ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Պատմութիւն, իրադարձութիւններ, գործիչներ

1-5 Մայիս 1920, Հայաստա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն. ­Մա­յի­սեան խռո­վու­թեանց դառն դա­սե­րը

01 Մայիս 2019 Մա­յի­սի ա­ռա­ջին օ­րե­րը, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ե­ղան պատ­մա­կան մեծ նշա­նա­կու­թեամբ յատ­կան­շո­ւող տագ­նա­պա­լի եւ դա­ժան օ­րեր՝ բախ­տո­րոշ անդ­րա­դարձ ու­նե­նա­լով նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հե­տա­գայ ըն­թաց­քին վրայ։

Մա­յիս 1ի Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան Օ­րո­ւան տօ­նախմ­բու­թիւն­նե­րը, 1920ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ սկսան ար­տա­սո­վոր ծանր մթնո­լոր­տի մէջ։ ­Քա­նի մը օր ա­ռաջ՝ 28 Ապ­րի­լին խորհր­դայ­նա­ցած Ատր­պէյ­ճա­նի կար­միր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը վերջ­նա­գիր յղած էին վար­չա­պետ Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան՝ պա­հան­ջե­լով, որ հայ­կա­կան բա­նա­կը պար­պէ ­Ղա­րա­բաղն ու ­Զան­գե­զու­րը կար­միր բա­նա­կա­յին­նե­րու մուտ­քին առ­ջեւ։ Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ կա­ռա­վա­րա­կան-պաշ­տօ­նա­կան շու­քով կա­տա­րո­ւող ­Մա­յիս ­Մէ­կի հան­դի­սու­թեանց հե­տե­ւող ժո­ղովր­դա­յին խուռ­նե­րամ բազ­մու­թիւ­նը անձ­կու­թեամբ կը սպա­սէր իր կա­ռա­վա­րու­թեան պա­տաս­խա­նին։ Կաս­կած չկար, որ հայ­կա­կան բա­նա­կը պէտք չէ լքէր հայ­րե­նի հո­ղը, ընդ­հա­կա­ռակն՝ պար­տա­ւոր էր ա­մէն գնով պաշտ­պա­նել ­Ղա­րա­բա­ղի եւ ­Զան­գե­զու­րի հա­յու­թիւ­նը ատր­պէյ­ճա­նա­կան ներ­խու­ժու­մին դէմ։ ­Բայց Ատր­պէյ­ճան ար­դէն ­Կար­միր ­Ռու­սաս­տա­նի դրօ­շը պար­զած էր եւ ա­նոր ա­նու­նով վերջ­նա­գիր յղած էր ­Հա­յաս­տա­նի։

Հայ­կա­կան անձ­կու­թիւ­նը ու­նէր նաեւ ներ­քին ան­հանգս­տու­թեան աղ­բիւր մը։ Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին Օ­րը տօ­նող հայ աշ­խա­տա­ւոր­նե­րու, յատ­կա­պէս գիւ­ղա­ցի­նե­րու բազ­մա­հա­զա­րա­նոց բազ­մու­թեան մէջ ներ­կայ էին եւ ար­տա­կարգ աշ­խու­ժու­թիւն կը դրսե­ւո­րէին ­Մարք­սի ու ­Լե­նի­նի նկար­ներ պար­զած հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու փոք­րա­թիւ խում­բե­րը, ո­րոնք ­Կար­միր ­Ռու­սաս­տա­նին ուղ­ղո­ւած զօ­րակ­ցա­կան կար­գա­խօս­քե­րու շար­քին՝ նաե՛ւ ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան տա­պա­լումն ու խորհր­դա­յին կար­գե­րու հաս­տա­տու­մը պա­հան­ջող կո­չեր կը վան­կար­կէին…

Մա­յիս ­Մէ­կի ե­րե­ւա­նեան հա­ւա­քը, ան­շուշտ, ան­տե­սեց հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու ան­հե­թեթ կո­չե­րը եւ ցու­ցադ­րա­կա­նօ­րէն, հրա­պա­րակա՛ւ, որ­դեգ­րեց հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին բա­նա­ձեւ մը, որ նախ ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թե­նէն կը պա­հան­ջէր տե­ղի չտալ ատր­պէյ­ճա­նա­կան սպառ­նա­լի­քին առ­ջեւ, ա­պա՝ հա­մո­զում կը յայտ­նէր, որ ­Կար­միր Ռու­սաս­տա­նը ըն­թացք չի տար ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­կա­հայ գրգռու­թեանց։

Լե­նի­նեան ­Ռու­սաս­տա­նին կա­պո­ւած այ­դօ­րի­նակ յոյ­սերն ու ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը ան­հիմն դուրս ե­կան։ ­Քե­մա­լի հետ գաղտ­նի գոր­ծար­քի եւ զի­նակ­ցու­թեան մէջ մտած պոլ­շե­ւի­կեան ­Ռու­սաս­տա­նը ոչ միայն ըն­թացք տո­ւաւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան գրգռու­թիւն­նե­րուն, այ­լեւ՝ ուղ­ղա­կիօ­րէն ինք նա­խա­ձեռ­նարկ ե­ղաւ ­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վրայ կար­միր բա­նա­կա­յին­նե­րու գրո­հին։

Մինչ այդ ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­լա­ծան­քէն փա­խուստ տո­ւած եւ ­Հա­յաս­տան ա­պաս­տա­նած հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րը Անդր­կով­կա­սի հա­մայ­նա­վար ղե­կա­վա­րու­թե­նէն հրա­հանգ ստա­ցան խռո­վու­թիւն­ներ ա­ռա­ջաց­նե­լու եւ ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նաց­ման «պայ­քար»ը սկսե­լու…

Թէեւ քա­ղա­քա­մայր Ե­րե­ւա­նի մէջ մեր ժո­ղո­վուր­դը հաս­տա­տա­կամ կանգ­նե­ցաւ իր կա­ռա­վա­րու­թեան կող­քին եւ պա­հան­ջեց դի­մագ­րա­ւել թէ՛ կար­միր բա­նա­կի ­Զան­գե­զու­րի ուղ­ղու­թեամբ ներ­խու­ժու­մը, թէ՛ հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու ապս­տամ­բա­կան գրգռու­թիւն­նե­րը, այ­սու­հան­դերձ՝ ե­րե­ւա­նէն դուրս, յատ­կա­պէս Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի մէջ (այժ­մու ­Գիւմ­րին), Մա­յիս ­Մէ­կէն սկսեալ պոլ­շե­ւի­կեան խռո­վու­թիւն­նե­րը թափ հա­ւա­քե­ցին։ Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լը յա­ռա­ջա­պա­հը դար­ձաւ ­Մա­յի­սեան խռո­վու­թեանց յատ­կա­պէս այն պատ­ճա­ռով, որ հոն տե­ղա­կա­յո­ւած հայ­կա­կան բա­նա­կի զրա­հա­պատ «­Վար­դան Զօ­րա­վար» գնաց­քին հրա­մա­նա­տա­րը՝ զօ­րա­վար ­Մու­սա­յէ­լեան միա­ցաւ խռո­վա­րար­նե­րուն, ըմ­բոս­տա­ցաւ իր իսկ կա­ռա­վա­րու­թեան դէմ եւ հռչա­կեց ստեղ­ծու­մը Հա­յաս­տա­նի ­Ռազ­մա­յե­ղա­փո­խա­կան ­Կո­մի­տէի մը, ո­րուն ինք­նա­կոչ նա­խա­գահն ու ռազ­մա­կան կո­մի­սա­րը ե­ղաւ ինք՝ զի­նա­կից ու­նե­նա­լով Ա­ւիս ­Նու­րի­ջա­նեանն ու Ար­տա­շէս ­Մել­քո­նեա­նը, իբ­րեւ ար­տա­քին եւ ներ­քին գոր­ծե­րու կո­մի­սար­ներ…

Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի ապս­տամ­բու­թիւ­նը բնա­կա­նա­բար ան­պա­տաս­խան չմնաց։ ­Մա­յիս 3ին ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նը գու­մա­րեց ար­տա­կարգ նիստ, ուր կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան զե­կու­ցեց ­Խորհր­դա­յին Ատրպէյ­ճա­նէն ստա­ցո­ւած վերջ­նագ­րին, ա­նոր ե­տին կանգ­նած ­Լե­նին-­Քե­մալ գաղտ­նի բա­նակ­ցու­թեանց, ինչ­պէս նաեւ ա­նոր ըն­կե­րա­ցող ­Հա­յաս­տա­նի ներ­քին խռո­վու­թեանց ար­տա­քին հրահ­րու­մին մա­սին։ ­Ծայր աս­տի­ճան բուռն քննար­կում­ներ կա­տա­րո­ւե­ցան. խորհր­դա­րա­նի ան­դամ սո­ցիա­լիստ-յե­ղա­փո­խա­կան եւ սո­ցիալ-դե­մոկ­րատ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը հան­դէս ե­կան ­Կար­միր ռու­սաս­տա­նը պաշտ­պա­նո­ղի դիր­քե­րէ՝ պնդե­լով, որ ­Կար­միր ­Բա­նա­կը չ­’եր­թար ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը խոր­տա­կե­լու քայ­լին։ ­Նոյն պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն կող­մէ ե­ղան նաեւ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ, ո­րոնք Մա­յիս ­Մէ­կի եւ ա­նոր հե­տե­ւող օ­րե­րու ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցած խռո­վու­թեանց ար­դա­րա­ցում կը փոր­ձէին գտնել, զա­նոնք նկա­տե­լով հայ աշ­խա­տա­ւոր­նե­րու ըն­կե­րա­յին ար­դար դժգո­հու­թեանց դրսե­ւո­րում­ներ։ ­Բայց ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նը ընդ­հան­րա­պէս կողմ­նա­կից գտնո­ւե­ցաւ ա­ւե­լի վճռա­կան քայ­լե­րու թէ՛ ներ­խու­ժող զօր­քե­րուն եւ թէ ներ­քին խռո­վա­րար­նե­րուն դէմ։

Այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ, ­Մա­յիս 4ին, ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ ներ­քին ընդ­լայ­նո­ւած խորհր­դակ­ցու­թիւն մը՝ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի, վար­չա­պետ Ալ. Խա­տի­սեա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան դաշ­նակ­ցա­կան նա­խա­րար­նե­րուն, ­Հա­յաս­տա­նի Խորհրդա­րա­նի դաշ­նակ­ցա­կան ֆրակ­ցիա­յի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն եւ Հ.Յ.Դ. մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Օ­րա­կար­գի միակ նիւ­թը ե­ղաւ դի­մագ­րա­ւու­մը ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան եւ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան սպառ­նա­ցող օր­հա­սա­կան վտան­գին։ ­Վար­չա­պետ Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի հա­մա­խո­հա­կան (կոա­լի­սիոն) կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը սպա­ռած էր իր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ ե­կած էր պատ­մա­կան պա­հը վճռա­կան դիր­քո­րո­շու­մի եւ հա­մա­պա­տաս­խան քայ­լե­րու։

Հ.Յ.Դ. խորհր­դակ­ցու­թիւ­նը յան­գե­ցաւ միա­հա­մուռ այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, որ հարկ էր պոլ­շե­ւի­կեան ներ­քին խռո­վու­թիւն­նե­րը ի­րենց սաղ­մին մէջ խեղ­դել, միա­ժա­մա­նակ՝ Խորհր­դա­յին ­Ռու­սաս­տա­նի հետ բարձ­րա­գոյն մա­կար­դա­կով բա­նակ­ցու­թեանց մէջ մտնե­լով հան­դերձ, բո­լոր ու­ժե­րով զօ­րաց­նել ­Հա­յոց ­Բա­նա­կին դի­մադ­րու­թիւ­նը ատր­պէյ­ճա­նա­կան կար­միր հա­մազ­գես­տա­ւոր­նե­րու հա­կա­հայ ար­շա­ւան­քին դէմ։

Մա­նա­ւանդ որ պա­տե­րազ­մա­կան նա­խա­րար ­Ռու­բէն ­Տէր-­Մի­նա­սեա­նի հրա­հան­գով՝ Զան­գե­զու­րը, ­Յու­նո­ւա­րէն սկսեալ, օգ­նա­կան ուժ կը հասց­նէր Ար­ցա­խին, ուր նախ մու­սա­ւա­թա­կան, ա­պա՝ կար­միր ա­զե­րի­նե­րու ար­շա­ւանք­նե­րը դա­դար չու­նէին։ Գա­րե­գին Նժ­դեհ ար­դէն ու­ղար­կո­ւած էր ­Զան­գե­զուր, հայ­կա­կան բա­նա­կը լծո­ւած էր ա­րե­ւե­լեան եւ հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան ճա­կատ­նե­րու ամ­րապնդ­ման զօ­րա­շար­ժին եւ Ժա­մա­նակն էր, որ ի­րեն պար­տադ­րո­ւած պա­տե­րազ­մի մէջ յայտ­նո­ւած Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը դի­մէր համա­պա­տաս­խան քայ­լե­րու։

Մա­յի­սեան խռո­վու­թիւն­նե­րը ճզմե­լու ­Մա­յիս 4ի պատ­մա­կան դժո­ւա­րին ո­րո­շու­մին զու­գա­հեռ՝ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը վճռեց իր վրայ վերց­նել ամ­բող­ջա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը նո­րան­կախ հայ­րե­նի­քի պե­տա­կան ղե­կա­վա­րու­մին՝ ըն­դու­նե­լով ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ողջ իշ­խա­նու­թիւ­նը Բիւ­րօ-կա­ռա­վա­րու­թեան ձեռ­քը կեդ­րո­նաց­նե­լու ո­րո­շու­մը։

Յա­ջորդ օ­րը՝ ­Մա­յիս 5ին, վար­չա­պետ Ալ. ­Խա­տի­սեան ­Հա­յաս­տա­նի ­Խորհրդա­րա­նին ներ­կա­յա­ցուց իր հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան հրա­ժա­րա­կա­նը, որ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ։ Խորհր­դա­րա­նը ան­մի­ջա­պէս հաս­տա­տեց նաեւ կազ­մու­թիւ­նը ­Բիւ­րօ-կա­ռա­վա­րու­թեան՝ վար­չա­պե­տու­թեամբ բժիշկ ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի, ­Պա­տե­րազ­մա­կան եւ ­Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րը վստա­հե­լով ­Ռու­բէն ­Տէր-­Մի­նա­սեա­նի։

Ան­մի­ջա­պէս կ­՚ար­ժէ հոս ընդ­հա­նուր գնա­հա­տան­քը կա­տա­րել հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան ղե­կը ամ­բող­ջա­պէս իր ձեռ­քը կեդ­րո­նաց­նե­լու ­Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մա­կան ո­րո­շու­մին։

Խորհր­դա­հայ պատ­մագ­րու­թիւ­նը եւ պոլ­շե­ւի­կեան քա­րոզ­չու­թիւ­նը, ամ­բողջ եօ­թը տաս­նա­մեակ, միայն նզո­վեց պատ­մա­կան այդ քայ­լը՝ իբ­րեւ «հայ աշ­խա­տա­ւո­րու­թեան» եւ ­Ռու­սաս­տա­նի հետ ­Հա­յաս­տա­նի «յա­ւեր­ժա­կան միու­թեան» դէմ ուղ­ղո­ւած «կոր­ծա­նա­րար» ո­րո­շում մը։

Նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման մե­րօ­րեայ շրջա­նին, 1988ի նա­խօ­րէին, 1990ա­կան­նե­րուն թէ հե­տա­գա­յին, մին­չեւ այ­սօր, լսե­լի են հայ քա­ղա­քա­կան մտքի տար­բեր թե­ւե­րէն հնչող ձայ­ներ, ո­րոնք «ու­շա­ցած մար­գա­րէի» դիր­քե­րէն կը քա­րո­զեն այն «ի­մաս­տու­թիւ­նը», որ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը շատ բան կրնար շա­հիլ — ե­ղե՜ր -, ե­թէ 1920ի ­Մա­յիս 4ին ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը կա­մո­վին իշ­խա­նու­թիւ­նը զի­ջէր պոլ­շե­ւիկ­նե­րուն…

Այ­դօ­րի­նակ «ի­մաս­տու­թիւն» քա­րո­զող­նե­րը չեն ու­զեր դաս քա­ղել պատ­մու­թե­նէն։

Չեն անդ­րա­դառ­նար, որ ­Կար­միր Դ­րօշ պար­զե­լու պա­րա­գա­յին ան­գամ, ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը ա­ռանձ­նա­բար տա­լիք չու­նէին լե­նի­նեան ­Ռու­սաս­տա­նին, ո­րուն Անդր­կով­կաս վե­րա­դար­ձի ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը կը հիմ­նո­ւէր ա­ռե­րես խորհր­դայ­նա­ցած Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ­Քե­մա­լա­կան ­Թուր­քիոյ հետ ռազ­մա­վա­րա­կան դա­շին­քի ի­րա­գործ­ման վրայ, ո­րուն գի­նը դա­տա­պար­տո­ւած էին մենք վճա­րե­լու ազ­գո­վին՝ մեր հո­ղե­րէն եւ ան­կա­խու­թե­նէն։

Մա­յիս 5ին, վար­չա­պետ Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հրա­ժա­րա­կան ներ­կա­յա­ցուց եւ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րոն ստանձ­նեց ­Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան ղե­կին ամ­բող­ջա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը՝ բժիշկ ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի վար­չա­պե­տու­թեամբ կա­ռա­վա­րու­թիւն մը ա­ռա­ջաց­նե­լով։

Այս­պէ՛ս, 1920ի ­Մա­յիս 1էն 5 պա­տա­հած խռո­վու­թիւն­նե­րը սեւ ու մուր խա­րան մը դար­ձան հայ քա­ղա­քա­կան մտքի ճակ­տին։

Ա­ռանց ան­կա­խու­թեան եւ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան ամ­բողջ դա­րեր ապ­րե­լէ ետք, յատ­կա­պէս թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն հա­զիւ վե­րա­կանգ­նած, ա­զատ ու ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դէմ դա­ւադ­րա­կան խռո­վու­թեանց դի­մե­ցին հայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ՝ կար­միր բա­նա­կա­յին­նե­րու եւ թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան աս­պա­տա­կող­նե­րու օ­ժան­դա­կու­թեամբ եւ զէն­քի ու­ժով տա­պա­լե­լու հա­մար հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւ­նը։

Սե­փա­կան հայ­րե­նի­քի ան­կա­խու­թեան եւ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան դէմ բռնաշր­ջու­մի նման փորձ հա­զո­ւա­դէպ պա­տա­հած է ազ­գե­րու պատ­մու­թեան մէջ։ ­Հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րը սայ­թա­քու­մի նմա­նօ­րի­նակ ա­մօ­թա­լի «ժա­ռան­գու­թիւն» մը թո­ղու­ցին հա­յոց պատ­մու­թեան է­ջե­րուն։

Դա­ժան ու դառն դա­սե­րով յատ­կանշո­ւող «ժա­ռան­գու­թիւն» մը, որ ե՛ւ մեր սե­րուն­դին, ե՛ւ գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն վրայ պարտք կը դնէ չկրկնե­լու ազ­գա­յին-պե­տա­կան ա­ռու­մով ծան­րա­գոյն այդ յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը՝ հայ­րե­նա­դա­ւու­թեան ա­հա­ւոր փոր­ձու­թիւ­նը։

Ն.

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Այցելություն ՀԱԵ Ֆրանսիայի Հայոց թեմ

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Ֆրանսիայի հայկական կազմակերպությունների համակարգող խորհրդի

02 Դեկտեմբեր 2025
Ալմելոյում կայացել է ՀՅԴ Հայ դատի Եվրո

ՀՅԴ Հայ դատի Եվրոպայի գրասենյակի նախաձեռնությամբ՝ նոյեմբերի 29-ին և 30-ին Ալմե

01 Դեկտեմբեր 2025
Խմբագրական. Փաշինեանի փարիրսեցիութիւնը

Հայաստանի հոգեւոր եւ ազգային կեանքի վերջին օրերի իրադարձութիւնները վկայում են

01 Դեկտեմբեր 2025
Պարզապես լինել տրոյական ձի

Ու հիմա, ինքնաարդարացման ճիգի մեջ, 26 տարվա հեռվից հանկարծ մտքի պայծառացումով

30 Նոյեմբեր 2025
Խմբագրական. Կենսունակ Պետութիւն․Աղբալե

Ազգային գաղափարախօսութեան շուրջ համախմբուած հասարակութիւնն է, դարձեալ ըստ Աղբա

29 Նոյեմբեր 2025
Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի մարզաշակութային համ

Շաբաթ, 22 Նոյեմբեր 2025-ը այսուհետեւ իր յատուկ տեղը պիտի ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տօն

28 Նոյեմբեր 2025
Սա մաքրվելու, ջրեր զուլալելու, թացը չո

Տարիներ հետո պատմաբանները Հայաստանի այս շրջանի մասին կգրեն, որ Արցախը հանձնած,

27 Նոյեմբեր 2025
Համընդհանուր վտանգ, համազգային դիմագրա

6. Եւ միւս կողմից ունենք այսպէս ասած՝ շւարած-սպասողական Սփիւռք, միաժամանակ մտա

27 Նոյեմբեր 2025
Խմբագրական. ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մէջ Մշակութային

Պարզ է, որ նման համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող կառոյցներու մէջ ընտրութիւնն

27 Նոյեմբեր 2025
Խմբագրական. «Խաղաղութիւն»՝ վաճառքի հա

Այս համատեքստում կարեւոր է յատկապէս գիտակցել այն իրողութիւնը, որ այս ամէնը Զել

26 Նոյեմբեր 2025
Ծախողը, գնողը եւ զոհերը…

Եւրոպացի ժողովուրդները կանդրադառնա՞ն արդեօք, որ այս ընթացքով, իրենց ղեկավարներ

26 Նոյեմբեր 2025
Ազդեցության գործակալները, Բաքվից վերադ

«Ադրբեջանը, Ալիեւի վարչակազմը պետք է իմանա՝ ինքը ում հետ հանդիպել է, դրանք հայ

26 Նոյեմբեր 2025
Կրակի բռնկումը պատահական չէ

Մի քանի օր է, ինչ Տավուշի մարզում, Գեղարքունիքի մարզում հրդեհները մոլեգնում են

26 Նոյեմբեր 2025
Մենք ունենք մեկ թիրախ, դա այսօրվա այս

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ այսօր՝ նոյեմբերի 26–ին, Ազգային ժող

26 Նոյեմբեր 2025
Սահմանադրութիւնը Գինի Չէ՛, Ո՛չ Ալ Հեղո

Ճարպիկի ու խորամանկի պատմուճան հագած՝ ան հպանցիկ անդրադարձաւ Արցախի փշոտ հարցի

26 Նոյեմբեր 2025
Ո՞վ Կը Քաղաքականացնէ Եկեղեցին

Ստեղծուած անիրաւ տագնապի սկզբնաւորութեան Նիկոլ Փաշինեան կը ծրագրէր ժողովրդային

26 Նոյեմբեր 2025
Ակնարկ. Լրացուցիչ Յայտարարութիւններ Եւ

Իսրայէլի իրականացուցած գործողութիւնները Հըզպալլայի կեդրոններու եւ պատասխանատու

26 Նոյեմբեր 2025
Հայաստանը վճարում է ամերիկյան հանրային

Ավելի կարևոր է, որ «Սպիտակ փաստաթուղթը» խեղաթյուրում է Հայաստանի Սահմանադրութ

25 Նոյեմբեր 2025
Ադրբեջանի իրական նպատակը ոչ թե խաղաղու

Արցախի ԱԺ նախկին փոխնախագահ, Արտաքին հարաբերությունների մշտական հանձնաժողովի ն

25 Նոյեմբեր 2025
ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավորն

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավորներ Լիլիթ Գալստյանը, Աննա Գրիգորյանը,

25 Նոյեմբեր 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company