ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Պատմութիւն, իրադարձութիւններ, գործիչներ

Մշոյ Գեղամ (Տէր-Կարապետեան, 1865-1918). Երախտաշատ Գաղափարի մարտիկը

28 Նոյեմբեր 2019 Ե­թէ 19րդ ­դա­րա­վեր­ջին թափ ա­ռած հայ յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժու­մը կը շա­րու­նա­կէ, մին­չեւ մեր օ­րե­րը, գա­ղա­փա­րա­կան ներշնչ­ման անս­պառ աղ­բիւր հան­դի­սա­նալ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն հա­մար, բա­ցատ­րու­թիւ­նը պէտք է փնտռել ­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի խա­րոյ­կը վա­ռած ան­զու­գա­կան սե­րուն­դին ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան մէջ։


Ե­թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը կրցաւ ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­մի իր պայ­քա­րին առ­ջեւ ու­ղի հար­թել եւ յա­ռաջ շար­ժիլ՝ հա­կա­ռակ ի­րեն պար­տադ­րո­ւած ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով կռիւ­նե­րուն, դի­մագ­րա­ւե­լով օր­հա­սա­կան վտանգ­նե­րը եւ վե­րա­կանգ­նե­լով իր ստա­ցած մա­հա­ցու հա­րո­ւած­նե­րէն, պատ­ճա­ռը ըստ ա­մե­նայ­նի պէտք է փնտռել հայ յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժու­մը շղթա­յա­զեր­ծած ու «­Մահ կամ Ա­զա­տու­թիւն» պայ­քա­րը հու­նա­ւո­րած գա­ղա­փա­րա­պաշտ սե­րուն­դին ազ­գա­յին մար­տու­նա­կու­թեան ու բա­րո­յա­կան նե­րու­ժին մէջ։

Ա­նո­ւա­նի եւ ա­նա­նուն, մե­ծահռ­չակ ու խո­նարհ հե­րոս­նե­րու ամ­բողջ փա­ղանգ մը ա­զա­տու­թեան ճա­նա­պար­հին նո­ւի­րա­բե­րած անկրկ­նե­լի այդ սե­րուն­դին ար­ժա­նա­ւոր նա­խա­կա­րա­պետ­նե­րէն է Մ­շոյ ­Գե­ղա­մը, ո­րուն վախ­ճա­նու­մին 101րդ ­տա­րե­լի­ցը կը լրա­նայ ­Նո­յեմ­բեր 28ի այս օ­րը։

Ու­սու­ցիչ եւ ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի քար­տու­ղար, բա­նա­հա­ւաք եւ շնոր­հա­լի գրող, ան­վե­հեր յե­ղա­փո­խա­կան եւ դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վար գոր­ծիչ՝ Մ­շոյ ­Գե­ղամ ա­ւե­լի քան քա­ռորդ դար իր դրոշ­մը դրաւ ­Տա­րօն Աշ­խար­հի լեռ­նե­րուն եւ դաշ­տե­րուն վրայ թե­ւա­ծած ­Հա­յոց Ա­զա­տա­մար­տին վրայ։

Հայ ազ­գա­յին շուն­չով մար­տու­նակ սե­րունդ դաս­տիա­րա­կեց, օս­մա­նեան բռնու­թեանց դէմ ան­վե­հեր ծա­ռա­ցու­մի օ­րի­նա­կը վա­րա­կիչ դարձ­նող ան­կեղծ զի­նո­ւո­րը ե­ղաւ, ժո­ղովր­դա­յին ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կազ­մա­կերպ­ման ու մար­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան հզօ­րաց­ման նո­ւի­րա­բե­րեց իր բո­լոր ու­ժե­րը, իսկ 1908ի Օս­մա­նեան Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն մին­չեւ ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թեամբ 28 ­Նո­յեմ­բեր 1918ի իր վախ­ճա­նը՝ Մ­շոյ ­Գե­ղամ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս ներ­կա­յա­ցուց ­Տա­րօ­նի հա­յու­թիւ­նը եւ ընդ­հան­րա­պէս ա­րեւմ­տա­հա­յու­թիւ­նը, իբ­րեւ օս­մա­նեան ­խորհր­դա­րա­նի դաշ­նակ­ցա­կան պատ­գա­մա­ւոր։
Տատ­րակ եւ Ա­սո­ղիկ ծած­կա­նուն­նե­րով ծա­նօթ՝ ­Գե­ղամ ­Տէր-­Կա­րա­պե­տեան հա­րա­զատ զա­ւակն է ­Տա­րօն Աշ­խար­հի։ Ծ­նած էր 1865ին, Մ­շոյ ­Դաշ­տի ­Խէյ­պան գիւ­ղը. որ­դին էր ամ­բողջ շրջա­նէն ներս հա­ւա­տա­ցեալ եւ ու­սում­նա­սէր հա­յու համ­բաւ վա­յե­լող Կա­րա­պետ ­Քա­հա­նայ ­Տէր-­Կա­րա­պե­տեա­նի, որ ե­ղաւ ազ­գա­յին ո­գի եւ գրա­կա­նու­թեան սէր ջամ­բող ա­ռա­ջին ու­սու­ցի­չը մա­նուկ ­Գե­ղա­մին՝ ծննդա­վայ­րի ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նին մէջ նա­խակր­թա­կան ուս­ման շրջա­նին։ 1876ին ­Գե­ղամ ար­դէն սան էր Մ­շոյ Ս. ­Կա­րա­պետ վան­քի ժա­ռան­գա­ւո­րաց վար­ժա­րա­նին, որ այդ տա­րի­նե­րուն, Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կի շուն­չին տակ, կը բո­լո­րէր ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան հնո­ցի իր ա­մէ­նէն բուռն շրջա­նը։ ­Ժա­ռան­գա­ւո­րա­ցը ա­ւար­տե­լով 1883ին, ­Գե­ղամ եր­կու տա­րի ու­սա­նե­ցաւ ­Մու­շի ­Միա­ցեալ Ըն­կե­րու­թեան վար­ժա­րա­նին մէջ, ա­պա մեկ­նե­ցաւ Ս. Էջ­միա­ծին, ուր 1885էն 1887 հե­տե­ւե­ցաւ ­Գէոր­գեան ­Ճե­մա­րա­նի ջամ­բած հա­յոց պատ­մու­թեան եւ գրա­կա­նու­թեան բարձ­րո­րակ ուս­ման դա­սըն­թացք­նե­րուն։

Գե­ղամ ­Տէր-­Կա­րա­պե­տեան ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­ւո­րու­մով եւ գրա­կան-ի­մա­ցա­կան լայն պա­շա­րով զի­նո­ւած 22ա­մեայ ե­րի­տա­սարդ էր 1887ին, երբ ու­սու­մը ա­ւար­տած Էջ­միած­նէն վե­րա­դար­ձաւ ծննդա­վայր։ ­Թէեւ քա­հա­նայ հօր ջերմ փա­փաքն էր, որ որ­դին յա­ջոր­դէ ի­րեն եւ ստանձ­նէ իր ծու­խին քա­հա­նա­յու­թիւ­նը, բայց ­Գե­ղամ ար­դէն կա­տա­րած էր ազ­գա­յին ծա­ռա­յու­թեան իր աս­պա­րէ­զին ընտ­րու­թիւ­նը՝ նո­ւի­րո­ւե­լով կրթա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան ե­ռուն գոր­ծու­նէու­թեան, ի սպաս հա­յոց նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու հո­գեմ­տա­ւոր լու­սա­ւո­րու­թեան եւ յե­ղա­փո­խա­կան ինք­նա­կազ­մա­կերպ­ման։

1888ին հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Մուշ, որ ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ քա­ղաք էր։ ­Գե­ղամ Տէր-­Կա­րա­պե­տեա­նի վստա­հո­ւե­ցաւ ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի քար­տու­ղա­րու­թիւ­նը, որ ե­րի­տա­սարդ յե­ղա­փո­խա­կա­նին առ­ջեւ լայն աս­պա­րէզ բա­ցաւ թէ՛ սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դի տար­բեր շեր­տե­րուն, թէ՛ թուրք եւ օ­տար պաշ­տօ­նա­կան շրջա­նակ­նե­րու հետ մօ­տէն շփո­ւե­լու եւ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­լու։ Հա­զիւ տա­րի մը ետք, 1889ին, պա­տա­հե­ցաւ ­Կիւ­լի­զա­րի ա­ռե­ւանգ­ման աղմ­կա­յա­րոյց գայ­թակ­ղու­թիւ­նը, որ ոչ միայն ցնցեց ողջ հա­յու­թիւ­նը՝ լայն ար­ձա­գանգ գտնե­լով նաեւ եւ­րո­պա­կան մա­մու­լին մէջ, այ­լեւ դար­ձա­կէտ մը ե­ղաւ նոյ­նինքն ե­րի­տա­սարդ ­Գե­ղա­մի կեան­քին մէջ։

Կիւ­լի­զար դե­ռա­տի դուստրն էր Մ­շոյ ­Դաշ­տի ­Ղարս գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րէն ­Մե­րո­յի։ Ա­ւա­զա­կա­բա­րոյ քիւրտ ա­շի­րա­թա­պետ ­Մու­սա բէկ ա­ռե­ւան­գած էր դե­ռա­հաս հա­յու­հին։ Նախ ­Տա­րօն Աշ­խար­հի ողջ հա­յու­թիւ­նը, ա­պա մին­չեւ ­Պո­լիս եւ ­Կով­կաս տա­րա­ծո­ւած մեր ժո­ղո­վուր­դը մէկ մար­դու պէս ծա­ռա­ցաւ ­Կիւ­լի­զա­րի ա­ռե­ւանգ­ման յան­ցա­գոր­ծու­թեան դէմ՝ պա­հան­ջե­լով հա­յու­հիին վե­րա­դար­ձը իր հա­րա­զատ­նե­րուն եւ յան­ցա­գործ ­Մու­սա բէ­կի դա­տա­պար­տումն ու պատ­ժու­մը։ ­Գայ­թակ­ղու­թիւ­նը լայն ար­ձա­գանգ գտաւ եւ­րո­պա­կան մա­մու­լի է­ջե­րուն եւ ա­մէն կող­մէ ճնշու­մը սաստ­կա­ցաւ Հա­մի­տեան բռնա­տի­րու­թեան վրայ, որ­պէս­զի վերջ դրո­ւի հա­մա­տա­րած օ­րի­նա­խախ­տում­նե­րուն եւ ան­պատ­ժե­լիու­թեան։ Ճն­շու­մին տակ, ­Սուլ­թա­նը ձեր­բա­կա­լել տո­ւաւ յան­ցա­գործ ­Մու­սա բէ­կը, որ նախ ­Կիւ­լի­զա­րը վե­րա­դար­ձուց իր հա­րա­զատ­նե­րուն, ա­պա՝ տա­րո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս եւ ար­ժա­նա­ցաւ այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին հա­մար ան­նա­խա­դէպ խիստ դա­տա­վա­րու­թեան։ Մ­շոյ ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին կող­մէ ­Պո­լիս ղրկո­ւե­ցան Մ­շոյ ­Դաշ­տի յի­սուն գիւ­ղա­պե­տեր՝ ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի քար­տու­ղար ­Գե­ղամ Տէր-­Կա­րա­պե­տեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, որ­պէս­զի ի­րենց վկա­յու­թիւն­նե­րով եւ մե­ղադ­րա­կան­նե­րով սա­տա­րեն ար­դար դա­տա­վա­րու­թեան մը կա­յա­ցու­մին։ Դա­տա­վա­րու­թիւ­նը ար­դիւ­նա­ւոր ե­ղաւ։ ­Մու­սա բէկ մե­ղադ­րո­ւե­ցաւ եւ դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ բան­տար­կու­թեան՝ գո­հու­նա­կու­թեան ա­լիք մը բարձ­րաց­նե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դին մէջ։

Գե­ղամ ­Տէր-­Կա­րա­պե­տեան յաղ­թա­կան վե­րա­դար­ձաւ ­Մուշ։ ե­րի­տա­սարդ գոր­ծի­չին հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը բարձ­րա­ցած էր մեր ժո­ղո­վուր­դի աչ­քին։ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի քար­տու­ղա­րը դար­ձաւ պա­հա­պանն ու պաշտ­պա­նը այն բո­լոր հա­յոր­դի­նե­րուն, ո­րոնք թրքա­կան եւ քրտա­կան հարս­տա­հա­րում­նե­րու կամ օ­րի­նա­զան­ցու­թեանց դէմ բո­ղո­քե­լու հա­մար՝ կը դի­մէին ա­ռաջ­նոր­դա­րան, յատ­կա­պէս քար­տու­ղար ­Գե­ղամ Տէր-­Կա­րա­պե­տեա­նին վստա­հե­լով ի­րենց ոտն­կո­խո­ւած ի­րա­ւունք­նե­րուն վե­րա­կանգ­նու­մը։ ­Միա­ժա­մա­նակ՝ սի­րոյ կապ մը ստեղ­ծո­ւած էր ­Գե­ղա­մի եւ ­Կիւ­լի­զա­րի մի­ջեւ, ինչ որ 1892ին պսա­կո­ւե­ցաւ ե­րի­տա­սարդ զոյ­գին ա­մուս­նու­թեամբ։

1890ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան, յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժու­մը վա­րա­կած էր ողջ հա­յու­թեան նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րը, ո­րոնք Ա­րա­բո­յի նման ա­ռա­ջին հայ ֆե­տա­յի­նե­րու հե­րո­սա­կան ըմ­բոս­տա­ցու­մը ներշնչ­ման աղ­բիւր եւ օ­րի­նա­կե­լի վար­քա­գիծ դար­ձու­ցած էին։ Քր­տա­կան եւ թրքա­կան շա­հա­տա­կու­թիւն­ներն ու խժդժու­թիւն­նե­րը սե­փա­կան ու­ժե­րով սան­ձե­լու ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը վա­րա­կած էր բո­լո­րը։ ­Գե­ղամ ­Տէր-­Կա­րա­պե­տեան դար­ձաւ յա­ռա­ջա­մար­տիկ­նե­րէն մէ­կը Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կի շուն­չով թրծո­ւած յե­ղա­փո­խա­կան հա­յոր­դի­նե­րուն, ինչ­պի­սին էին ­Մար­գար ­Վար­ժա­պետն ու ­Ներ­սէս Վար­դա­պետ ­Ղա­րա­խա­նեա­նը, ո­րոնք ի­րա­րու ձեռք եր­կա­րե­ցին եւ միաս­նա­բար լծո­ւե­ցան ապս­տամ­բա­կան շար­ժու­մը միա­ւո­րե­լու աշ­խա­տան­քին։ ­Հայ ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան ե­րեք կու­սակ­ցու­թիւն­ներն ալ կազ­մո­ւած էին ար­դէն։ ­Գե­ղամ ­Տէր-­Կա­րապ­տեան, Մար­գար ­Վար­ժա­պետ եւ ­Ներ­սէս ­Ղա­րա­խա­նեան ­Վար­դա­պետ մօ­տե­ցան Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ ա­նոր դրօ­շին տակ թափ տո­ւին ի­րենց յե­ղա­փո­խա­կան-կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն։

1894ին, սա­կայն, ­Հա­մի­տեան կո­տո­րած­նե­րը սկսան եւ ­Սուլ­թա­նը բան­տե­րէն ա­զատ ար­ձա­կեց թուրք թէ քիւրտ յան­ցա­գործ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը՝ ա­նոնց հա­կա­հայ մո­լուց­քը ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով հրահ­րե­լու եւ սուլ­թա­նա­կան գա­հին ծա­ռա­յեց­նե­լու հա­մար։ Այ­դօ­րի­նակ ա­զատ ար­ձա­կո­ւած չա­րա­գործ­նե­րէն մէ­կը ­Մու­սա բէկն էր, որ հա­կա­հայ «վրէժխնդ­րու­թեան» իր թոյ­նը թա­փե­լու ա­զատ աս­պա­րէզ գտաւ՝ ­Հա­մի­տեան կո­տո­րած­նե­րուն գլխա­ւոր գոր­ծա­կա­տար­նե­րէն մէ­կը դառ­նա­լով։ ­Մու­սա բէկ փոր­ձեց նաեւ ա­ռի­թէն օգ­տո­ւիլ եւ անձ­նա­կան «հա­շո­ւե­յար­դար» կա­տա­րել ­Գե­ղամ Տէր-­Կա­րա­պե­տեա­նի հետ… Այդ նկա­տա­ռու­մով ու ըն­կեր­նե­րուն յոր­դոր­նե­րուն ան­սա­լով՝ ­Գե­ղամ առ­ժա­մա­պէս հե­ռա­ցաւ ­Մու­շէն եւ եր­կու տա­րի մնաց ­Տիգ­րա­նա­կերտ, ուր նոյն­պէս ստանձ­նեց քար­տու­ղա­րու­թիւ­նը տեղ­ւոյն հա­յոց ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին։

Մու­շէն հե­ռու մնա­լը ար­գելք չե­ղաւ, որ­պէս­զի ­Գե­ղամ ա­ւե­լի աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լէ՝ թէ՛ ­Հա­մի­տեան կո­տո­րած­նե­րուն մա­սին ի­րա­զե­կի թղթակ­ցու­թիւն­ներ ու­ղար­կե­լով Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ին, թէ՛ իր հա­ւա­քած տո­ւեալ­նե­րով մաս­նա­կից դառ­նա­լով եւ­րո­պա­կան տէ­րու­թեանց ուղ­ղուած պաշ­տօ­նա­կան տե­ղե­կա­գիր­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան, հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծադ­րո­ւած սուլ­թա­նա­կան խժդժու­թեանց մա­սին։

Գե­ղամ ­Տէր-­Կա­րա­պե­տեան 1896ին վե­րա­դար­ձաւ ­Մուշ, ուր վերս­տին ստանձ­նեց ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի քար­տու­ղա­րու­թիւ­նը, միա­ժա­մա­նակ ու­սուց­չու­թիւն ը­նե­լով քա­ղա­քի Մ­խի­թա­րեան­նե­րու վար­ժա­րա­նին մէջ։ Սկ­սաւ Մ­շոյ ­Գե­ղա­մի յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծու­նէու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն շրջա­նը, որ եր­կա­րե­ցաւ մին­չեւ 1908ի Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մը։

Ա­ւե­լի քան 12 տա­րի, Մ­շոյ ­Գե­ղամ մնա­յուն կեր­պով ընտ­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Դու­րան-­Բարձ­րա­ւան­դա­կի Կ. ­Կո­մի­տէի ան­դամ եւ սերտ գոր­ծա­կի­ցը դար­ձաւ Հ­րայր-Դ­ժոխ­քի ու ­Գէորգ ­Չա­ւու­շի, միաս­նա­բար ա­մուր հի­մե­րու վրայ դնե­լով կազ­մա­կեր­պու­մը Տա­րօ­նի հա­յու­թեան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծին։ Իր պատ­րաս­տու­թեամբ եւ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան հե­ղի­նա­կու­թեամբ, Մ­շոյ ­Գե­ղամ գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն դար­ձաւ մէկ կող­մէ ­Տա­րօ­նի հա­յու­թեան կրթա­կան-հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­մին, իսկ միւս կող­մէ՝ Հ.Յ.Դ. քա­ղա­քա­կան- յա­րա­բե­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն, Երկ­րի մէջ տի­րող յան­ցա­գոր­ծու­թեանց եւ ա­մե­նա­թո­ղու­թեան վի­ճա­կին դէմ հա­յու­թեան բո­ղո­քը պաշ­տօ­նա­պէս ղե­կա­վա­րե­լով։

Ա­ռա­ջին ուղ­ղու­թեամբ՝ մեծ ե­ղաւ Մ­շոյ ­Գե­ղա­մի ներդ­րու­մը ­Տա­րօ­նի շրջա­նի գիւ­ղե­րը ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րով օժ­տե­լու գոր­ծին մէջ։ Իսկ երկ­րորդ մար­զի պա­րա­գա­յին, ա­ռա­ւե­լա­բար իր ջան­քե­րուն շնոր­հիւ եւ­րո­պա­կան տէ­րու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կա­կան տե­ղե­կա­գիր­նե­րով ի­րա­զեկ պա­հո­ւե­ցան ­Հա­մի­տեան սան­ձար­ձա­կու­թեանց մա­սին՝ հա­մա­պա­տաս­խան ազ­դու մի­ջամ­տու­թեան պա­հան­ջը շեշ­տե­լով եւ հա­յան­պաստ քա­րոզ­չու­թեան թափ տա­լով ու ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի ար­դար լուծ­ման ի նպաստ օ­տար հան­րա­յին կար­ծիք պատ­րաս­տե­լով։ ­Թէ՛ 1904ի եւ թէ 1907ի ­Սաս­նոյ ապս­տամ­բու­թեանց ժա­մա­նակ, Մ­շոյ ­Գե­ղա­մի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը այս վեր­ջին ա­ռու­մով մե­ծա­պէս վճռո­րոշ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցաւ։ Իր այս ծա­ռա­յու­թեանց վրայ հիմ­նո­ւե­լով էր, որ 1908ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն ետք, ­Գե­ղամ ­Տէր-­Կա­րա­պե­տեան օս­մա­նեան խորհրդա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր ա­ռա­ջադ­րո­ւե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կող­մէ, լայն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեամբ յաղ­թեց ընտ­րու­թիւն­նե­րուն եւ Երկ­րի հա­յու­թեան ազ­գա­յին ու մա­նա­ւանդ հո­ղա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն քա­ջա­րիպաշտ­պա­նը հան­դի­սա­ցաւ խորհր­դա­րա­նէն ներս։ 1911ին նաեւ գրքոյկ մը հրա­տա­րա­կեց հո­ղա­յին հար­ցի ար­դար լուծ­ման ի խնդիր։

Յե­ղա­փո­խա­կան-քա­ղա­քա­կան թէ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան ե­ռուն իր գոր­ծու­նէու­թեան զու­գա­հեռ, Մ­շոյ ­Գե­ղամ շա­րու­նակ ստեղ­ծա­գոր­ծեց գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան թէ բա­նա­հա­ւաք­ման ու բա­նա­սի­րու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս։ Մ­շոյ Ս. ­Կա­րա­պետ վան­քին մէջ ա­շա­կեր­տած էր ­Գա­րե­գին Ե­պիս­կո­պոս Ս­րո­ւանձ­տեան­ցի, նաեւ՝ գրա­կան իր կեան­քի ըն­թաց­քին հա­ւա­տա­րիմ շա­րու­նա­կո­ղը ե­ղաւ իր ու­սուց­չին։ ­Մեր ժո­ղո­վուր­դին բա­նա­ւոր ժա­ռան­գու­թիւ­նը կո­րուս­տէ փրկե­լու օրհ­նա­բեր կիր­քը միշտ աշ­խոյժ պա­հեց զինք, հա­ւա­քեց եւ գրի ա­ռաւ մեր ժո­ղո­վուր­դին բա­նա­ւոր պահ­պա­նած գրա­կան գան­ձե­րը։ ­Նաեւ՝ ան­խոնջ ու­սում­նա­սի­րո­ղը ե­ղաւ մեր մշա­կու­թա­յին հարս­տու­թեան եւ ա­տե­նի հայ մա­մու­լի է­ջե­րուն բա­զում են իր ստո­րագ­րու­թեամբ լոյս տե­սած յօ­դո­ւած­ներն ու աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րը հայ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­դա­րեան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց մա­սին։

Գե­ղամ ­Տէր-­Կա­րա­պե­տեան իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան թէ յե­ղա­փո­խա­կան կեան­քի ա­մէ­նէն բե­ղուն շրջա­նին կը գտնո­ւէր, երբ ա­նո­ղոք հիւ­ծախ­տը մարմ­նա­պէս հա­րո­ւա­ծեց հայ ժո­ղո­վուր­դի ե­րախ­տա­շատ այս ծնուն­դին։ ­Հիւ­ծախ­տը հան­րա­յին կեան­քէն ա­կա­մայ հե­ռա­ցու­ցած էր ար­դէն Մ­շոյ ­Գե­ղա­մին 1915ին, երբ պայ­թե­ցաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը եւ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը ի գործ դրաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի բնաջնջ­ման կան­խամ­տա­ծո­ւած ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճի­րը։ Մ­շոյ ­Գե­ղամ չկար Ապ­րիլ 24ին ձեր­բա­կա­լո­ւած եւ ա­րա­գօ­րէն սպան­նո­ւած մեր նա­հա­տակ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան շար­քին։

Հի­ւան­դու­թեան պատ­ճա­ռով իբր թէ… խնա­յե­ցին զինք։ Ի­րո­ղու­թիւ­նը դառն ու հեգ­նա­կան ճիշդ հա­կա­ռակն է. սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին եւ մտքի ու կռո­ւի իր ըն­կեր­նե­րուն դէմ գոր­ծադ­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը շատ ա­ւե­լի ծանր ճնշեց Մ­շոյ Գե­ղա­մին վրայ, քան նոյ­նինքն հիւ­ծախ­տը։ Ար­հա­ւիր­քի օ­րե­րուն, մա­հա­մեր­ձի իր սնա­րին մէջ, սկսաւ գրել «Ապ­րի­լեան ­Կո­տո­րա­ծը» խո­րագ­րով իր աշ­խա­տու­թիւ­նը, բայց մա­հը թոյլ չտո­ւաւ, որ ամ­բող­ջաց­նէ զայն։

Եւ 28 ­Նո­յեմ­բեր 1918ին, ­Պոլ­սոյ մէջ, Ա­ռա­ջին Աշ­խա­րա­հա­մար­տի ա­ւար­տէն քա­նի մը շա­բաթ ետք, առ­յա­ւէտ փա­կո­ւե­ցան ան­բու­ժե­լի հի­ւան­դու­թեան դէմ պայ­քա­րէն յոգ­նա­բեկ, այ­լեւ ­Հա­յոց ­Գող­գո­թա­յի ա­հա­ւո­րու­թեան վկա­յի ցա­ւա­տանջ աչ­քե­րը հայ ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ար­ժա­նա­ւոր մշա­կին, բա­ռին լիար­ժէք ի­մաս­տով գա­ղա­փա­րի մար­տիկ ­Գե­ղամ ­Տէր-­Կա­րա­պե­տեա­նի՝ Մ­շոյ ­Գե­ղա­մին։

Ն.

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Այցելություն ՀԱԵ Ֆրանսիայի Հայոց թեմ

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Ֆրանսիայի հայկական կազմակերպությունների համակարգող խորհրդի

02 Դեկտեմբեր 2025
Ալմելոյում կայացել է ՀՅԴ Հայ դատի Եվրո

ՀՅԴ Հայ դատի Եվրոպայի գրասենյակի նախաձեռնությամբ՝ նոյեմբերի 29-ին և 30-ին Ալմե

01 Դեկտեմբեր 2025
Խմբագրական. Փաշինեանի փարիրսեցիութիւնը

Հայաստանի հոգեւոր եւ ազգային կեանքի վերջին օրերի իրադարձութիւնները վկայում են

01 Դեկտեմբեր 2025
Պարզապես լինել տրոյական ձի

Ու հիմա, ինքնաարդարացման ճիգի մեջ, 26 տարվա հեռվից հանկարծ մտքի պայծառացումով

30 Նոյեմբեր 2025
Խմբագրական. Կենսունակ Պետութիւն․Աղբալե

Ազգային գաղափարախօսութեան շուրջ համախմբուած հասարակութիւնն է, դարձեալ ըստ Աղբա

29 Նոյեմբեր 2025
Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի մարզաշակութային համ

Շաբաթ, 22 Նոյեմբեր 2025-ը այսուհետեւ իր յատուկ տեղը պիտի ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տօն

28 Նոյեմբեր 2025
Սա մաքրվելու, ջրեր զուլալելու, թացը չո

Տարիներ հետո պատմաբանները Հայաստանի այս շրջանի մասին կգրեն, որ Արցախը հանձնած,

27 Նոյեմբեր 2025
Համընդհանուր վտանգ, համազգային դիմագրա

6. Եւ միւս կողմից ունենք այսպէս ասած՝ շւարած-սպասողական Սփիւռք, միաժամանակ մտա

27 Նոյեմբեր 2025
Խմբագրական. ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մէջ Մշակութային

Պարզ է, որ նման համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող կառոյցներու մէջ ընտրութիւնն

27 Նոյեմբեր 2025
Խմբագրական. «Խաղաղութիւն»՝ վաճառքի հա

Այս համատեքստում կարեւոր է յատկապէս գիտակցել այն իրողութիւնը, որ այս ամէնը Զել

26 Նոյեմբեր 2025
Ծախողը, գնողը եւ զոհերը…

Եւրոպացի ժողովուրդները կանդրադառնա՞ն արդեօք, որ այս ընթացքով, իրենց ղեկավարներ

26 Նոյեմբեր 2025
Ազդեցության գործակալները, Բաքվից վերադ

«Ադրբեջանը, Ալիեւի վարչակազմը պետք է իմանա՝ ինքը ում հետ հանդիպել է, դրանք հայ

26 Նոյեմբեր 2025
Կրակի բռնկումը պատահական չէ

Մի քանի օր է, ինչ Տավուշի մարզում, Գեղարքունիքի մարզում հրդեհները մոլեգնում են

26 Նոյեմբեր 2025
Մենք ունենք մեկ թիրախ, դա այսօրվա այս

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ այսօր՝ նոյեմբերի 26–ին, Ազգային ժող

26 Նոյեմբեր 2025
Սահմանադրութիւնը Գինի Չէ՛, Ո՛չ Ալ Հեղո

Ճարպիկի ու խորամանկի պատմուճան հագած՝ ան հպանցիկ անդրադարձաւ Արցախի փշոտ հարցի

26 Նոյեմբեր 2025
Ո՞վ Կը Քաղաքականացնէ Եկեղեցին

Ստեղծուած անիրաւ տագնապի սկզբնաւորութեան Նիկոլ Փաշինեան կը ծրագրէր ժողովրդային

26 Նոյեմբեր 2025
Ակնարկ. Լրացուցիչ Յայտարարութիւններ Եւ

Իսրայէլի իրականացուցած գործողութիւնները Հըզպալլայի կեդրոններու եւ պատասխանատու

26 Նոյեմբեր 2025
Հայաստանը վճարում է ամերիկյան հանրային

Ավելի կարևոր է, որ «Սպիտակ փաստաթուղթը» խեղաթյուրում է Հայաստանի Սահմանադրութ

25 Նոյեմբեր 2025
Ադրբեջանի իրական նպատակը ոչ թե խաղաղու

Արցախի ԱԺ նախկին փոխնախագահ, Արտաքին հարաբերությունների մշտական հանձնաժողովի ն

25 Նոյեմբեր 2025
ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավորն

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավորներ Լիլիթ Գալստյանը, Աննա Գրիգորյանը,

25 Նոյեմբեր 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company