ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Ռոստոմ. Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջական ազատագրումին ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ դարբինը

18 Հունվար 2013

Այսօր՝ Յունուար 18ին, կը նշենք ծննդեան տարեդարձը մեր ժողովուրդի բացառիկ ծնունդներու համաստեղութեան մէջ իր ուրոյն տեղն ու պայծառ ճակատը նուիրագործած հայ մեծ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆին, որ անմահացաւ ՌՈՍՏՈՄ անունով՝ հայոց սերունդներուն կտակելով Ազգի եւ Հայրենիքի ամբողջական ու լիիրաւ ազատագրութեան մեծագոյն տեսլականը, անոր ձեռքբերման համար գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու իր կենդանի եւ առաջնորդող օրինակը վարակիչ դարձնելով։

Ռոստոմի անձնազոհ կեանքին ու հայակերտ գործին, յեղափոխական նկարագրին ու երկաթեայ կամքին նուիրուած այս յուշատետրի իւրաքանչիւր էջը ոչ միայն Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդի կրտսերագոյն եւ, համեմատաբար, ամէնէն երկարակեաց ներկայացուցիչը մեծարելու առիթ է, այլեւ ու մանաւանդ հայոց սերունդներուն ազգային-քաղաքական ինքնաճանաչողութիւնը վերաթարմացնելու, խորացնելու եւ զարգացման իր հարազատ հունով յառաջ մղելու հաղորդութեան պահ է։

Ռոստոմի ծննդեան 146րդ տարեդարձը թող նշենք լուսարձակի տակ առնելով Հայկական Յեղափոխութեան անզուգական Ուսուցիչի իր առաջնորդող օրինակը, որ գործքով, խօսքով եւ գրիչով լուսաւորեց հայ ազգային-ազատագրական շարժման դժուարին, արիւնալի՛ ուղին։ «Վնասակար տարրեր»ու դէմ 1890ականներու վերջերուն Ռոստոմի հնչեցուցած ահազանգը մինչեւ այսօր ազգային-քաղաքական մեր վերածնունդը ներքին ցեցերէն պաշտպանելու այժմէական պատգամ է։ Ժամանակները, պայմանները եւ հրամայականները բնականաբար կը փոխուին, բայց Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջական ու լիիրաւ ազատագրումին համար շարունակուող պայքարը այսօր ալ կը դիմագրաւէ ազգային ինքնամաքրման անհրաժեշտութիւնը, որ Ռոստոմի բառերով՝

Ամէն անգամ, երբ յեղափոխական փոքրամասնութեան անձնազոհ, տոկուն եւ անվհատ գործունէութեան շնորհիւ յեղափոխական կազմակերպութիւնը ձեռք է բերում ուժ եւ ազդեցութիւն, կեանքի մէջ ստեղծւում է հաւատ դէպի գործի յաջողութիւնը եւ հարթւում է որոշ աստիճանով յեղափոխական ուղին, ամէն անգամ էլ հասարակութեան տարբեր խաւերի մէջ իրարանցում է ընկնում։ Բայց ընդհանրութեան յեղափոխական ոգու բարձրանալուն հետ միատեղ, ամէն մի տեղից վերկացող բախտախնդիր, ամէն մի վաշխառու, կեղեքիչ, մինչեւ իսկ մատնիչներ, դաւաճաններ, մի խօսքով՝ ամէն տեսակ սողուններ, որոնք գիտեն հիանալի կերպով յարմարուել հանգամանքներին եւ ամէն տեսակ ջրերում ձուկ որսալ, ասպարէզ են դուրս գալիս իբրեւ «յեղափոխականներ» կամ յեղափոխութեան համակրող բարեկամներ։

Վնասակար են այդ սողունները այդպիսի րոպէներում, երբ փքուն խօսքեր փչելով ու փարիսեցիական ձեւեր բանեցնելով՝ շահագործում են ամբոխի դիւրահաւատութիւնը ու տգիտութիւնը։

Իսկ անտանելի են, ցաւ ու պատուհաս են դրանք յեղափոխական շարժման համար այն ժամանակ, երբ յեղափոխութիւնը կրում է ժամանակաւոր անյաջողութիւն եւ սկսում են տիրել աւելի վատթար պայմաններ յեղափոխական գործիչների համար։ Այդ ժամանակ այդ զազրալի արարածները սուս ու փուս քաշւում են իրենց բները, եւ արդէն «խոհեմութիւն», «հեռատեսութիւն», «ժողովրդավարութիւն», «միութիւն» եւ այլ դիմակների տակ դարձեալ շարունակում են խաղալ ժողովրդի հետ՝ աշխատելով մի կերպ քողարկել իրենց իսկական գոյնը։ Շարունակելով կրել «յեղափոխական», «ազգասէր» տիտղոսները, դրանք դառնում են իսկական յեղափոխական գործի ամենավնասակար խոչընդոտներ։

Այդ արարածները աղբեր են, որոնք մեծ ու փոքր կոյտերով, տեսակ-տեսակ բուրմունքներով եւ գոյներով թափուած յեղափոխական ճանապարհի վրայ՝ ապականում են յեղափոխական միջավայրը։

Ամէն մի յեղափոխական գործիչ ստիպուած է ժամանակ առ ժամանակ թողնել իր բուն գործը եւ զբաղուել այդ աղբերով, որոնք ընկնում են ոտքերի տակ եւ խանգարում իր կանոնաւոր ընթացքը։

Ժամանակ առ ժամանակ, կամայ-ակամայ նա իւր վրայ պէտք է առնի այդ զզուելի աշխատանքը՝ իմանալով հանդերձ, որ իւր ցախաւելի հէնց առաջին հարուածից այդ կոյտերը միանգամից կը բացուեն եւ կը լցնեն օդը իրենց գարշահոտութիւններով։

Արձակուած բամբասանքների, զրպարտութիւնների, ինտրիգաների մթնոլորտի միջով պէտք է դիմի յեղափոխական իսկական գործիչը դէպի իւր բուն նպատակը։

Դաշնակցութեան աւագ հիմնադրին՝ Քրիստափորի նման, Ռոստոմ եւս հայոց պատմական Գողթն գաւառէն էր. ծնած էր Ցղնա գիւղը 18 Յունուար 1867ին։ Նահապետական ու բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ էր եւ, անձնապէս, կեանքէն դառնանալու պատճառներ ունեցած չէր։ Բայց զգայուն հոգի ունէր եւ անսահման պաշտամունքի հասնող մարդասիրութեամբ ու այլասիրութեամբ լեցուած էր։ Անանձնական այդ հոգեկերտուածքը ծայր աստիճան հոգածու դարձուց Ռոստոմին նախ իր շրջապատին եւ, ապա, աւելի լայն ընդգրկումով, ամբողջ հայ ժողովուրդին բաժին հանուած դառն ճակատագրին նկատմամբ. ծանր տարաւ եւ բնաւ չհանդուրժեց հայութեան բաժին հանուած երեւութապէս ընկերային-հասարակական, իսկ խորքով ազգային անարդարութիւնները՝ արեւելեան թէ արեւմտեան Հայաստանի տարածքին, Ցարական թէ Օսմանեան բռնատիրութեանց կողմէ, թրքական թէ ռուսական, վրացական թէ թաթար¬ազերիական այլամերժ ազգայնամոլութեան հետեւանքով։

Ուսման անյագ ծարաւ ունէր եւ իր պատանեկան ու երիտասարդական կեանքը անխոնջ վազք մը եղաւ դէպի աղբիւրը լոյսին՝ ծննդավայր գիւղի ծխական դպրոցէն մինչեւ Թիֆլիսի Բէգլարեան մասնաւոր դպրոցն ու պետական ռէալական վարժարանը եւ, այնուհետեւ, Վարշաւայի մերձակայ Նովօ-Աղեքսանդրեան Գիւղատնտեսական Ճեմարանէն մինչեւ Մոսկուայի Պետրովսկայա Գիւղատնտեսական Ճեմարանը։ Թէեւ բնագիտական եւ ուսողական գիտութիւններու մէջ փայլուն արդիւնքի կը հասնէր, այսուհանդերձ՝ հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի անյագ ծարաւը բաւարարելու ոչ մէկ պատեհութիւն կը փախցնէր։ Այդ առումով ալ, մտաւորական իր կազմաւորումով եւ աշխարհայեացքով, Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին ամէնէն մարքսիստ դէմքը ըլլալով հանդերձ՝ Ռոստոմ միաժամանակ եւ անվիճելիօրէն եղաւ հայ ժողովուրդի ազգային հոգեմտաւոր ժառանգութեան ամէնէն աւելի քաջածանօթ եւ հաղորդ ներկայացուցիչը Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին մէջ։

Աւելի՛ն. ուսանողական շրջանէն սկսեալ, իր մարմնական յաղթանդամ կազմուածքին համար ընկերներուն կողմէ «քոթոթ» անուանուած Ռոստոմը, խաղերու եւ զուարճանքի վրայ ժամանակ կորսնցնելու փոխարէն՝ միշտ հետամուտ եղաւ ինքնազարգացման. ինչպէս Վրացեան կը վկայէ, Ռոստոմ թէեւ շատ կարդացող չէր, բայց իր կարդացածը առաւելագոյնս մարսող ու իւրացնող էր։ Ժամանցն ու զուարճանքը, Ռոստոմի համար, երգն ու ասմունքն էին՝ հայ թէ օտար ժողովրդական երգերէն ու ասքերէն յատկապէս յեղափոխական շունչով գործերու մեկնաբանութեամբ. կենսագիրները կը վկայեն, օրինակ, որ անգիր գիտէր ու կþասմունքէր ռուսական դիւցազներգութեան դասականներէն «Թարաս Պուլպա»ն։

Պատահական չէր, հետեւաբար, որ ինչպէս Յովսէփ Տէր-Դաւթեան կը յիշատակէ Ռոստոմի նուիրուած իր յուշերուն մէջ, մահուան սնարին մէջ «պառկելուց երկու օր յետոյ, նա յիշեց Եկմալեանի «Հայր Մեր»ը եւ շարունակ երգում էր՝ պնդելով, որ «Հայր Մեր»ը ամենագեղեցիկ ներդաշնակութիւնն է։ Խնդրեց, որ գտնենք այդ հազուագիւտ հրատարակութիւնը եւ իր կողմից նուէր ուղարկենք Ընկերվարական Միջազգային Բիւրոյի քարտուղար Հիւսմանսին, որը շատ գնահատում էր հայկական եկեղեցական երգերը»։

Թէեւ ներկայ ալ չէր եղած 1890ի ամրան կայացած Հ.Յ.Դ. հիմնադիր ժողովին՝ Մոսկուայի մէջ ուսանողական բողոքի ցոյցերուն իր գործուն մասնակցութեան համար Ցարական իշխանութեանց կողմէ իր ծննդավայրը աքսորուած ըլլալով, այսուհանդերձ՝ Ռոստոմի շեշտակի դրոշմին կը հանդիպինք ոչ միայն Դաշնակցութեան կազմութիւնը նախապատրաստող խմորումներուն, այլեւ՝ Հ.Յ.Դ. պատմութեան առաջին երեսնամեակի գլխաւոր բոլոր էջերուն վրայ։

Ռոստոմի ձեռագրով էր, որ 1890ին հիմնուած Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը 1892ին վերածուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։

Ռոստոմի գրիչով էր, որ նորաստեղծ Դաշնակցութեան անդրանիկ Ծրագիրը իր աւարտուն տարազումը ստացաւ՝ Քրիստափորի եւ Զաւարեանի միասնական ստորագրութեամբ ճամբայ հանուած ծրագրային «Այբուբեն»ը ամբողջացնելով իբրեւ «Ընդհանուր Տեսութիւն» ու Հ.Յ.Դ. Ծրագիր։

Նոյնպէս Ռոստոմի ձեռքն է, որ կþերեւի Դաշնակցութեան Զինանշանի լուսապատկերին վրայ՝ ամրօրէն բռնելով ու միաձուլելով հայ մշակին, մտաւորականին եւ ռազմիկին ազգային ու յեղափոխական միասնութիւնը խորհրդանշող բահը, սուրն ու փետրագրիչը։

Ռոստոմի նախաձեռնութեան կամ ղեկավարման կը պարտինք, յաջորդաբար եւ թւումի կարգով՝

1) Դաշնակցութեան առաջին զինագործարանին հզօրացումը Սալմաստի մէջ։

2) Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի հրատարակութեան ապահովումն ու կանոնաւորումը։

3) 1890ականներու երկրորդ կիսուն Երկրի տարածքին դպրոցական ցանցի ընդարձակումն ու ուժեղացումը։

4) Նոյն ժամանակաշրջանին, Պալքաններու մէջ եւ ընդհանրապէս Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին, յանուն ազգային ազատագրութեան, ժողովրդավարութեան եւ ընկերային արդարութեան հաստատման պայքարող շարժումներու հետ ռազմավարական գործակցութեան առաջացումը։

5) 1903ին հայ եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման եւ ընդհանրապէս ռուսացման հետամուտ ցարական քաղաքականութեան դէմ համաժողովրդային շարժման շղթայազերծումը եւ, այդ նպատակով, Խրիմեան Հայրիկին ուժ եւ նեցուկ տալով՝ համազգային ծառացման կազմակերպումը։ Ազգային ըմբոստացման այդ շարժումին շուտով պիտի հետեւէր Դաշնակցութեան կողմէ որդեգրումը «Կովկասեան Նախագիծ»ին, որուն դարբինը եղաւ Ռոստոմ, Արեւմտահայութեան ազգային-ազատագրումի Դատին զուգահեռ յառաջ մղելով նաեւ Արեւելահայութեան ընկերային ազատագրումի դատը՝ առաջքը առնելու համար «Առանց հայու Հայաստան» ունենալու ցարական կործանարար քաղաքականութեան։

6) 1905ին ցարական իշխանութեան հրահրած հայ-թաթարական ընդհարումներու ընթացքին, հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան գործին ընդհանուր ղեկավարումը։

7) 1907ի Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովին Դաշնակցութեան ներքին միասնութեան պահպանումն ու աւելիով ուժեղացած վերականգնումը՝ աջէն թէ ձախէն Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայ ազատագրական շարժման սպառնացող պառակտումի փորձերուն եւ սադրանքներուն դէմ։

8) 1908ին Դաշնակցութեան յարումը Ընկերվար Միջազգայնականին եւ, զուգահեռաբար, համագործակցութեան քաղաքական դաշինքի ստորագրութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին գործող այլազգի յեղափոխական եւ ընդդիմադիր շարժումներուն հետ՝ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակման նախօրէին։ Նաեւ՝ Պուլկարիոյ մէջ Դաշնակցութեան Զինուորական Դպրոցին հիմնումին։

9) Նոյն շրջանին բռնկած Պարսկական Սահմանադրական շարժման եւ յեղափոխութեան Դաշնակցութեան գործօն մասնակցութիւնը՝ Ռոստոմի քաղաքական առաջնորդութեամբ եւ Եփրեմի ու Նիկոլ-Դումանի մարտական հրամանատարութեամբ։

10) Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակման հետեւած համեմատական խաղաղութեան ամբողջ շրջանին, Կարինը կեդրոն ընտրելով, Երկրի տարածքին կրթական եւ հասարակական-մշակութային կեանքի յաղթաքայլ աշխուժացումին։

11) 1913ի Պալքանեան պատերազմի ընթացքին, Դաշնակցութեան որոշումով, հայ կամաւորականներու նշանակալից մասնակցութիւնը՝ Ռոստոմի նախաձեռնութեամբ եւ Անդրանիկի ու Նժդեհի հրամանատարութեամբ։

12) Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին, հակառակ անոր որ Ռոստոմ ինք դէմ էր քաղաքական այդ քայլին։ Ռոստոմ կը նախընտրէր հակացարական պայքարի լծուած յեղափոխական ուժերուն հետ Դաշնակցութեան գործակցութիւնը խորացնել ու ամրապնդել։ Բայց իր իսկ քարոզած երկաթեայ կարգապահութեան սկզբունքին տէր կանգնելով, ամբողջապէս նուիրուեցաւ Կամաւորական Շարժման հզօրացման գործին։

13) Ռուսական մեծ յեղափոխութեան ամբողջ շրջանին, հայ ժողովուրդին ազգային իրաւունքներն ու պահանջները ներկայացնելու եւ պաշտպանելու, մանաւանդ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան դատը սահմանադրականօրէն ամրագրելու գործին մէջ անփոխարինելի եղաւ Ռոստոմի ներդրումը, որ պսակուեցաւ Պաքուի Հերոսամարտին իր ղեկավար մասնակցութեամբ ու պոլշեւիկներու ղեկավար Ստեփան Շահումեանի հետ զինակցութեան կնքումով՝ ընդդէմ թուրքեւթաթար ջարդարար ներխուժման։

Ահա՛ սոսկ թուարկումը այն ներդրումներուն, որ Ռոստոմի դրոշմով Դաշնակցութիւնը ունեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան 1890էն մինչեւ 1919 թուականի Յունուար 19ի Ռոստոմի վաղաժամ մահը երկարող երեսնամեակին։

Ներդրումներ, որոնք Ռոստոմին դափնեպսակը կազմեցին եւ անմահութեան արժանացուցին Ստեփան Զօրեան անուն-ազգանունով ծնած եւ Հայաստանի ու հայութեան ամբողջական ազատագրութեան ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ դարբինը մարմնաւորած ՌՈՍՏՈՄը։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
ՀՅԴ Հայ դատի կենտրոնական խորհրդի հայտա

ՀՅԴ Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը խստորեն դատապարտում է Ադրբեջանի իշխանությու

23 Ապրիլ 2026
Ուրուկուայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 1

Հայոց Ցեղասպանութեան 111 ամեակի ոգեկոչում Արտաքին Գործոց Նախարար Մարիօ Լուպեթգ

23 Ապրիլ 2026
Ցեղասպանության թեման շարունակում է մնա

Հայոց ցեղասպանության հարցը շարունակում է մնալ ոչ միայն Սփյուռքի, այլև Հայաստան

22 Ապրիլ 2026
Քալիֆորնիայի օրէնսդիրները Թրամփից պահա

Երկկուսակցական Քալիֆորնիայի Հայկական Օրէնսդրական Խմբակցութեան նամակը պահանջում

22 Ապրիլ 2026
Այս այցելությունն ապացուցեց, որ մենակ

2026 թ-ի ապրիլի 11-12-ը Փարիզում կայացել է Սփյուռքի ազգային զորաշարժի խորհրդաժ

22 Ապրիլ 2026
Արեւմտեան Ամերիկայի ազգային երեք կուսա

Հայոց Ցեղասպանութեան 111րդ տարելիցին առթիւ, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցու

22 Ապրիլ 2026
Պաշտոնական Հայաստանը շարունակում է ցեղ

Սա հերթական կանաչ լույսն է ցեղասպանի համար, ճիշտ այն կանաչ լույսը, որ վառեց Փա

22 Ապրիլ 2026
Լիբանան Եւ Հայաստան. Երկու Անորոշ Վիճա

Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններու երկրորդ հանգրուանը պիտի ի

22 Ապրիլ 2026
Ակնարկ. Հորմուզ, Ծովային Պաշարում Եւ Չ

Իսլամապատ 2-ի ճակատագիրը փաստօրէն անորոշութեան մատնուեցաւ, երբ պաշտօնական Թեհր

22 Ապրիլ 2026
Սփյուռքի զորաշարժը՝ Հայաստանը Փաշինյան

2026 թվականի ապրիլի 11-12-ը Փարիզում կայացավ Սփյուռքի ազգային զորաշարժին նվիրվ

21 Ապրիլ 2026
Ապրիլ 24-ը Երէկ Ու Այսօր

Այսօրուան Միջին Արեւելքը իր ամբողջ անկայունութեամբ կը յիշեցնէ այն աշխարհաքաղաք

21 Ապրիլ 2026
Ապրիլի 23-ին կկայանա Հայոց ցեղասպանութ

Հայոց ցեղասպանության 111-րդ տարելիցին ընդառաջ՝ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական և «

20 Ապրիլ 2026
Հայոց ցեղասպանության օրակարգի փոփոխութ

ՀՅԴ Կանադայի Հայ դատի պատասխանատու Սևակ Բելյանը Սևակ Բելյանն Alpha News-ի հետ

20 Ապրիլ 2026
Արցախի հարցը՝ օրակարգում

Արցախի հարցը շարունակվում է համահայկական ազգային ուժերով միջազգային օրակարգում

20 Ապրիլ 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակներ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին առիթով նամակներ

20 Ապրիլ 2026
Խմբագրական. Վերաբանաձեւուած Նախապայման

Անթալիոյ մէջ կայացած դիւանագիտական ֆորումին ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց ն

20 Ապրիլ 2026
Ծիծեռնակաբերդի հուշահամալիրն իր պատմու

Իսկ Հայոց Ցեղասպանության անմեղ զոհերի հիշատակը հավերժացնող Ծիծեռնակաբերդի հուշ

19 Ապրիլ 2026
Ակնարկ.- Արդեօ՞ք վիրաւորական խօսքը կը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւնը՝ «չեմ մտածում՝ Հայաստանի Հանրա

18 Ապրիլ 2026
Բելգիայի Դաշնային խորհրդարանը արցախահա

Հայ դատի Եվրոպայի գրասենյակը ողջունում է Բելգիայի Ներկայացուցիչների պալատի կող

18 Ապրիլ 2026
ՔոնկրԷսին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ցեղասպանութ

Հանդիսավարն էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան նախկին բարձրաս

18 Ապրիլ 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company