Փետրուարեան Ապստամբութիւն

18 Փետրվար , 1921

Համաժողովրդային հիասթափութեան եւ արդար ցասումի արտայայտութիւն էր 1921ի Փետրուարեան ապստամբութիւնը: Իր մարդկային իրաւունքները վերականգնելու հայ ժողովուրդի գերագոյն ճիգն էր՝ ընդդէմ նենգամիտ, դաւադիր Յեղկոմին (բոլշեւիկներու յեղափոխական կոմիտէին) եւ գազանաբարոյ Չեկային (դատական գերագոյն մարմին):

Մինչեւ ապստամբութեան նախօրեակը՝ 17 Փետրուար 1921, Հայաստանի բոլշեւիկեան իշխանութիւնը կը գործէ շարք մը բռնարարքներ, ինչպէս՝

-1920 Դեկտեմբեր 6ին, Չեկան, կը ձերբակալէ ու կը բանտարկէ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Կեդրոնական Կոմիտէի 18 անդամներ:

-1920 Դեկտեմբերին Բաքու կ’աքսորուին 70 հայ զինուորականներ: 1921 Յունուար 10ին՝ Բաքու, ապա Ռուսաստան կ’աքսորուի Զօրավար Դրոն: Յունուար 24ին, կ’աքսորուին հայկական բանակի 1200 սպաներ, որոնց մէջ կը գտնուէին զօրավարներ Թ. Նազարբէկեան, Մ. Սիլիկեան եւ Ղամազեան:

-Կը գրաւուին որբանոցներու պարէնն ու դեղորայքը

-Կ’արգիլուի խօսքի, մամուլի, հաւաքուելու ազատութիւնը

-Լրտեսութիւնը եւ մատնութիւնները կ’ըլլան պետութեան կողմէ ամենէն գնահատուած ծառայութիւնները

-«Յեղափոխութիւնը զոհ կը պահանջէ» կարգախօսին հետեւելով կը գնդակահարուին իշխանութեան կողմէ անբաղձալի համարուած անձերը:

-Մինչեւ Փետրուար 17, 1921, Հայաստանի բանտերը կ’առաջնորդուին 2000 հոգի:

-Փետրուար 17ի գիշերը, Երեւանի բանտին մէջ Չեկան կացինահար կ’ընէ հայ ազատագրական պայքարի երախտաւոր մարտիկ Համազասպ Սրուանձտեանը, գնդ- Ղորղանեանն ու իրենց ընկերները:

Այս ոճիրներուն դէմ կ’ընդվզի հայ ժողովուրդը եւ իր ազատութիւնը վերահաստատելու, իր արժանապատւութիւնը վերկաանգնելու նպատակով կ’ըմբոստանայ եւ զէնքը ձեռին՝ բոլշեւիկեան իշխանութիւնը տապալելու կ’ելլէ:

1-Փետրուար 9-էն 10՝ կարգ մը գիւղեր կ’ըմբոստանան: Ազատ մանցած դաշնակցական ղեկավարներ կ’անցնին ընդհատակ: Ոմանք կը մնան Երեւան, ուրիշներ կ’անցնին գաւառները: Կոտայքի մէջ կը կազմուի «Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէ»ն, որ կ’որոշէ ընդհանուր ապստամբութիւն կազմակերպել:

2- Արամուսի ապստամբները ձերբակալելու գացած բոլշեւիկ զինեալները իրենք կը ձերբակալուին ըմբոստներու կողմէ, Փետրուար 11ին:

3- Փետրուար 11էն 14 բախումբեր տեղի կ’ունենան Բաշ-Գեառնիի, Ախտայի, Կոտայքի գիւղացիներու եւ բոլշեւիկներու միջեւ: Փետրուար 14էն 16՝ Կոտայքի, Աշտարակի, Ախտայի, Բաշ Գեառնիի ըմբոստները միահամուռ զինուորական գործողութիւններու կը սկսին:

4- Բաշ Գեառնիի շրջանին մէջ բուռն կռիւներ կը պատահին Փետրուար 15ին: Խմբապետ Խնկոյի մարտիկները անակնկալ յարձակումով շփոթութեան կը մատնեն Բոլշեւիկեան ուժերը, որոնք խուճապահար կը փախչին դէպի Բէոյիւք Վետի ու Ղամարլու:

5- Փետրուար 15ին ապստամբները կը գրաւեն Ախտան:

6- Սասունցի զինեալներ Ապարանէն եւ Ու’անէն գիշերանց կը յարձակին եւ Փետրուար 16ին կը գրաւեն Աշտարակը:

7- Նոյն օրը, Սասունցի 750 ուրիշ զինեալներ, Թալինէն, Ագարակէն ու Աղաւնատունէն կ’արշաւեն դէպի Էջմիածին եւ բուռն կռիւներէ ետք կը ջախջախեն բոլշեւիկ ու’երը ու Փետրուար 17ին կը գրաւեն քաղաքը: Անոնք կը շարունակեն իրենց յառաջխաղացքը եւ նոյն օրը կը գրաւեն Փարաքարը:

8- Ախտայի եւ Կոտայքի ուժերը՝ համադրուած գործողութիւններով, Փետրուար 17ին կը գրաւեն Քանաքեռը:

9- Փետրուար 18ի վաղ առաւօտուն, Քանաքեռէն ու Բաշ Գեառնիէն, ապստամբ ուժերը կը խուժեն Երեւան: Անոնց կը միանան մայրաքաղաքի ու Զանգիբասարի զինեալները: Անոնց միահամուռ կրակին տակ կը խորտակուի Երեւանի բոլշեւիկեան ուժերու դիմադրութիւնը: Ջախջախուած ու խուճապահար կը փախչին դէպի Շարուր: Յաղթական ապստամբները կը գրաւեն պետական հաստատութիւնները եւ բանտը, ազատելով մահուան սարսափ ապրող հայ ղեկավարութիւնը: Եռագոյնը կրկին կը ծածանի Երեւանի շէնքերուն վրայ եւ Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէն կը յայտարարուի ազատագրուած Հայաստանի կառավարութիւն:

Կարճ կը տեւէ Հայաստանի այս վերջին անկախութիւնը: Վրաստանը գրաւելէ ետք, բոլշեւիկները Փետրուար 25ին Թիֆլիսի մէջ Խորհրդային իշխանութիւն կը հաստատեն ու իրենց ուշքը դէպի Հայաստանի կ’ուղղեն: Անոնք կը համախմբեն բոլշեւիկեան ցրուած զինուորական ուժերը եւ Կարմիր բանակի օգնական զօրքի հետ միասին, հիւսիսէն եւ հարաւէն կ’արշաւեն երեւանի վրայ: Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէի ուժերը բուռն դիմադրութիւն ցոյց կու տան: Բոլշեւիկներու գերազանց թիւով բանակը սակայն կը յաջողի խորտակել հայոց դիրքերը եւ կը մօտենայ Երեւանին:

Նոր արիւնահեղութենէ խուսափելու եւ հայ ժողովուրդին յաւելեալ տառապանք խնայելու նպատակով, կառավարութիւնը կ’որոշէ հեռանալ: Ապրիլ 2ին, կառավարութեան անդամներ, անուանի մտաւորականներ, զօրք ու ժողովուրդ՝ շուրջ 10, 000 հոգի, ձիւներու մէջէն, կը մեկնին Երեւանէն: Բաշ Գեառնի, Միլլի Ձորի, Դարալագեազի վրայով, անհուն դժուարութիւններ յաղթահարելով, յաճախ զիրենք հետապնդող բոլշեւիկ զօրքին դէմ պաշտպանուելով, անոնք կը հասնին անկախ Սիւնիք…

Հայաստանի կրկին անգամ կ’իյնայ բոլշեւիկներու բռնապետութեան տակ:

-«18 Փետրուար 1921. Հայ ժողովուրդի Ըմբոստ Ոգիին Շղթայազերծումը՝ Ազատատենչ Եւ Արդարադատ»-Նազարէթ Պէրպէրեան

-«Փետրուարեան ապստամբութեան անկապտելի ոգին»-Ն.

«Փետրուարեան ապստամբութեան խոստումով»-Սեդօ Պոյաճեան

https://www.youtube.com/watch?v=Lz3wKR4ddUU