Ստեփան Զօրեան - Ռոստոմ, Քոթոթ

Ծնած՝ Գողթնի Ցղնա գիւղը: Կը յաճախէ Մոսկուայի գիւղատնտեսական ճեմարանը, ուրկէ կը հեռացուի որպէս յեղափոխական:
Թիֆլիսի մէջ կը դառնայ հիմնադիր ու գործօն դէմք Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան: Կ’անցնի Ժընեւ, ուր կը վարէ «Դրօշակ»ի գործերը, իբրեւ խմբագիր, գրաշար եւ ցրուիչ: Կազմակերպչական գործով, որպէս «սամովար»ի վաճառական կը գտնուի Կարին, ուր եւ կը հիմնէ ուսանողական միութիւններ:
Կը հաստատուի Պուլկարիա, Դաշնակցութեան եւ մակեդոնական յեղափոխականներու միջեւ համագործակցութիւն ստեղծելու՝ ընդդէմ Սուլթան Համիտի լուծին, հոն, իր կնոջ՝ Լիզա Մելիք Շահնազարեանի հետ կը հիմնէ հայ վարժարան մը:
Կովկասի մէջ կը մասնակցի Հայ-թաթարական կռիւներուն: Պարսկաստանի յեղափոխութեան ատեն կը բանակցի պարսիկ յեղափոխականներու հետ: Աւելի ուշ կը ղեկավարէ Բաքուի ինքնապաշտպանութիւնը:
Կը մահանայ բծաւոր տիֆէ, Թիֆլիս, 52 տարեկանին:
-Ռոստոմ եւ Արամ (քանի մը գիծեր)-«ԴՐՕՇԱԿ»
-«Ստեփան Զօրեան. Հայ Յեղափոխականի Ամբողջական Մարմնաւորումը»-Ն.
-«Ռոստոմ. Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջական ազատագրումին ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ դարբինը»-Ն.
-«Ռոստոմ. Հայ ժողովրդի ամբողջական ազատագրութեան առաքեալը»-Ն. Պէրպէրեան
-«Դաշնակցության միտքը, կամքն ու խիղճը. Ռոստոմին յիշելիս». Արամ Շահնազարեան
https://www.youtube.com/watch?v=6oL12_x9YeE