ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լիլիթ Գալստեան Համազգայինի «Արիս Սթամպօլեան» կեդրոն այցելեց
18 Փետրվար 2026
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը շաբաթ Յունուար 31ի առաւօտեան, իր «Արիս Սթամպօլեան» մշակութային կեդրոնին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Ազգային ժողովի Պատգամաւոր եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լիլիթ Գալստեանի, որուն կ՛ընկերանային ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, որոնք շրջագայեցան կեդրոնի գրասենեակներն ու բաժանմունքները ու ծանօթացան տարուած աշխատանքներուն:
Հանդիպման ներկայ եղան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ դոկտ․ Տիգրան Պապիկեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի 8 մասնաճիւղերու եւ 8 միաւորներու ներկայացուցիչները:
Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Չուխաճեան ողջունեց հիւրը եւ ըսաւ թէ, մեր յարգելի հիւրը եղած է նաեւ Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակի վարիչ տնօրէն մինչեւ 2016:
Ապա Չուխաճեան փոխանցեց տեղեկութիւններ արեւմտեան շրջանի տարիներու իրագործումներուն եւ ապագայ ծրագիրներուն մասին եւ թուեց յառաջիկայի ձեռնարկները՝ շեշտելով Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային միութեան կարեւոր դերն ու տեղը հայ ժողովուրդի եւ մեր համայնքի կեանքին մէջ: Ան խօսեցաւ նաեւ գործունէութեան ընդարձակման մասին, որուն համար պատասխանատուները, մարմիններն, ու մշակութասէր անդամները ներկայիս լծուած են տքնաջան աշխատանքի:
Շուրջ 3 ժամ տեւած մտերմիկ զրոյցէն ետք, հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխան, որուն ընթացքին ընդգծուեցաւ անհրաժեշտութիւնը ՝ Սփիւռք-հայրենիք համագործակցութեան, հայերէնի եւ մեսրոպեան ուղղագրութեան պահպանման, Արցախի բարբառին եւ աւանդութիւններու պահպանման եւ հայակերտումին:
Գալստեան յայտնեց, ան 10 օրերու ընթացքին Լոս Անճելըսի մէջ այցելած է շարք մը կառոյցներ ու ուրախ է որ այսօր կը գտնուի իր հարազատ տան մէջ: Յարգելի հիւրը արտայայտեց իր սէրը Համազգայինի եւ ընդհանուր առմամբ մեր մշակութային գործունէութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ գնահատեց Համազգայինի ծաւալած գործունէութիւնը եւ ունեցած ներդրումը՝ Սփիւռքի դժուարին պայմաններուն մէջ։ Ապա ան իր սրտագին մաղթանքները եւ տպաւորութիւնները արձանագրեց Համազգայինի «Արիս Սթամպօլեան» կեդրոնի պատուոյ այցելուներու յուշատետրին մէջ:
Իր կարգին, Տէր Խաչատուրեան արտայայտուեցաւ Համազգայինի կարեւորութեան մասին եւ իր բարձր գնահատանքը արտայայտեց կատարուած աշխատանքի նկատմամբ:
Յարգելի հիւրերուն արտայայտութիւնները նոր լիցքաւորում կու տայ մշակութասէր մեր անդամներուն, բազմացնելով անոնց տածած սէրն ու գուրգուրանքը այս գաղութին նկատմամբ եւ կը սատարէ գաղութին յաւելեալ աշխուժութեան եւ գործունէութեան ընդարձակման:
Մշակոյթի շունչն է մեզ ազգ եւ հայ պահողը:
(Թղթակցութիւնը՝ Համազգայինէն)
