Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահը Ընդունեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը
13 Հունիս 2019 Այս առաւօտ, Նախագահական Պալատին մէջ, Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիկոս Անաստասիատիս ընդունեց ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ կը բաղկանար Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանէ, ՀՅԴ Կիպրոս Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեանէ եւ Կոմիտէի անդամներ՝ Վահան Այնէճեանէ եւ Րաֆֆի Մահտեսեանէ։ Ներկայ էր նաեւ Կառավարական Բանբեր Պրոտրոմոս Պրոտրոմու։
