՝ իր յիշատակին:
Գէորգ Պետիկեան
Հայրենիք
