Առիւծին Սլացքը, Մռնչիւնը Եւ Ապա՞․․․
01 Ապրիլ 2026
«Սա ընտրովի պատերազմ մըն է… Սա այն պատերազմը չէ, որուն պէտք էր այժմ ձեռնարկէինք։ Չկայ նոր շեմ, զոր Իրան անցած ըլլար եւ անմիջական վտանգ ներկայացնէր։ Սա կանխարգելիչ հարուած մըն է… Սա անհրաժեշտութեան պատերազմ մը չէ»։
Ռիչըրտ Հաաս (Ամերիկացի դիւանագէտ եւ արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի պատուոյ նախագահ)
Շատեր ուշադրութիւն չեն ընծայեր եւ կամ հպանցիկ պարզ մատնանշումով կը տեղեկանան եւ կը տեղեկացնեն, որ անցեալ 13 Յունիսին Իրանի դէմ կատարուած Իսրայէլի յարձակումը կը կոչուէր «Սլացող առիւծ» (“Rising Lion”), իսկ քանի մը ամիս ետք՝ այս տարուան 28 Փետրուարին շղթայազերծուած շատ աւելի ընդարձակ գործողութիւնը միշտ ալ պահեց անտառի թագաւորին անունը, այս անգամ վերածուելով «Առիւծի մռնչիւն»-ի (“Lion’s Roar”)։ Տեսնենք, թէ ապագային ի՛նչ ընթացք պիտի առնէ այս առիւծին հեքիաթային պատմութիւնը: «Մեթրօ Կոլտուին Մէյըր» շարժապատկերի ցրուիչ ընկերութեան ժապաւէններու մեկնարկն ալ կը սկսի վիթխարի եւ ազդեցիկ առիւծի մը մռնչիւնով, եւ ապա կախում ունի, թէ որքա՞ն կը տեւէ բեմադրուած գործը։
Սակայն, ինչ որ կը պատահի Ծոցի եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ, հոլիվուտեան արդիականացած մեծ պաստառի աւելորդաբանութիւն չէ, այլ՝ իսկական աւերիչ եւ քանդիչ պատերազմ։ Այս դաժան օրերուն եօթներորդ արուեստի ցրուիչ ընկերութեան մը մռնչող առիւծը չէ հերոսը, այլ՝ պարսկական կայսերապաշտութեան խորհրդանիշը, զոր Իսրայէլ կը ձեռնարկէ վերարժեւորել անտառի քաղաքականութիւն կիրարկելով։
Ներկայ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դրօշակին գոյները կը մնան անփոփոխ՝ հորիզոնական կանաչ, ճերմակ եւ կարմիր, սակայն առիւծն է, որ փոխարինուած է իւրայատուկ ոճով, կոր ու կեդրոնական սրաձեւ «Ալլահ» (Աստուած) գրութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ այս նշանակը կը յիշեցնէ նաեւ կակաչ ծաղիկը, որ կը նկատուի հին պարսկական խորհրդանիշ մը՝ նահատակուած զինուորներուն համար։
Ամբողջացնելու համար, այս դրօշակի պատմութիւնը, համեմատած կեդրոնի սպիտակ գոյնին վրայ զետեղուած առիւծին, 1980-էն ի վեր պաշտօնապէս ծածանող ներկայ դրօշը, այդ «Ալլահ»-ին կողքին, նաեւ կ՛ընդգրկէ ճերմակ գոյնին սահմանամերձ կանաչ եւ կարմիր գոյներուն վրայ 11-ական «Ալլահու աքպար» («Աստուած մեծ է») խօսքը, ընդամէնը՝ 22 անգամ։ Ասիկա կը յիշեցնէ իսլամական յեղափոխութեան թուականը՝ 22 Պահման (այսինքն 11 Փետրուար 1979-ի իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակի օրը)։
Այսպէս, վերակենդանացնելու համար իրանական կայսերապաշտութեան խորհրդանիշը, Իսրայէլ կը փորձէ տապալել ներկայ իսլամական հանրապետութիւնը։ Օրին Թել Աւիւ մօտիկ բարեկամութիւն մշակած էր Շահ Փահլաւիներու ընտանիքին հետ: Այս բարեկամութիւնը երբեմն վերածուած էր անհամաձայնութեան այն պատճառով, որ տարածաշրջանէն ներս երկու երկիրներուն միջեւ սուր մրցակցութիւն կար, թէ ո՛վ պիտի ըլլար տիրապետողը։
Տասնեակ տարիներէ ի վեր տարբեր է կացութիւնը, մանաւանդ որ, հակառակ թափուած բոլոր ճիգերուն եւ արգելքներուն, Թեհրան կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Լիբանանի «Հըզպալլա»-ին։
Այս «Առիւծի մռնչիւն»-ին նպատակը քաղաքացիական միջուկային հետազօտութեան ոչնչացումն է։ 2011-էն ի վեր Պենիամին Նեթանիահուն արտայայտուած էր, որ Իսրայէլի համար առաջնահերթութիւն է զինեալ իսլամական վարչակարգի մը միջուկային զէնք ձեռք չձգելը։ Ան քիչ մըն աւելի անդին երթալով՝ նշած էր, թէ առաջինը Իրանն է, երկրորդը՝ Փաքիստանը, յատկապէս եթէ Թալիպանները հոն ալ ներթափանցումներ կատարեն։
Գերմտահոգիչը այն է, որ երբեմնի աշխարհի մեծերէն նկատուող Ա.Մ.Ն.-ն ինկած է այնպիսի ծուղակի մը մէջ, որ նոյնինքն նախագահ Տոնալտ Թրամփը իր ափեղցփեղ եւ բազմիցս հակասող յայտարարութիւններով գլխապտոյտ կը ստեղծէ եւ աւելի ահաւորը՝ կը փորձէ բոլոր միջոցներով փրկել իր երկիրը սնանկութենէ եւ նոյնիսկ՝ քաղաքացիական պատերազմէ։ Ան Իրանի դէմ պատերազմը վերածած է ինքնին սակարանի:
Ներքին յեղափոխութեան կոչ ուղելով՝ Թրամփ կարծեց, թէ պիտի կարենայ դիւրութեամբ տապալել կառոյց մը, համոզել ժողովուրդ մը, որուն համար եթէ ծայրայեղ կրօնամոլ ղեկավարութիւնը անընդունելի է, նոյնքան եւ դեռ աւելի վտանգաւոր ու մեծ «Ո՛Չ» մըն է շահի օրերուն գաղտնի սպասարկութեան՝ մահասփիւռ եւ արիւնարբու «Սաւաք»-ի մը վերածնունդը:
Վերոյիշեալ Ռիչըրտ Հաասի խօսքերը տեղին են: Արդեօք առիւծի սլացքն ու մռնչիւնը բան պիտի փոխե՞ն անտառին մէջ, մինչ աշխարհն ու իր բնակիչը կը մնան թշուառ ու անտէր:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
