Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին
08 Ապրիլ 2026
Երէկ` երեքշաբթի, 7 ապրիլ 2026-ին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի կողմէ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան:
Երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի գլխաւորած պատուիրակութիւնը կ՛ընդգրկէր Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի անդամներ Աքրամ Շեհայէպ, Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Հատի Ապու Հասան, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Հասան, կուսակցութեան ղեկավար խորհուրդի անդամներ Լամա Հըրէյզ եւ Քամել Ղսէյնի եւ Ժոմպլաթի խորհրդատու Հուսամ Հարպ:
Հանդիպման ընթացքին ընդգծուեցաւ Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութեան ամրապնդման եւ պահպանման կարեւորութիւնը` նշելով, որ ասիկա ներկայ դժուար ժամանակներու եւ իսրայէլեան յարձակողապաշտութեան եւ Լիբանանի վրայ անոր հետեւանքներուն պայմաններուն մէջ այս փուլին խորագիրն է:
Շեշտուեցաւ պաշտօնական հաստատութիւններուն եւ մասնաւորաբար բանակին շուրջ բոլորուելու անհրաժեշտութիւնը: Նաեւ քննարկուեցաւ տեղահանութեան թղթածրարի լուծման նպաստող պատկան մարմիններուն հետ համագործակցութեան եւ համակարգումի անհրաժեշտութիւնը` այս թղթածրարին կառավարումը բոլոր մակարդակներուն վրայ ճիշդ ձեւով կատարելու համար:
Յայտնենք, որ նոյն օրը Լիբանանի բանակը ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելեց վեհափառ հայրապետին:
Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Երեքշաբթի, 7 ապրիլ 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեցին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակի ներկայացուցիչները` գլխաւորութեամբ Ուալիտ Ժոմպլաթի զաւակին` Թէյմուր Ժոմպլաթի, որ միաժամանակ յիշեալ կուսակցութեան նախագահն է: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Աքրամ Շեհայէպ ու Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ինչպէս նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր գիծերով արծարծելու Լիբանանի դիմագրաւած ներքին թէ՛ արտաքին դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները: Վեհափառ հայրապետը իր տեսակէտը պարզեց ներկայ կացութեան գծով` շեշտելով Լիբանանի ներքին միութիւնը ամուր պահելու առաջնահերթ կարեւորութիւնը: Յ. Բագրատունի, իր կարգին, անդրադարձաւ քաղաքական երկխօսութիւններու ճամբով համայնքներն ու կուսակցութիւնները միացնող հասարակաց գետինը ամրապնդելու հրամայականին:
Թէյմուր Ժոմպլաթ վեհափառ հայրապետին փոխանցեց իր հօր` Ուալիտ Ժոմպլաթի ողջոյնները եւ միաժամանակ յայտնեց, որ ինք ամբողջութեամբ կը բաժնէ վեհափառին պարզած մտահոգութիւններն ու տեսակէտները` ընդգծելով նոր վտանգներէ երկիրը հեռու պահելու եւ լիբանանեան բանակին շուրջ համախմբուելու անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ երաշխիք Լիբանանի անկախութեան ու ապահովութեան: Վերոնշեալ տեսակէտներուն շուրջ նաեւ տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում ներկաներուն կողմէ:
