ՀՅԴ Պատուիրակութիւն Մը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսայի Մէջ Լիբանանի Դեսպանին Հետ
02 Ապրիլ 2026
Չորեքշաբթի, 1 ապրիլին, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի դեսպան Ռապիհ Շաէրի հետ:
Փարիզի դեսպանատան մէջ կայացած այս հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի կացութեան կապուած հարցեր: Դեսպանը ներկայացուց ընդհանուր իրավիճակը, զայն նկատելով մտահոգիչ, յատկապէս իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով յառաջացած մարդկային եւ ֆինանսական հսկայական վնասներուն եւ անտուն դարձած մեծաթիւ գաղթականներու ի տես:
Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի ժողովուրդին ու պետութեան, շեշտելով լիբանանեան հայրենիքի հողային ամբողջականութեան պահպանումը, դատապարտելով իսրայէլեան ապօրինի յարձակումները մայրաքաղաք Պէյրութի թէ հարաւային շրջաններու խաղաղ բնակչութեան վրայ:
Պատուիրակութիւնը ընդգծեց յատկապէս ներկայ պայմաններուն մէջ ներքին միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը, միջհամայնքային երկխօսութիւնը, առանց ներքաշուելու արտաքին ձեռքերու կողմէ հրահրուող խլրտումներու մէջ:
Դեսպանը մեծապէս գնահատեց այս կեցուածքը` նկատելով , որ Դաշնակցութիւնը ամէնուրեք անշեղօրէն կը պաշտպանէ Լիբանանի մէջ որդեգրուած եւ ի գործ դրուած իր լիբանանեան ուղեգիծը:
