Ծաղկաձորի Մէջ՝ Խաղաղութեան Կամուրջ․․․
17 Փետրվար 2026
Անցեալ շաբաթավերջն ալ, Հայաստանի քաղաքական բեմահարթակը եղաւ շատ աւելի բեղուն եւ անակնկալներով հարուստ։ Տէր Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնին՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակի հոգեպարար արարողութիւնը մեծ շուքով կատարուեցաւ Էջմիածինի Մայր Տաճարին մէջ՝ նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Վեհափառ Կաթողիկոսին, որուն արգիլուեցաւ Հայաստանի տարածքէն դուրս գալ՝ դատական վճիռի մը կատարումը խոչընդոտելու մեղադրանքով։ Անշուշտ յստակ էր, թէ բուն պատճառը՝ ձախողեցնելն էր Աւստրիոյ մէջ նախատեսուած Եպիսկոպոսաց ժողովը։
Այս անտառի քաղաքականութիւն կիրարկողներուն մէկ այլ անտարակոյս դիրքորոշումը՝ Ազգային Ժողովին մէջ, հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի յանձնաժողովի անդամ Յակոբ Յակոբեանի (ծանօթ Յակոբ Մովսէս գրչանունով) լիազօրութիւնները դադրեցնելու ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան առաջարկին մերժումն էր։ Այս անգամ տարբեր ռազմավարութեամբ մը, իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորները քուէարկութեան մասնակցութիւն չբերին, այսինքն՝ անոնք հաստատեցին, որ Հ․Յ․Դ․-ի գաղափարախօսութիւնն ու կարգախօսը` «Ազատութիւն կամ Մահ» վտանգաւոր է եւ խոչընդոտ կը հանդիսանայ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ին։
Այսպէս, երբ այս կարգախօսին շուրջ թեր ու դէմ կ՛արտայայտուէին, նոյնիսկ կարգ մը երիտասարդ ՔՊ-ականներ ծաղրանքի եւ անվայել արտայայտութիւններ կ՛ունենային, 13 Փետրուարին, ցամաքի ճամբով եւ աւելի մանրամասնելով՝ Տաւուշի սահմանագծուած հատուածով, Հայաստան մուտք կը գործէին Ատրպէյճանի փորձագիտական դաշտի, պետութեան մօտիկ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները` մասնակցելու հայկական կողմին հետ երկօրեայ քննարկումներուն, որոնց թեման էր «Խաղաղութեան կամուրջ»: Պաքուէն ժամանած պատուիրակութիւնը դիմաւորած են հայ սահմանապահները` շարժական անցակէտ-փոխադրակառքին մէջ, զննելով ու կնքելով (հոս տեղին է նշել, թէ Նոյեմբեր 1, 2025-էն ի վեր վերացուած է Արարատ լերան կնիքը) ատրպէյճանցիներուն անձնագիրները:
Շատ բան չգրուեցաւ այս սուսիկ-փուսիկ պայմաններու տակ կատարուած ժողովին մասին, որ բնականաբար լուսանցքային եւ «ծածկուած» պահելու համար տեղի ունեցաւ Երեւանէն դուրս՝ Ծաղկաձորի մէջ։ Այս երկկողմ կլոր սեղանը համախմբած էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները, փորձագէտներ, լրատուամիջոցներու անդամներ, վերլուծաբաններ եւ ամենէն կարեւորը՝ հլու կամակատարներ։ Անուններուն շարքը երկար է։
Քննարկումները կեդրոնացան հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու ներկայ փուլին եւ ապագայ զարգացման ուղիներուն վրայ, ինչպէս նաեւ՝ անցեալ Օգոստոս 8-ին, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած գագաթնաժողովին ընթացքին հաստատուած խաղաղութեան օրակարգին իրագործման եւ անոր տարածաշրջանային հետեւանքներուն։ Մասնակիցները փոխանակեցին տեսակէտներ տարածաշրջանային անվտանգութեան փոփոխուող միջավայրին եւ խաղաղութեան գործընթացէն բխող տնտեսական կարելիութիւններուն վերաբերեալ։
Պաշտօնական նիստերուն զուգահեռ կազմակերպուեցան ոչ պաշտօնական մշակութային եւ ընկերային հանդիպումներ։
Նշենք, թէ նման հարթակները կը ծառայեն պաշտօնական քաղաքական օրակարգերու օրինականացման եւ, ոչ պաշտօնական հանդիպումներ ըլլալով, կը գործեն իշխանութիւններու ուղիղ հովանաւորութեան ներքոյ։ Հետեւաբար, անոնք կը կորսնցնեն անկախ վերլուծական դերը եւ պարզապէս կը վերածուին հաղորդակցական գործիքներու՝ հասարակութիւնը համոզելու։
Նման հանդիպումներ կրնան օգտագործուիլ արտաքին դերակատարներու կողմէ՝ որպէս ապացոյց, թէ իսկապէս ալ խաղաղութեան գործընթացը ընթացքի մէջ է, եւ կարելի է արագացնել քաղաքական համաձայնութիւնները՝ անտեսելով ներքին կացութիւնը։ Եւ այս մէկը կրնայ շատ աւելի նեղ կացութեան մատնել փոքր պետութիւններ, որոնք աշխարհաքաղաքական պայմաններու եւ ճնշումներու տակ կը գտնուին։
Երբ խաղաղութեան գործընթացը կ՛ընթանայ առանց հասարակութեան լայն շերտերու վստահութեան, այս մէկը կը ստեղծէ հակառակ ազդեցութիւն։ Յատկապէս հայորդիին համար, նման նախաձեռնութիւն կրնայ ընկալուիլ որպէս զիջումներու հաստատում։
Առանց այս առանցքային հարցերու լուծման՝ խաղաղութիւնը կրնայ մնալ մակերեսային եւ ժամանակաւոր, մանաւանդ որ գոյութիւն ունին զանազան հարցեր՝ բանտարկուած ռազմագերիներ, տեղահանուած արցախահայութեան վերադարձ եւ անշուշտ սահմանային կայունութիւն։
Այս երկխօսութիւնը տեղի կ՚ունենայ ուժային ակնյայտ անհաւասարակշռութեան պայմաններու մէջ։ Տարածաշրջանային ռազմական ու քաղաքական իրողութիւնները ստեղծած են իրավիճակ մը, ուր կողմերէն մէկը կը գործէ յաղթողի դիրքէն, իսկ միւսը՝ պարզ ու մեկին պարտուածի պայմաններու մէջ։ Հետեւաբար, այս պարագային քաղաքացիական երկխօսութիւնը կրնայ վերածուիլ ոչ թէ փոխադարձ վստահութեան, այլ՝ քաղաքական ճնշման գործիքի մը, որ կը նպաստէ ուժեղ եւ զօրաւոր կողմին։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
