Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
02 Ապրիլ 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան հիւրընկալեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ, չորեքշաբթի, 1 ապրիլ 2026-ին, ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեանի:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի, հոսանքի փոխնախագահ Ղասսան Խուրի, նախկին երեսփոխան Էտի Մաալուֆ եւ Րաֆֆի Խանճեան:
Քննարկուեցան ապահովական, քաղաքական եւ տնտեսական վերջին զարգացումները, յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած նուրբ պայմաններուն լոյսին տակ` 2026 թուականի պատերազմի շրջագիծին մէջ, ուր անդրադարձ կատարուեցաւ իսրայէլեան յարձակումներուն առնչուող նորագոյն զարգացումներուն եւ անոնց ազդեցութեան` ներքին կայունութեան եւ կենսապայմաններուն վրայ, շեշտելով երկու կողմերուն միջեւ հաղորդակցութեան եւ համագործակցութեան շարունակականութեան կարեւորութիւնը:
Ապա, պատուիրակութիւնը Կեդրոնական կոմիտէին յանձնեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մշակած «Լիբանանի պաշտպանութեան փաստաթուղթ»-ը:
