ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Պատմութիւն, իրադարձութիւններ, գործիչներ

Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան (1949 — 2019)

18 Հունիս 2019 Սփւռ­քա­հայ վեր­ջին 50 տա­րի­նե­րու ի­րա­կա­նու­թե­նէն ներս, ազ­գա­յին եւ հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի հո­գե­րով ու մտա­հո­գու­թիւն­նե­րով ապ­րող­նե­րուն հա­մար, օ­րի­նա­կե­լի տի­պար մը ե­ղաւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի սի­րո­ւած խմբա­գիր եւ գոր­ծիչ հան­գու­ցեալ ընկ. ­Յով­սէփ Պա­րա­զեան, որ ­Հինգ­շաբ­թի՝ 13 ­Յու­նիս 2019ին, իր աչ­քե­րը փա­կեց, կար­ճա­տեւ հի­ւան­դու­թե­նէ մը ետք։
Ընկ. ­Յով­սէ­փին հա­մար չկար բնա­գա­ւառ մը, ուր ան իր դրոշ­մը եւ իր զօ­րա­ւոր ան­հա­տա­կա­նու­թեան հետ­քե­րը ձգած չըլ­լար։ «Ա­զատ Օր»ի բազ­մա­մեայ իր խմբագ­րի վաս­տա­կէն մին­չեւ իր ե­րի­տա­սար­դա­կան, կու­սակ­ցա­կան, մտա­ւո­րա­կան, գրա­կան ու միու­թե­նա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ան ա­մէն տե­սա­կի աշ­խա­տանք տա­րաւ բա­ցա­ռիկ խղճմտու­թեամբ, նո­ւի­րու­մի ան­սա­կարկ հա­ւատ­քով եւ ծա­ռա­յու­թեան անն­կա­րագ­րե­լի մե­ծու­թեամբ։

Բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք «Ա­զատ Օր»ի մէջ, թէ՛ կու­սակ­ցա­կան ու միու­թե­նա­կան շրջա­նակ­նե­րէ ներս գոր­ծակ­ցե­ցան կամ աշ­խա­տե­ցան ընկ. ­Յով­սէ­փի հետ, կը վկա­յեն, թէ իւ­րա­յա­տուկ «դպրոց» մը ե­ղաւ ան։ Իր նո­ւի­րու­մի բո­լոր ար­ժա­նիք­նե­րը բա­րի օ­րի­նակ ու ներշն­չում հան­դի­սա­ցան՝ ազ­գա­յին կեան­քի մէջ ծա­ռա­յու­թեան նոր չա­փա­նիշ­ներ հաս­տա­տե­լով։

Ս­տո­րեւ՝ պի­տի փոր­ձենք տալ իր կեան­քի ու գոր­ծու­նէու­թեան գլխա­ւոր բա­ժին­նե­րը, ո­րոնք չեն ամ­փո­փո­ւիր յօ­դո­ւա­ծի մը մէջ, սա­կայն հան­գու­ցեալ ըն­կե­րոջ յի­շա­տա­կը յար­գե­լու, բայց մա­նա­ւանդ ա­նոր ծա­ռա­յու­թեան մե­ծու­թիւ­նը ու­րո­ւագ­ծե­լու փորձ մըն են։ Վս­տահ ենք, թէ թեր­թիս ըն­թեր­ցող­նե­րը եւ յատ­կա­պէս ա­նոնք, ո­րոնք ճամ­բայ կտրե­ցին ընկ. ­Յով­սէ­փին հետ, ի­րենց յի­շո­ղու­թեան մէջ կը պա­հեն ան­թիւ դրո­ւագ­ներ եւ յի­շա­տակ­ներ մեր հան­գու­ցեալ ըն­կե­րէն։ ­Մենք կը յու­սանք, թէ այս տո­ղե­րը ու­ղե­ցոյց պի­տի ըլ­լան նո­րա­հաս սե­րուն­դին հա­մար, որ­պէս­զի ընկ. ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեա­նի նման ան­խոնջ ծա­ռա­յող­նե­րու տի­պա­րը լու­սա­ւո­րէ ի­րենց ճամ­բան, պայ­ծառ օ­րի­նա­կը դառ­նա­լով ի­րենց ան­հա­տա­կան, բայց գլխա­ւո­րա­բար՝ ի­րենց ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան դի­մա­գի­ծի կազ­մա­ւոր­ման մէջ։

ԱՌԱՋԻՆ ՈՍՏՈՒՄՆԵՐԸ

Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան ծնաւ 1949ին, ­Տուր­ղու­թիի գաղ­թա­կա­յան­նե­րուն մէջ, երբ Բ. Հա­մա­շա­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մի ար­հա­ւիր­քէն ետք, ­Յու­նաս­տան հիւ­ծած եր­կիր մըն էր, իսկ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը սկսած էր կորսնց­նել իր եր­բեմ­նի ու­ժը, մա­նա­ւանդ՝ դէ­պի Հա­յաս­տան ներ­գաղ­թի ու դէ­պի ա­րեւ­մուտք ար­տա­գաղ­թի հսկա­յա­կան ա­լիք­նե­րուն պատ­ճա­ռով։ Իր նախ­նա­կան ու­սու­մը ստա­ցաւ ­Ֆիք­սի հայ կա­թո­ղի­կէ վար­ժա­րա­նին մէջ եւ ինչ­պէս ինք կը պատ­մէր, այդ վար­ժա­րա­նի վեր­ջին շրջա­նա­ւար­տը ե­ղաւ, ո­րով­հե­տեւ յա­ջորդ տա­րին, գաղ­թա­կա­յա­նին մէջ կը սկսէր «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» նո­րա­կերտ վար­ժա­րա­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Փոքր տա­րի­քէն, հա­յե­րէ­նի ուս­մանց մէջ ան աչ­քի զար­նող ա­շա­կերտ մը ե­ղաւ։ ­Ճիշդ ա­նոր հա­մար ալ, 1961ին ան, այլ յու­նա­հա­յե­րու հետ միա­սին, ղրկո­ւե­ցաւ ­Պէյ­րու­թի «Ն­շան ­Փա­լան­ճեան» ճե­մա­րան, կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու հա­մար իր հա­յե­րէ­նի ու­սու­մը, ա­պա­գա­յին ազ­գա­յին կեան­քի մէջ ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցե­լու նպա­տա­կով։ Անն­ման մեր մե­ծե­րուն՝ ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի, ­Գառ­նիկ ­Բա­նեա­նի, ­Մու­շեղ Իշ­խա­նի եւ Հ­րաչ Տաս­նա­պե­տեա­նի շունչն էր, որ կեանք տո­ւաւ ընկ. ­Յով­սէ­փի մտա­յին ծլար­ձա­կում­նե­րուն, իր նկա­րագ­րի կեր­տու­մին, ա­պա­գայ դաշ­նակ­ցա­կան զի­նո­ւո­րի գա­ղա­փա­րա­կան ներշնչ­ման ու վեր­ջա­պէս հայ մա­մու­լի ան­խոնջ սպա­սար­կուն ըլ­լա­լու իր ե­րի­տա­սար­դա­կան տե­սիլք­նե­րուն։ Ա­ւե­լի ետք, ան իր ու­սու­մը շա­րու­նա­կեց «­Հայ­կա­զեան» հա­մալ­սա­րա­նի հա­յա­գի­տա­կան բաժ­նէն ներս, հոն եւս հա­յա­բոյր մի­ջա­վայ­րի մը բա­րիք­նե­րը քա­ղե­լով։ Իր ճե­մա­րա­նա­կան օ­րե­րուն էր, երբ ­Սի­մոն Վ­րա­ցեան պա­տա­նի ­Յով­սէ­փին մէջ տե­սաւ ա­պա­գայ գոր­ծի­չը, յա­ճախ ա­նոր իր մօտ կան­չեց, որ­պէս­զի դա­սա­րա­նէն ետք ա­զատ ժա­մե­րուն ­Յով­սէփ գրի առ­նէ մե­ծա­նուն Հա­յուն յու­շերն ու ապ­րում­նե­րը։ Իր դա­սըն­կեր­նե­րէն Ն­շան ­Պաս­մա­ճեան կը վկա­յէ, թէ ընկ. ­Յով­սէփ, ճե­մա­րա­նի տա­րի­նե­րուն, ար­դէն սկսած էր գրիչ շար­ժել՝ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ գրե­լով «­Մա­զա­պուր» ստո­րագ­րու­թեամբ։

ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԵՐԸ

Լի­բա­նան ե­ղած տա­րի­նե­րուն, ընկ. ­Յով­սէփ ապ­րե­ցաւ լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան ազ­գա­յին, կու­սակ­ցա­կան, գրա­կան ու մշա­կու­թա­յին ծաղ­կու­մին ա­մէ­նէն բե­ղուն եւ զօ­րա­ւոր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը, ուր ազ­գա­յին եւ դաշ­նակ­ցա­կան ո­գին ա­մէն կողմ տա­րա­ծո­ւե­ցաւ՝ նոր ե­րանդ եւ ուժ տա­լով Ս­փիւռ­քի հզօ­րաց­ման։ ­Հոն էր, որ ընկ. ­Յով­սէփ, ան­սա­լով ցե­ղի ձայ­նին, մուտք գոր­ծեց Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան մէջ, կեանք մը ամ­բողջ հա­յու­թեան նո­ւի­րա­բե­րե­լու հա­մար իր ամ­բողջ հո­գին, իր մտքի ու ձեռ­քի աշ­խա­տան­քը։

Յու­նաս­տան վե­րա­դար­ձին, այ­լեւս կազ­մա­ւո­րո­ւած ե­րի­տա­սարդ՝ ընկ. ­Յով­սէփ ան­մի­ջա­պէս նե­տո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին կեան­քի մէջ եւ սկսաւ ա­մէն տեղ իր դրոշ­մը ձգել։

Ե­ղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մար­զիկ, հայ երգն ու թատ­րո­նը իր մէջ բո­ցա­վա­ռե­ցան, մտաւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դաց ­Միու­թեան մէջ եւ իր ուս­ման ու կազ­մա­ւոր­ման պտուղ­նե­րը սկսաւ տալ գա­ղու­թին։ Իր ե­րի­տա­սար­դա­կան օ­րե­րու գլխա­ւոր նո­ւա­ճում­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ Հ.Յ.Դ. Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան ­Ֆիք­սի «­Զար­թօնք» խում­բին կազ­մու­թիւ­նը եւ պա­տա­նի­նե­րու ազ­գա­յին ու մշա­կու­թա­յին դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը։ «Ա­զատ Օր»ի այդ տա­րի­նե­րու ե­լոյթ­նե­րուն թղթակ­ցու­թիւն­նե­րը կը նշեն ընկ. ­Յով­սէ­փի ա­նու­նը, որ­պէս պա­տա­նի­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տուն եւ վա­րիչ դաս­տիա­րա­կը։

Մին­չեւ 1975, ան մաս կազ­մեց Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դաց ­Միու­թեան ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան։

ԿԵԱՆՔ ՄԸ ԱՄԲՈՂՋ՝ «ԱԶԱՏ ՕՐ»Ի ՄԷՋ

1969ին ընկ. ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան ար­դէն սկսած էր աշ­խա­տիլ որ­պէս գրա­սե­նեա­կի պաշ­տօ­նեայ՝ քի­միա­կան գոր­ծա­րա­նի մը մէջ, երբ յու­նա­հայ հան­գու­ցեալ հա­ւա­տա­ւոր ըն­կեր Օն­նիկ Օն­նի­կեան ե­րի­տա­սարդ ­Յով­սէ­փին մէջ տե­սաւ ա­պա­գայ խմբա­գի­րը ու մա­մու­լի սպա­սար­կուն։ Ընկ. ­Յով­սէփ, ա­ռանց երկ­րորդ խօս­քի, իր դրա­կան պա­տաս­խա­նը տո­ւաւ ու, հրա­ժա­րե­լով իր աշ­խա­տան­քէն, մուտք գոր­ծեց «Ա­զատ Օր»ի հա­յա­բոյր եւ մար­դա­կերտ ըն­տա­նի­քէն ներս՝ ան­կէ եր­բեք դուրս չգա­լու գե­րա­գոյն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ եւ խոս­տու­մով։

Մեր մեծ մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն՝ ­Վազ­գէն Ե­սա­յեա­նի եւ Ա­հա­րոն Ս­տե­փա­նեա­նի շուն­չին տակ սկսաւ ծա­ւա­լել իր խմբագ­րա­կան ար­ժա­նիք­նե­րը։ ­Թեր­թի տպա­րա­նը ե­ղաւ իր կռո­ւա­նը, ուր ան ա­մէն տե­սա­կի գործ կը կա­տա­րէր՝ լու­րեր կը խմբագ­րէր, տա­ռեր կը շա­րէր, տպագ­րու­թիւն կ­՚ը­նէր, թերթ կը ծալ­լէր, թերթ կը բաժ­նէր։ Ընկ. ­Յով­սէփ, հա­կա­ռակ իր խմբագ­րա­կան հմտու­թեան ու տա­ղան­դին, եր­բեք վե­րէն չնա­յե­ցաւ, այլ պարզ ու հա­մեստ զի­նո­ւո­րի մը պէս, թեր­թի պատ­րաս­տու­թեան ա­մէն տե­սա­կի աշ­խա­տանք­նե­րը կա­տա­րեց խղճմտու­թեամբ եւ գե­րա­գոյն զգայ­նու­թեամբ։ ­Թեր­թին հա­մար զո­հո­ղու­թեան չա­փա­նիշ­նե­րը ան տա­րաւ շատ ա­ռաջ ու միշտ փոր­ձեց նոյն յատ­կա­նիշ­նե­րը եւ իր բնա­տուր ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցել իր շուր­ջին­նե­րուն եւ գոր­ծա­կից­նե­րուն։

Վազ­գէն Ե­սա­յեա­նի մա­հէն ետք, ընկ. ­Յով­սէփ այ­լեւս լիո­վին ստանձ­նեց թեր­թի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը, որ­պէս խմբա­գիր եւ ար­տօ­նա­տէր։ «Ա­զատ Օր»ին հա­մար նոր ու­ղի­ներ կը բա­ցո­ւէին։ Ար­դէն այդ տա­րի­նե­րուն, օ­րո­ւան պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեամբ, թեր­թը օժ­տուած էր «լի­նո­թիփ» սար­քե­րով։ Ընկ. ­Յով­սէփ չզլա­ցաւ նստե­լու մե­քե­նա­յին առ­ջեւ եւ տո­ղեր շա­րե­լու։ ­Մեծ ու պզտիկ գործ չկար թեր­թին մէջ։ «Ա­զատ Օր» ա­մէն գնով պէտք էր օ­րը-օ­րին, ժա­մը-ժա­մուն պատ­րաստ ըլ­լար, «տաք հաց»ի նման իր ան­համ­բեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն հաս­նե­լու հա­մար։

Բա­ռե­րը սահ­մա­նա­փակ են նկա­րագ­րե­լու հա­մար ընկ. ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեա­նի խմբագ­րա­կան վաս­տա­կը։ ­Հայ մա­մու­լի հա­րա­զատ սպա­սար­կուն ըլ­լա­լով՝ ան ա­մէն օր լու­րեր խմբագ­րեց, նիւ­թեր զա­տեց, յօ­դո­ւած­ներ ու նշմար­ներ ստո­րագ­րեց, շա­րեց ու սրբագ­րեց թեր­թի ա­մէն մէկ տո­ղը։ ­Ներշն­չո­ւած խմբագ­րա­կան­ներ գրեց զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով, ազ­գա­յին ո­գին եւ դաշ­նակ­ցա­կա­նի իր գա­ղա­փա­րա­կան ամ­բողջ նե­րաշ­խարհն ու մտա­ծե­լա­կեր­պը յանձ­նե­լով թուղ­թին։ ­Ժո­ղովր­դա­յին խօս­քով՝ ան «համ ու հոտ» տո­ւաւ թեր­թին, ա­մէ­նօ­րեայ հա­րուստ նիւ­թե­րով, այժ­մէա­կան լու­րե­րով, թղթակ­ցու­թիւն­նե­րով եւ յօ­դո­ւած­նե­րով։ Ա­ռա­ւօ­տեան ա­ռա­ջին լոյ­սէն մին­չեւ ուշ կէ­սօր, ան­կէ ետք իր տան մէջ իսկ, ան իր գրի­չը վար չձգեց։ Գ­րեց ա­նընդ­հատ, խմբագ­րեց, թար­մու­թիւն տո­ւաւ թեր­թին։

1970ա­կան թո­ւա­կան­նե­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան, ընկ. ­Յով­սէ­փի ան­հան­դարտ միտ­քը յղա­ցաւ շա­բա­թա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ ներ­կա­յա­ցո­ւած «Ա­զատ Օր»ի գրա­կան յա­ւե­լո­ւա­ծը։ ­Հայ գրա­կա­նու­թեան ու բա­նաս­տեղ­ծու­թեան փուն­ջե­րու փնտռո­ւած գո­հար­ներ կազ­մեց այդ յա­ւե­լո­ւած­նե­րու շար­քը՝ եր­կար տա­րի­նե­րու վրայ։ Ընկ. ­Յով­սէ­փի ջան­քե­րով, ըն­թեր­ցա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան առ­ջեւ բա­ցուե­ցաւ հայ գի­րի ու դպրու­թեան հա­րուստ աշ­խար­հը։

Նոյն տա­րի­նե­րուն, ընկ. ­Յով­սէփ քա­ջա­լե­րեց պա­տա­նի եւ ե­րի­տա­սարդ գրող­ներ, ո­րոնք ի­րենց գրա­կան ծլար­ձա­կում­նե­րու պտուղ­նե­րը տե­սան «Ա­զատ Օր»ին մէջ։ Այդ տա­րի­նե­րուն, ա­մի­սը ան­գամ մը հրա­տա­րա­կո­ւող «­Ման­կա­պա­տա­նե­կան ծաղ­կե­փունջ»ը ա­ռի­թը տո­ւաւ սե­րուն­դի մը՝ ա­ւե­լի խո­րա­նա­լու հա­յե­րէն լե­զո­ւի գրա­կան աշ­խար­հին մէջ, ա­պա­գայ յօ­դո­ւա­ծա­գիր­ներ պատ­րաս­տե­լու ե­րա­զան­քով։

Ընկ. ­Յով­սէ­փի աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը եւ ան­սահ­ման սէ­րը դէ­պի «Ա­զատ Օր», զինք մղեց նոր ձե­ւեր փնտռե­լու թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան հա­մար։ Իր օ­րով, թեր­թը եր­կու ան­գամ օժ­տո­ւե­ցաւ ար­դի տպագ­րա­կան մե­քե­նա­նե­րով, նախ՝ «­Ֆո­թո­սին­թէզ»ի նո­րա­րա­րու­թեամբ, ա­պա՝ ա­ւե­լի ար­դի հա­մա­կարգ­չա­յին ձե­ւով։ Եր­կու պա­րա­գա­նե­րուն ալ, ան նա­խա­ձեռ­նարկ ե­ղաւ թեր­թին տես­քը բա­րե­լա­ւե­լու, ար­տա­քի­նը ա­ւե­լի գե­ղեց­կաց­նե­լու եւ է­ջադ­րու­մին նո­րա­ձե­ւու­թիւն տա­լու, քայլ պա­հե­լու հա­մար մա­մու­լի նո­րօ­րեայ մտա­ծո­ղու­թեան եւ գոր­ծե­լաո­ճին հետ։

Ըն­թեր­ցող­նե­րը, ի­րենց գրա­դա­րան­նե­րուն մէջ, մա­սուն­քի նման մին­չեւ այ­սօր կը պա­հեն «Ա­զատ Օր»ի բա­ցա­ռիկ­նե­րը, ո­րոնք ա­մէն տա­րի պատ­րաս­տո­ւե­ցան ընկ. ­Յով­սէ­փի ձեռ­քով։ Ա­նոնք ըն­թեր­ցա­նու­թեան ո­վա­սիս­ներ ե­ղան՝ յու­նա­հայ գա­ղու­թի փա­ռա­ւոր ան­ցեա­լին ու ներ­կա­յին մա­սին «լե­ցուն» նկա­րագ­րա­կան­նե­րով եւ յօ­դո­ւած­նե­րով։ Յատ­կան­շա­կան են ­Ջա­ւախ­քի մա­սին ա­նոր նկա­րագ­րա­կան­նե­րը, երբ ­Ջա­ւախ­քի հիմ­նա­հար­ցը տա­կա­ւին լռու­թեան մէջ կը մնար։

Հայ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի նո­րա­նոր շղթա­յա­զեր­ծու­մի ա­մէ­նէն տաք օ­րե­րուն, ընկ. Յով­սէ­փի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ եւ տքնա­ջան աշ­խա­տան­քին ար­դիւն­քով, «Ա­զատ Օր» ե­ղաւ այն թեր­թը, ուր­կէ ա­մէն օր հայ մա­մու­լին հայ­թա­թեց ան­մի­ջա­կան լրա­տո­ւու­թիւն եւ նիւ­թեր Հ­րայր-­Մաքս ­Գի­լին­ճեա­նի դա­տա­վա­րու­թե­նէն՝ ­Փա­րի­զի մէջ եւ Պելկ­րա­տի տղոց՝ ­Յա­րու­թիւն ­Լե­ւո­նեա­նի եւ ­Ռաֆ­ֆի Էլ­պէ­քեա­նի դա­տա­վա­րու­թե­նէն։ Եր­կու պա­րա­գա­նե­րուն ալ, երբ ամ­բողջ հա­յու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած էր այդ եր­կու դա­տե­րուն վրայ, ընկ. ­Յով­սէ­փի եւ այլ գոր­ծիչ­նե­րու ան­մի­ջա­կան ներ­կա­յու­թեամբ դա­տա­վա­րու­թիւն­նե­րուն, հայ լրագ­րու­թիւ­նը փայ­լուն օ­րեր ապ­րե­ցաւ։

Յու­նա­հայ փոք­րա­թիւ գա­ղու­թին հա­մար, ընկ. ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան «Ա­զատ Օր»ին տո­ւաւ ան­հա­մե­մա­տե­լիօ­րէն ա­ւե­լի մեծ ար­ժէք, հա­մա­զօր՝ մե­ծա­թիւ գա­ղութ­նե­րու մա­մու­լին։

Երբ այ­լեւս, 40 եր­կար տա­րի­ներ յե­տոյ, ժա­մը հա­սաւ հանգս­տեան կո­չուե­լու, ընկ. Յով­սէփ ներք­նա­պէս ան­հան­գիստ ե­ղաւ։ ­Չու­զեց գրի­չը վար դնել։ ­Հայ մա­մու­լին «տաք ու պաղ» օ­րե­րը ապ­րած ան­ձին հա­մար կա­րե­լի չէր լռել։ Այդ­պէս, ան «Ա­զատ Օր»ի աշ­խա­տա­կի­ցի հան­գա­ման­քով բազ­մա­թիւ յօ­դո­ւած­ներ եւ թղթակ­ցու­թիւն­ներ ստո­րագ­րեց։ Ա­մէն գնով, ան իր ջերմ կա­պը պա­հեց թեր­թին հետ, ո­րուն հա­մար իր լման կեան­քը նո­ւի­րեց։

Ընկ. ­Յով­սէփ միայն «Ա­զատ Օր»ին հա­մար չգրեց։ ­Թիւ չու­նին այն բո­լոր յօ­դո­ւած­նե­րը, ո­րոնք մեր թեր­թէն զատ լոյս տե­սած են հայ մա­մու­լին մէջ, նոյ­նիսկ ոչ-դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լին մէջ, ո­րով­հե­տեւ ան իր վեր­լու­ծում­նե­րուն մէ­ջէն կա­րո­ղա­ցաւ ազ­գա­յին եւ հա­մա­հայ­կա­կան նիւ­թե­րուն եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն ա­ւե­լի մեծ ար­ժէք տալ, խո­րա­թա­փանց մտա­ծում­նե­րով, մտա­հո­գո­թիւն­նե­րով, այ­լեւ նկա­րագ­րա­կան «հա­մեղ» գրու­թիւն­նե­րով՝ ար­դի եւ պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նին մէջ իր շրջապ­տոյտ­նե­րէն։

Խմ­բագ­րի իր բազ­մա­մեայ փոր­ձա­ռու­թեան ար­դիւն­քով՝ ան ան­դամ ե­ղաւ ­Յու­նաս­տա­նի Լ­րագ­րող­նե­րու ­Միու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ստա­ցաւ ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Լ­րագ­րող­նե­րու Միու­թեան ան­դա­մա­տետր։

ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉԸ

Յա­ճախ խմբա­գիր մը կ­՚ա­ռանձ­նա­նայ իր նե­րաշ­խար­հին մէջ ու կը շա­րու­նա­կէ է­ջեր ար­տադ­րել միայն։ Այդ­պէս չե­ղաւ ընկ. ­Յով­սէ­փին հա­մար։ Ան, հա­ւա­տա­րիմ իր դաշ­նակ­ցա­կա­նի եր­դու­մին, ա­մէն օր «Ա­զատ Օր»ի խմբագ­րա­տու­նէն մեկ­նե­լով, իր կեան­քը կի­սեց ազ­գա­յին, կու­սակ­ցա­կան եւ միու­թե­նա­կան գոր­ծու­նէու­թեան հետ։

Բազ­միցս ան մաս կազ­մեց իր ապ­րած շրջա­նի ­Կո­մի­տէին։ ­Մաս­նակ­ցե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի ի­րե­րա­յա­ջորդ ­Կեդր. ­Կո­մի­տէ­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րուն, որ­պէս խմբա­գիր կամ որ­պէս ընտ­րո­ւած ան­դամ, մաս­նակ­ցե­ցաւ զա­նա­զան կա­րե­ւոր ժո­ղով­նե­րու, կու­սակ­ցա­կան եւ մամ­լոյ խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րու ու Սփուռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան մամ­լոյ հա­ւաք­նե­րուն։ Ա­մէն տեղ, իր ժրա­ջան աշ­խա­տան­քով, ներ­կա­յա­ցում­նե­րով, բա­նա­ձե­ւում­նե­րով եւ մտա­ծում­նե­րով սա­տա­րեց հայ մա­մու­լի եւ կու­սակ­ցա­կան-կազ­մա­կերպ­չա­կան գոր­ծե­րու յա­ջո­ղու­թեան։

1974ին, ընկ. ­Յով­սէփ ե­ղաւ հիմ­նա­դիր ան­դամ­նե­րէն մէ­կը Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին, ուր եր­կար տա­րի­ներ ան գոր­ծեց ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ Հայ ­Դա­տի ճա­նաչ­ման հա­մար։

Մաս­նակ­ցե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին՝ 1988ին, Ա­թէն­քի մէջ։

Բա­նա­խօ­սեց ­Յու­նաս­տա­նի եւ այլ հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րու մէջ եւ իր զօ­րեղ մտա­ծում­ներն ու վեր­լու­ծում­նե­րը հա­ղորդ դար­ձուց հայ հա­սա­րա­կու­թեան։

1988ի Ս­պի­տա­կի ա­հա­ւոր երկ­րա­շար­ժէն ետք, ինք գտնո­ւե­ցաւ յու­նա­հա­յու­թեան ըն­ձե­ռած օգ­նու­թեան ա­ռա­ջին օ­դա­նա­ւին մէջ՝ երկ­րա­շար­ժէն վե­րապ­րող­նե­րուն մեծ քա­նա­կու­թեամբ ապ­րանք­ներ փո­խադ­րե­լու եւ բաժ­նե­լու նպա­տա­կով։
Եր­կար տա­րի­ներ, ընկ. ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան գոր­ծեց «­Հա­մազ­գա­յին» հայ մշա­կու­թա­յին եւ կրթա­կան միու­թեան մէջ եւ մին­չեւ իր վա­ղա­ժամ կո­րուս­տը, ան ստանձ­նեց Շրջ. Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տի զգա­յուն եւ պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօ­նը։ ­Մին­չեւ վերջ, ան տեն­դա­բար մտա­ծեց ու գոր­ծեց, նոր մաս­նա­ճիւղ­ներ հիմ­նե­լու կամ նո­րա­ձեւ ծրա­գիր­ներ ու ե­լոյթ­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար։

Իր բնա­տուր յատ­կու­թիւն­նե­րով եւ իր նկա­րագ­րի մեղ­մու­թեամբ, ան կա­րո­ղա­ցաւ իր շուրջ հա­մախմ­բել մեծ թի­ւով ե­րի­տա­սարդ հա­մազ­գայ­նա­կան­ներ, ո­րոնք իր շուն­չին տակ դաս­տիա­րա­կո­ւե­ցան եւ այ­սօր կը շա­րու­նա­կեն գոր­ծել երգ­չա­խում­բի, պա­րա­խում­բի, թա­տե­րա­կա­նի եւ գրա­կան բա­ժին­նե­րէն ներս։

Որ­պէս «­Հա­մազ­գա­յին»ի երգ­չա­խում­բի եր­կար տա­րի­նե­րու նախ­կին ան­դամ, ան մաս­նա­ւոր գուր­գու­րանք եւ հո­գա­ծու­թիւն տա­ծեց «Յ. ­Փա­փա­զեան» երգ­չա­խում­բին հան­դէպ։ Ան­կէ ան­դին, բո­լոր միա­ւոր­նե­րու ըն­կեր­նե­րը տե­ւա­բար զգա­ցին ընկ. ­Յով­սէ­փի հայ­րա­կան գուր­գու­րան­քը եւ ու­շադ­րու­թիւ­նը՝ ­Միու­թեան վե­րել­քին հա­մար։ «­Հա­մազ­գա­յին»ի մէջ իր տա­րի­նե­րը ե­ղան ար­գա­սա­բեր ու բե­ղուն։ Ընկ. ­Յով­սէ­փի թո­ղած դրոշ­մը եւ ա­ւան­դը, եր­կար տա­րի­ներ շա­րու­նակ ու­ղե­ցոյց պի­տի հան­դի­սա­նան նոր սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։

ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՀԵՏ

Ընկ. ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան ներ­կա­յու­թիւն ու­նե­ցաւ գիր­քե­րու աշ­խար­հին մէջ՝ եր­կու հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րով։ «­Պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի ա­ւանդ­նե­րու հետ­քե­րով» փոքր ծա­ւա­լով հրա­տա­րա­կու­թեամբ, ան իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ զգա­ցում­նե­րը թուղ­թին փո­խան­ցեց՝ պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի մէջ իր շրջապ­տոյ­տէն ետք։ Իր երկ­րորդ գիր­քին մէջ, ա­ւե­լի ծա­ւա­լուն, «­Սի­րա­յին զրոյց­ներ Ե­րե­ւա­նին հետ», ան ամ­փո­փեց քա­ղա­քա­մայր Ե­րե­ւա­նի գե­ղեց­կու­թիւն­ներն ու իր զգա­ցած ապ­րում­նե­րը քա­ղա­քին հա­մար։ Ան նաեւ ներդ­րում ու­նե­ցաւ ­Սա­մո­ւէլ ­Ռա­մա­զեա­նի՝ հայ-յու­նա­կան ռազ­մա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին հա­տո­րի պատ­րաս­տու­թեան։ Ընկ. ­Յով­սէ­փի ար­խիւ­նե­րուն մէջ տա­կա­ւին ան­տիպ կը մնան մեծ թի­ւով գրու­թիւն­ներ, թա­տե­րա­կան գոր­ծեր, վեր­լու­ծա­կան գոր­ծեր, մե­նագ­րու­թիւն­ներ եւ յօ­դո­ւած­ներ։

Իր մտա­ւո­րա­կան «ան­հան­գիստ» ո­րո­նում­նե­րուն պատ­ճա­ռով, ան ­Յու­նաս­տա­նի հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ հե­տե­ւե­ցաւ փի­լի­սո­փա­յու­թեան, պատ­մու­թեան ու բիւ­զան­դա­գի­տու­թեան ճիւ­ղե­րուն եւ գի­տե­լիք­նե­րու հա­րուստ պա­շար մը ստեղ­ծեց իր ա­պա­գայ գրա­կան ար­տադ­րու­թեան հա­մար։ Ան­դամ էր ­Հա­յաս­տա­նի գրող­նե­րու միու­թեան։

ՄԱՐԴԸ

Այս սեղմ գի­ծե­րուն մէջ, հե­ռու պի­տի մնանք ա­նոր զօ­րա­ւոր ան­հա­տա­կա­նու­թեան եւ սրտբաց ու բա­րե­համ­բոյր նկա­րագ­րին մա­սին ար­տա­յայ­տո­ւե­լէ։ Այդ մէ­կը, վստա­հա­բար, պի­տի ը­նեն ու­րիշ­ներ՝ ի­րեն հետ եր­կար ճամ­բայ կտրած ըն­կեր­ներ եւ բա­րե­կամ­ներ, գրու­թիւն­նե­րով եւ կեն­դա­նի յու­շե­րով՝ ընկ. ­Յով­սէ­փէն։

Պի­տի բա­ւա­կա­նանք յայտ­նե­լու, թէ ան տի­պար եւ օ­րի­նա­կե­լի ըն­տա­նիք մը կազ­մեց, ուր ա­նոր ա­մէն մէկ ան­դամ, իր ծա­ռա­յա­սի­րու­թեան օ­րի­նա­կով, կը շա­րու­նա­կէ մաս­նա­կից ըլ­լալ հայ կեան­քին։ Ա­նոնք կը շա­րու­նա­կեն քա­լել ընկ. ­Յով­սէ­փի ճամ­բէն, իր անսպառ ներշն­չու­մով, գոր­ծին ան­վա­խօ­րէն նա­յե­լու յատ­կա­նիշ­նե­րով ու իր յե­տին թո­ղած նո­ւի­րու­մի ժա­ռան­գին հա­մա­ձայն։

Կը մաղ­թենք, որ ա­պա­գա­յին յու­նա­հայ գա­ղու­թի պատ­մա­բա­նը՝ հա­մա­պար­փակ եւ ման­րա­մասն կեր­պով, գա­ղու­թի մա­տեա­նին մէջ ոս­կի գի­րե­րով պի­տի ար­ձա­նագ­րէ ընկ. Յով­սէփ ­Պա­րա­զեա­նի ծա­ռա­յու­թեան եւ անձ­նո­ւի­րու­թեան մե­ծու­թիւ­նը։
Յի­շա­տա­կը՝ ան­թա­ռամ։

«Ա.Օ.»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Այցելություն ՀԱԵ Ֆրանսիայի Հայոց թեմ

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Ֆրանսիայի հայկական կազմակերպությունների համակարգող խորհրդի

02 Դեկտեմբեր 2025
Ալմելոյում կայացել է ՀՅԴ Հայ դատի Եվրո

ՀՅԴ Հայ դատի Եվրոպայի գրասենյակի նախաձեռնությամբ՝ նոյեմբերի 29-ին և 30-ին Ալմե

01 Դեկտեմբեր 2025
Խմբագրական. Փաշինեանի փարիրսեցիութիւնը

Հայաստանի հոգեւոր եւ ազգային կեանքի վերջին օրերի իրադարձութիւնները վկայում են

01 Դեկտեմբեր 2025
Պարզապես լինել տրոյական ձի

Ու հիմա, ինքնաարդարացման ճիգի մեջ, 26 տարվա հեռվից հանկարծ մտքի պայծառացումով

30 Նոյեմբեր 2025
Խմբագրական. Կենսունակ Պետութիւն․Աղբալե

Ազգային գաղափարախօսութեան շուրջ համախմբուած հասարակութիւնն է, դարձեալ ըստ Աղբա

29 Նոյեմբեր 2025
Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի մարզաշակութային համ

Շաբաթ, 22 Նոյեմբեր 2025-ը այսուհետեւ իր յատուկ տեղը պիտի ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տօն

28 Նոյեմբեր 2025
Սա մաքրվելու, ջրեր զուլալելու, թացը չո

Տարիներ հետո պատմաբանները Հայաստանի այս շրջանի մասին կգրեն, որ Արցախը հանձնած,

27 Նոյեմբեր 2025
Համընդհանուր վտանգ, համազգային դիմագրա

6. Եւ միւս կողմից ունենք այսպէս ասած՝ շւարած-սպասողական Սփիւռք, միաժամանակ մտա

27 Նոյեմբեր 2025
Խմբագրական. ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մէջ Մշակութային

Պարզ է, որ նման համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող կառոյցներու մէջ ընտրութիւնն

27 Նոյեմբեր 2025
Խմբագրական. «Խաղաղութիւն»՝ վաճառքի հա

Այս համատեքստում կարեւոր է յատկապէս գիտակցել այն իրողութիւնը, որ այս ամէնը Զել

26 Նոյեմբեր 2025
Ծախողը, գնողը եւ զոհերը…

Եւրոպացի ժողովուրդները կանդրադառնա՞ն արդեօք, որ այս ընթացքով, իրենց ղեկավարներ

26 Նոյեմբեր 2025
Ազդեցության գործակալները, Բաքվից վերադ

«Ադրբեջանը, Ալիեւի վարչակազմը պետք է իմանա՝ ինքը ում հետ հանդիպել է, դրանք հայ

26 Նոյեմբեր 2025
Կրակի բռնկումը պատահական չէ

Մի քանի օր է, ինչ Տավուշի մարզում, Գեղարքունիքի մարզում հրդեհները մոլեգնում են

26 Նոյեմբեր 2025
Մենք ունենք մեկ թիրախ, դա այսօրվա այս

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ այսօր՝ նոյեմբերի 26–ին, Ազգային ժող

26 Նոյեմբեր 2025
Սահմանադրութիւնը Գինի Չէ՛, Ո՛չ Ալ Հեղո

Ճարպիկի ու խորամանկի պատմուճան հագած՝ ան հպանցիկ անդրադարձաւ Արցախի փշոտ հարցի

26 Նոյեմբեր 2025
Ո՞վ Կը Քաղաքականացնէ Եկեղեցին

Ստեղծուած անիրաւ տագնապի սկզբնաւորութեան Նիկոլ Փաշինեան կը ծրագրէր ժողովրդային

26 Նոյեմբեր 2025
Ակնարկ. Լրացուցիչ Յայտարարութիւններ Եւ

Իսրայէլի իրականացուցած գործողութիւնները Հըզպալլայի կեդրոններու եւ պատասխանատու

26 Նոյեմբեր 2025
Հայաստանը վճարում է ամերիկյան հանրային

Ավելի կարևոր է, որ «Սպիտակ փաստաթուղթը» խեղաթյուրում է Հայաստանի Սահմանադրութ

25 Նոյեմբեր 2025
Ադրբեջանի իրական նպատակը ոչ թե խաղաղու

Արցախի ԱԺ նախկին փոխնախագահ, Արտաքին հարաբերությունների մշտական հանձնաժողովի ն

25 Նոյեմբեր 2025
ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավորն

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավորներ Լիլիթ Գալստյանը, Աննա Գրիգորյանը,

25 Նոյեմբեր 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company