Ուրուկուայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 111 ամեակի ոգեկոչման միջոցառում
23 Ապրիլ 2026
Հայոց Ցեղասպանութեան 111 ամեակի ոգեկոչում Արտաքին Գործոց Նախարար Մարիօ Լուպեթգին եւ Ներկայացուցիչներու Պալատի Նախագահ Ռոտրիկօ Կոնյի-ի մասնակցութեամբ
Չորեգշաբթի 22 Ապրիլին, ինչպէս 25 տարիէ ի վեր կը կատարուի, Ուրուկուայի Խորհրդարանի ձեռնարկներու յատուկ հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111 ամեակին նուիրուած միջոցառումը, կազմակերպուած Ուրուկուայի Խորհրդարանի Նախագահի եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նախարարներ, փոխ նախարարներ, պատգամաւորներ, ծերակուտականներ, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, Ուրուկուայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Յակոբ Արք. Գլնճեան, Ուրուկուայի մէջ ՀՀ Դեսպան Մարիամ Գեւորգեան, Ուրուկուայի մէջ ՀՀ Հիւպատոս Գոհար Մինասեան, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Միջոցառման ընթացքին կարդացուեցաւ Ուրուկուայի Փոխ Նախագահ Գարոլինա Գոսսէ-ի ուղերցը:
Ձեռնարկի բացումը կատարեց Ներկայացուցիչներու Պալատի Նախագահ Ռոտրիկօ Կոնյի, որ իր ելոյթի ընթացքին ըսաւ թէ՛ «Այս ոգեկոչման արարողութիւնը միայն 1965 եւ 2004 թուականներու օրէնքներու վերահաստատում մը չէ, այլ նաեւ այն, որ մեր երկրին դիրքորոշումը կը մնայ հաստատ՝ «Այլեւս երբեք»-ի ձգտումով»։
Յաջորդաբար խօսք առաւ երկրիս Ա.Գ. Նախարար Մարիօ Լուպեթգին, որ ըսաւ՛«Ուրուկուայը ոչ միայն կը խրախուսէ Մարդու Իրաւունքներու երաշխաւորումն ու ամբողջ հայ ժողովուրդի անվտանգութիւնը, ներառեալ անոնք, որոնք ենթարկուած են տեղահանութեան եւ ազատազրկման, այլ նաեւ կը խրախուսէ հայկական պետութեան մը հզօրացումը: Ուրուկուայը չի բանակցիր Մարդու Իրաւունքներուն հետ, ոչ ալ՝ մոռացութեան հետ։ Ուրուկուայցիներուն համար Ապրիլ 24-ը մեր ազգային ինքնութեան վերահաստատումն է՝ որպէս ապաստանի եւ արդարութեան երկիր: Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ, որպէսզի “Այլեւս Երբեք”-ը վերածուի իրականութեան»:
Շարունակելով ձեռնարկը, խօսք առաւ յայտնի բանաստեղծ, լրագրող, Ուրուկուայի “Le Monde Diplomatique”-ի տնօրէն Ռոպերթօ Լօփէս Պէժոսօ-ն, ով նշեց թէ ինչպէս «Հայոց Ցեղասպանութեան Թուրքեայի կողմէ ժխտողականութիւնը ներկայիս կ՛արտայայտուի որպէս անոր արտաքին քաղաքականութեան կեդրոնական բաղադրիչ մը։ Միջազգային իրաւունքը միակ տարածքն է, ուր Հայաստանի կամ Ուրուկուայի նման երկիրներ կարող են գտնել այս ոճիրներու չկրկնուելու ակնկալիքը» ըսաւ Լօփէս Պէժոսօ, ով աւարտեց յուշելով հայ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցին:
Ուրուկուայի Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի խօսքը բերաւ Կարինէ Տէր Մարգարեան, դատապարտելով Հայաստանի Հանրապետութեան խոցելի իրավիճակը Թուրքիայի եւ Ատրպէյճանի յարձակումներուն դիմաց, որոնք կը փորձեն փաստացի հսկողութիւն պարտադրել երկրի անկախումթեան վրայ, եւ պաշտպանեց Ուրուկուայի որդեգրած ուղին՛ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին նկատմամբ կատարուած ցաւալի կասկածներուն դիմաց: Նշեց թէ՛«Այս ձեռնարկը ամէն տարի դարձած է այնպիսի հարթակ մը, ուր Ուրուկուայի Խորհրդարանը վերստին կը բանայ իր դռները հայ համայնքին եւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Մեր դիմագրաւած այս դժուար ժամանակներուն մէջ, Ուրուկուայի օրինակը կը շարունակէ յոյս ներշնչել աշխարհի տարածքին հայ սերունդներուն, որոնք այս դարաւոր բարեկամութեան պտուղներուն մէջ կը տեսնեն անպատժելիութեան դէմ իրենց պայքարը շարունակելու ուղի մը»։

