Խանասորի արշաւանք

25 Հուլիս , 1897

Վասպուրականի 800 երիտասարդներու կոտորածը ծանր հարուած կ’ըլլայ հայ յեղափոխական շարժման համար: Հայութիւնը կը յուսալքուի եւ յեղափոխութեան հանդէպ անոր հաւատքը կը սկսի տկարանալ:

Հ.Յ.Դ. Ռայոնական ժողովը՝ գումարուած 1896ի վերջաւորութեան, կ’որոշէ զինուորական մեծ գործողութեամբ պատժել հայ յեղափոխականներու ջարդարար քիւրտ Մազրիկ ցեղը: Արշաւանքի ծրագրի հեղինակը Նիկոլ Դումանն է:

Ամիսներու լուրջ պատրաստութենէ ետք կը կազմըւի 250 հոգիէ բաղկացած արշաւախումբ մը, որուն հրամանատար կը նշանակուի Սարգիս Մեհրապեան:

1897 Յուլիս 2ի գիշերը Սալմաստի շրջանի Հավթւան գիւղին մէջ ֆետայիները կ’ընեն իրենց երդումը եւ ֆետայի քահանայէն կը ստանան իրենց օրհնութիւնը: Հրամանատարը կը շեշտէ արշաւանքին կարեւորութիւնը, Նիկոլ Դուման կը յիշեցնէ ֆետայիի վեհանձնութիւնը՝ «կանանց եւ երեխաներուն ձեռք տալու չէ վրիժարու քաջ ֆետան»:

Բարձր տրամադրութեամբ արշաւախումբը կը մեկնի, կ’անցնի թուրք-պարսկական սահմանը, եւ Յուլիս 25ի առաւօտեան արշալոյսին կը պաշարէ Խանասորի դաշտին վրայ կայք դրած Մազրիկ ցեղի վրանները: Ամբողջ օրը հայ մարտիկները հերոսական կռիւ մղելէ ետք երբ արդէն ծանր հարուած տուած կ’ըլլան քիւրտ աւազակախումբին, նահանջելով կ’անցնի սահմանը եւ կը վերադառնան Պարսկաստան:

Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը 20 թանկագին զոհեր կու տայ այս արշաւանքի ընթացքին, որոնց մէջ են աննման Կարոն (Արիստակէս Զօրեան) եւ Կրէտացին (Աստուածատուր Միրզայեան):

Թիւով եւ տարողութեամբ արշաւանքը կը հանդիսանայ Հ.Յ. Դաշնակցութեան առաջին եօթնամեակի ամենէն ծաւալուն ձեռնարկը: Անոր ձգած տպաւորութիւնը մեծ կ’ըլլայ: Դէպի յեղափոխութիւն հայուն հաւաքը կը վերահաստատուի: Ան կ’ըլլայ նաե՛ւ խիստ ազադարարութիւն քիւրտերուն, որոնք ատկէ ետք յարգանքով կը լեցուին ջան-ֆետայիներուն նկատմամբ:

«Խանասորի Արշաւանքին յեղափոխական դասերը»-Ն.