ՀՅԴ Հայ Դատի Մարմինը Շնորհաւորեց ՄԱԿ-ի Նոր Նշանակուած Յատուկ Զեկուցաբերը
08 Ապրիլ 2026
ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդը Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի մէջ Պաղեստինեան հողի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն եւ միջազգային օրէնքի օգնական դասախօս դոկտ. Զենա Ժալլատը նշանակեց մարդու իրաւունքներու վրայ միակողմանի բռնի քայլերու ժխտական ազդեցութեան հարցով յատուկ զեկուցաբեր:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը այս առիթով շնորհաւորական նամակ մը յղեց դոկտ. Ժալլատին` նշելով. «Ձեր նշանակումը տեղի կ՛ունենայ կարեւորագոյն ժամանակահատուածի մը մէջ, երբ տարբեր շրջաններու մէջ նման քայլերու մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներու առնչուած հետեւանքները հետզհետէ աւելի ակնյայտ կը դառնան: Մենք վստահ ենք, որ ձեր փորձագիտութիւնը, ազնուութիւնն ու նուիրուածութիւնը զգալիօրէն պիտի նպաստեն հաշուետուողականութեան բարձրացման եւ տուժած բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան»:
Լիբանանի Հայ դատի մարմինը այս ծիրին մէջ ՄԱԿ-ի նոր նշանակուած յատուկ զեկուցաբերի ուշադրութիւնը հրաւիրեց Արցախի հայութեան իրավիճակին վրայ` նշելով. «2023 թուականի սեպտեմբերին ազրպէյճանական ուժերու կողմէ անոնց բռնի տեղահանումէն ետք, բնիկ հայ բնակիչներու միջազգային օրէնքով ամրագրուած վերադարձի իրաւունքը կը մնայ հրատապ խնդիր: Բացի ատկէ, մտահոգութիւններ կան Պաքուի մէջ ներկայիս պահուող հայ կալանաւորներու վերաբերեալ, որոնց իրաւունքներն ու բարեկեցութիւնը կը պահանջեն անյապաղ միջազգային հսկողութիւն:
«Աւելի՛ն, մեր կարծիքով, Ազրպէյճանի կողմէ կիրարկուող միակողմանի հարկադրական քայլերու աւելի լայն ազդեցութիւնը, մասնաւորապէս` տեղահանութեան, զրկանքներուն ու անապահովութեան նպաստողները, արժանի են ձեր լիազօրութեան ծիրին մէջ ուշադիր ուսումնասիրութեան:
«Այս հարցերու լուծումը կարեւոր է արդարութեան, հաշուետուողականութեան եւ մարդու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան ապահովման համար»:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր նամակը եզրափակեց դոկտ. Ժալլատին յաջողութիւն մաղթելով եւ պատրաստակամութիւն յայտնելով աջակցելու արդարութեան, արժանապատուութեան ու օրէնքի գերակայութեան ջատագովման ջանքերուն:
