Սէյտօ Պօղոս
![](https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2019/02/Սէյտօ-Պօղոս-1024x576.jpg)
Ծնած՝ Մշոյ Ալվառինջ գիւղը: Ֆետայի, խմբապետ:
Պատանի տարիքին չախմախլի հրացան մը ձեռք ձգելով կ’ահաբեկէ քիւրտ աւազակ մը, կը դառնայ փախստական, կը միանայ ֆետայիներուն: Կը մասնակցի սասնոյ բազմաթիւ կռիւներուն. Գէորգ Չաւուշի եւ Անդրանիկի հետ կ’անցնի Աղթամար կղզին:
Հայ-թաթարական կռիւներուն, Սէյտօն իր խումբով ստոյգ ջարդէ կը փրկէ Հին Նախիջեւանի Խանըխլար շրջանը, ժողովուրդի պաշտամունքի առարկայ դառնալով: Ռուբէնի պահանջքով Սէյտօ կը վերադառնայ Մուշ: Կը մասնակցի Սուլուխի կռիւին:
Սէյտօ եւ ֆետայի Ջնդօ կ’ընկերանան Գանձակեցի Զաւէնի՝ հանդիպում մը ունենալու համար «բարեկամ» քիւրտ Ղասըմ Պէկի հետ, Արտօնք գիւղը խրճիթի մը մէջ: Քնացած պահուն երեքն ալ դաւադրաբար կը սպանուին:
Սէյտօ շուրջ 33 տարեկան էր: