ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Պատմութիւն, իրադարձութիւններ, գործիչներ

11 Դեկտեմբեր 1946. Մ.Ա.Կ. որդեգրեց Ցեղասպանութեան դատապարտումի որոշումը

11 Դեկտեմբեր 2019 Մին­չեւ Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տը, մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ կա­րե­ւո­րու­թեամբ իր օ­րա­կար­գի ա­ռաջ­նա­հերթ նիւ­թե­րէն մէ­կը դար­ձու­ցած չէր Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­ճի­րը — իբ­րեւ մարդ­կու­թեան դէմ ծան­րա­գոյն յան­ցա­գոր­ծու­թեան — դա­տա­պար­տե­լու, օ­րէն­քով պատ­ժե­լի հռչա­կե­լու եւ կան­խար­գի­լե­լու մեծ խնդի­րը։

Հա­կա­ռակ 19րդ ­դա­րու սկիզբ­նե­րուն թափ ա­ռած գաղ­թա­րա­րա­կան խօլ մրցա­պայ­քա­րին, որ զան­գո­ւա­ծա­յին բնաջն­ջում­նե­րու մի­ջո­ցաւ Եւ­րո­պա­յի մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րու լու­ծին կ­’են­թար­կէր ամ­բողջ ժոո­վուրդ­ներ ­Հին Աշ­խար­հի տա­րած­քին, ­Մի­ջազ­գա­յին Ի­րա­ւուն­քի եւ Օ­րէն­քի հիմ­նա­կան փաս­տա­թուղ­թերն ու ուխ­տա­գիր­նե­րը ոչ միայն դա­տա­պար­տան­քի խօսք չէին պա­րու­նա­կեր Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դէմ, այ­լեւ՝ յայտ­նա­գոր­ծած ու շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրած չէին նոյ­նինքն ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բառն ան­գամ։

Ցե­ղաս­պա­նու­թեան իբ­րեւ մարդ­կու­թեան դէմ ծան­րա­գոյն ո­ճի­րի սահ­մա­նումն ու դա­տա­պար­տու­մը ա­ռա­ջին ան­գամ կա­տա­րո­ւե­ցան ­Դեկ­տեմ­բեր 11ի այս օ­րը, 73 տա­րի ա­ռաջ, երբ այդ օ­րե­րուն նոր կազ­մո­ւած ­Միա­ցեալ Ազ­գե­րու ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը իր Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գին վրայ բե­րաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­տա­պարտ­ման հար­ցը եւ որ­դեգ­րեց իր թիւ 96/1 ո­րո­շու­մը։ Այդ ո­րո­շու­մը հան­դի­սա­ցաւ, ­Մի­ջազ­գա­յին Ի­րա­ւուն­քի պատ­մու­թեան մէջ, հիմ­նա­քա­րը ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը իբ­րեւ մե­ծա­գոյն յան­ցա­գոր­ծու­թիւն ճանչ­նա­լու, դա­տա­պար­տե­լու, կան­խար­գի­լե­լու եւ պատ­ժե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով մշա­կո­ւած եւ որ­դեգ­րո­ւած հե­տա­գայ բո­լոր մի­ջազ­գա­յին փաս­տա­թուղ­թե­րուն՝ յատ­կա­պէս 9 ­Դեկ­տեմ­բեր 1948ին նոյն Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին կող­մէ հաս­տա­տո­ւած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Ուխ­տագ­րին։

Պատ­մու­թիւ­նը կը յու­շէ, որ 11 ­Դեկ­տեմ­բեր 1946ին որ­դեգ­րո­ւած Մ.Ա.Կ.ի թիւ 95/1 ո­րո­շու­մին նա­խա­գի­ծը պատ­րաս­տո­ւած եւ ա­ռա­ջադ­րո­ւած էր հրեայ ծա­գու­մով լեհ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­գէտ ­Ռա­ֆա­յէլ ­Լեմ­քի­նի կող­մէ, որ ի­րա­ւամբ կը նկա­տո­ւի Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռեզ­րի եւ հա­մա­պա­տաս­խան ի­րա­ւա­գի­տա­կան յղաց­քի հե­ղի­նակ հայրն ու ի­րա­ւա­պաշտ­պան դրօ­շա­կի­րը։

Ռա­ֆա­յէլ ­Լեմ­քին (1900-1959) ծնած է ­Պեզ­վոտ­նի, ­Լե­հաս­տան (ներ­կա­յիս ­Վոլ­կովս­կիի մեր­ձա­կայ­քը, ­Պե­լա­ռուս), 1900ի ­Յու­նիս 24ին: 14 տա­րե­կա­նին ­Լեմ­քին ար­դէն կը տի­րա­պե­տէր 14 լե­զու­նե­րու, նե­րա­ռեալ ֆրան­սե­րէ­նի, սպա­նե­րէ­նի, եբ­րա­յե­րէ­նի, ի­տի­շի եւ ռու­սե­րէ­նի: ­Պիա­լիս­թո­քի ­Մաս­նա­գի­տա­կան ­Պատ­րաս­տու­թեան ու­սում­նա­րա­նը ա­ւար­տե­լէ ետք, ան լծո­ւած է լե­զո­ւա­բա­նու­թեան ու­սում­նա­սիր­ման՝ Լ­վո­վի ­Ճոն Քա­զի­մի­րի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։ Այդ շրջա­նէն իսկ յա­տուկ հե­տաքրք­րու­թիւն ա­ռա­ջա­ցած է ու­սա­նող ­Լեմ­քի­նի մօտ՝ սահ­մա­նե­լու եւ բնու­թագ­րե­լու այն յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, զորս հե­տա­գա­յին ­Լեմ­քին խտա­ցուց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եզ­րին ու գա­ղա­փա­րին մէջ։

Ու­շագ­րաւ է, որ ­Լեմ­քին ի­րա­ւա­գի­տա­կան իր պրպտում­նե­րը սկսաւ՝ թուր­քե­րու կող­մէ հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր հա­յե­րու ան­պա­տիժ կո­տո­րած­նե­րը ու­սում­նա­սի­րե­լով: ­Լեմ­քի­նի չարչր­կող գլխա­ւոր հար­ցը ա՛յն էր, թէ չկար մի­ջազ­գա­յին օ­րէնք մը, որ դա­տաս­տա­նի առ­ջեւ կանգ­նեց­նէր ամ­բողջ ազգ մը սպան­նե­լու ո­րո­շու­մը կա­յա­ցու­ցած եւ մե­ծա­գոյն այդ ո­ճի­րին պե­տա­կա­նօ­րէն գոր­ծադ­րու­թիւ­նը հրա­հան­գած թուրք պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը։

Իր բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու նպա­տա­կով ­Գեր­մա­նիա տե­ղա­փո­խո­ւած եւ Հայ­տել­պըր­կի հա­մալ­սա­րա­նը ըն­դու­նո­ւած ե­րի­տա­սարդ ի­րա­ւա­գէ­տին կեան­քի շրջա­դար­ձա­յին պա­հը ա­ռա­ջա­ցաւ 1921ին, երբ ­Պեր­լի­նի մէջ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան ա­հա­բե­կեց ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն ­Թա­լէաթ Փա­շան։ ­Թեհ­լի­րեա­նի դա­տա­վա­րու­թեան իբ­րեւ ի­րա­ւա­գէտ խորհր­դա­կա­նի մաս­նակ­ցե­լով՝ ­Լեմ­քին լծո­ւե­ցաւ ­Թա­լէա­թի ա­հա­բեկ­ման տուն տո­ւած պատ­ճառ­նե­րուն ու­սում­նա­սի­րու­թեան։ ­Ման­րա­մասն տե­ղա­կա­գիր մը պատ­րաս­տե­լով ­Թա­լէաթ ­Փա­շա­յի կազ­մա­կեր­պած կո­տո­րած­նե­րուն մա­սին, ­Լեմ­քին յան­գե­ցաւ այն դառն եզ­րա­կա­ցու­թեան, որ դեռ գո­յու­թիւն չու­նէր մի­ջազ­գա­յին ո­րե­ւէ օ­րէնք, որ նման պե­տա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թեան հա­մար դա­տա­պար­տէր ոճ­րա­գործ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը։

Վ­կա­յու­թեանց հա­մա­ձայն՝ թուրք ցե­ղաս­պան­նե­րու ան­պա­տիժ մնա­լը ­Լեմ­քի­նը «այն­քան կը տագ­նա­պեց­նեն, որ օր մը այդ մա­սին ան բա­նա­վէճ մը կ’ու­նե­նայ իր դա­սա­խօս­նե­րէն մէ­կուն հետ: Ին­չո՞ւ մէկ ան­ձի սպա­նու­թիւ­նը բա­ւա­րար պատ­ճառ է ոճ­րա­գոր­ծը դա­տա­րան քշե­լու,- հարց կու տայ ­Լեմ­քին,- բայց ան­դին մէկ մի­լիոն անձ սպան­նո­ղը հե­ռու կը մնայ դա­տա­կան հե­տապն­դու­մէ: ­Դա­սա­խօ­սը կը պա­տաս­խա­նէ՝ տա­լով օ­րի­նա­կը ա­գա­րա­կա­պա­նի մը, որ օր մը կ’ո­րո­շէ «սպան­նել» իր բո­լոր հա­ւե­րը: Դա­սա­խօ­սը դի­տել կու տայ, որ հա­ւե­րը կը պատ­կա­նին ա­գա­րա­կա­պա­նին, եւ ա­նոր դրա­ցին ի­րա­ւունք չու­նի բո­ղո­քե­լու կա­տա­րո­ւա­ծին մա­սին:

«­Դա­սա­խօս­նե­րուն հետ այս եւ նմա­նօ­րի­նակ վէ­ճե­րու անդ­րա­դառ­նա­լով՝ ­Լեմ­քին ա­ւե­լի ուշ կը գրէ.- «… Այս հար­ցը քննար­կե­ցի դա­սա­խօս­նե­րու հետ: Ա­նոնք պե­տու­թիւն­նե­րու գե­րիշ­խա­նու­թեան պա­րա­գան մատ­նան­շե­ցին: ­Բայց պե­տու­թիւն­նե­րու գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը,- պա­տաս­խա­նե­ցի,- կը վե­րա­բե­րի ան­կախ կեր­պով ար­տա­քին եւ ներ­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մշա­կե­լու, դպրոց­ներ եւ ճամ­բա­ներ կա­ռու­ցե­լու, մէկ խօս­քով՝ ժո­ղո­վուր­դի բա­րօ­րու­թեան ի խնդիր գոր­ծե­լու: ­Գե­րիշ­խա­նու­թիւն չի նշա­նա­կեր մի­լիո­նա­ւոր ան­մեղ­ներ սպան­նե­լու ի­րա­ւունք»:

Այս ուղ­ղու­թեամբ իր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը խո­րաց­նե­լով՝ ­Լեմ­քին 1933ին հրա­պա­րա­կո­ւած իր ծա­ւա­լուն ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն մէջ նման կո­տո­րած­նե­րը ա­նո­ւա­նեց «Ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն ­Մի­ջազ­գա­յին Օ­րէն­քի ­Դէմ»։ ­Լեմ­քի­նի հե­տա­զօ­տա­կան աշ­խա­տան­քը ընդ­հա­տո­ւե­ցաւ, երբ ան բա­նակ մեկ­նե­ցաւ 1939ին, գեր­մա­նա­կան եւ լե­հա­կան պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով։ Իսկ երբ գեր­մա­նա­կան ­Նա­ցի բա­նա­կը գրա­ւեց ­Լե­հաս­տա­նը, ­Լեմ­քին ա­պաս­տա­նե­ցաւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ՝ ծնող­նե­րը ­Լե­հաս­տան ձգե­լով։ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ ան, իբ­րեւ խորհր­դա­տո­ւի, աշ­խա­տակ­ցե­ցաւ ­Նիւ­րէմ­պուր­կի դա­տա­վա­րու­թեանց, այս ան­գամ ար­դէն նաեւ իբ­րեւ անձ­նա­պէս վնա­սո­ւած կող­մի, ո­րով­հե­տեւ ծնող­նե­րը եւս զոհ գա­ցած էին նա­ցիա­կան կեդ­րո­նաց­ման ճամ­բար­նե­րուն (concentration camps) մէջ հրեա­նե­րու դէմ ի­րա­գոր­ծո­ւած Ող­ջա­կիզ­ման ցե­ղաս­պա­նու­թեան։

1944ին հրա­տա­րա­կո­ւած իր «Axis rule in Occupied Europe» գիր­քին մէջ, ­Լեմ­քին ա­ռա­ջին ան­գամ օգ­տա­գոր­ծեց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը եւ զայն սահ­մա­նեց իբ­րեւ՝ «նպա­տա­կադ­րուած վայ­րա­գու­թիւն եւ կո­տո­րած, ամ­բողջ ազգ մը կամ ցեղ մը բնաջն­ջու­մի են­թար­կե­լու ա­րարք»։ ­Լեմ­քին յղա­ցաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն («Genocide») այ­սօր ար­դէն հան­րա­ծա­նօթ եզ­րը՝ յու­նա­րէ­նի «genos» (ցեղ) եւ լա­տի­նե­րէ­նի «cide» (սպա­նու­թիւն) ար­մատ­նե­րը միա­հիւ­սե­լով։

Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­տա­պարտ­ման ի խնդիր ի­րա­ւա­պաշտ­պա­նի տեն­դա­գին ու հե­տե­ւո­ղա­կան պայ­քար ծա­ւա­լե­լով՝ ­Լեմ­քին ի վեր­ջոյ յա­ջո­ղե­ցաւ 1946ին, ­Միա­ցեալ Ազ­գե­րու ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վի 11 ­Դեկ­տեմ­բե­րի նիս­տին, օ­րա­կար­գի վրայ բե­րել հա­մա­պա­տաս­խան ո­րո­շու­մի նա­խա­գիծ մը, որ միա­ձայ­նու­թեամբ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ՝ ­Մի­ջազ­գա­յին Ի­րա­ւուն­քի ա­ռու­մով դառ­նա­լով ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը որ­պէս ո­ճիր բնո­րո­շող եւ ա­նոր դա­տա­պար­տու­մը պատ­ժե­լի հռչա­կող ա­ռա­ջին մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քը։

Մ.Ա.Կ.ի ա­ռա­ջին այդ ո­րո­շու­մը ամ­բող­ջաց­ման կա­րիք ու­նէր, որ­պէս­զի նե­րա­ռէր նաեւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան կան­խար­գի­լու­մը եւ յան­ցա­գործ հե­ղի­նակ­նե­րուն պատ­ժու­մը։

Լեմ­քի­նի այդ ա­ռա­ջադ­րան­քը ի­րա­կա­նա­ցաւ 1948ի ­Դեկ­տեմ­բեր 10ին, երբ ­Միա­ցեալ Ազ­գե­րու ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ըն­դու­նեց եւ հռչա­կեց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Ուխ­տա­գի­րը։

Թէեւ Մ.Ա.Կ.ի Ուխ­տա­գի­րը օ­րին չհաս­տա­տո­ւե­ցաւ բո­լոր պե­տու­թեանց կող­մէ եւ նոյ­նիսկ մին­չեւ այ­սօր կան մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժեր, ո­րոնք դեռ չեն վա­ւե­րա­ցու­ցած այդ Ուխ­տա­գի­րը, բայց նոյ­նիսկ այդ­պի­սիք, պա­րա­գա­յա­բար եւ պա­տե­հա­պաշ­տօ­րէն, եր­կու չափ, եր­կու կշիռ գոր­ծա­ծե­լով՝ պար­տա­ւոր կը զգան գո­նէ խօս­քով դա­տա­պար­տե­լու ո­րոշ ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճիր­ներ…

Մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հի այդ պա­տե­հա­պաշտ վար­քա­գի­ծին հե­տե­ւան­քով՝ ան­պա­տիժ մնա­ցած ան­ցեա­լի ցե­ղաս­պա­նա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս օ­րի­նակ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, փաս­տօ­րէն խրա­խու­սան­քի աղ­բիւր եւ ան­պատ­ժե­լիու­թեան նա­խա­դէպ կը դառ­նան նո­րա­նոր ցե­ղաս­պա­նու­թեանց ձեռ­նար­կող յան­ցա­գործ­նե­րու հա­մար։

Ժա­մա­նակն է, որ­պէս­զի Մ.Ա.Կ.ը եւ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը նե­տեն յա­ջորդ քայ­լը եւ օ­րէն­քով պատ­ժե­լի հռչա­կեն ցե­ղաս­պա­նու­թեանց ու­րա­ցու­մը՝ նոյ­նինքն ան­պա­տիժ մնա­ցած ցե­ղաս­պան պե­տու­թիւն­ներ ըլ­լան այդ ու­րա­ցող­նե­րը (ինչ­պէս ­Թուր­քիան է), թէ ըլ­լան այս կամ այն ցե­ղաս­պան պե­տու­թեան ի սպաս ի­րենց կո­չումն ու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, այ­լեւ՝ բա­րո­յա­կան հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը ծա­խու հա­նած մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­ներ թէ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ։

Ն.
old.arfd.am

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Այցելություն ՀԱԵ Ֆրանսիայի Հայոց թեմ

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Ֆրանսիայի հայկական կազմակերպությունների համակարգող խորհրդի

02 Դեկտեմբեր 2025
Ալմելոյում կայացել է ՀՅԴ Հայ դատի Եվրո

ՀՅԴ Հայ դատի Եվրոպայի գրասենյակի նախաձեռնությամբ՝ նոյեմբերի 29-ին և 30-ին Ալմե

01 Դեկտեմբեր 2025
Խմբագրական. Փաշինեանի փարիրսեցիութիւնը

Հայաստանի հոգեւոր եւ ազգային կեանքի վերջին օրերի իրադարձութիւնները վկայում են

01 Դեկտեմբեր 2025
Պարզապես լինել տրոյական ձի

Ու հիմա, ինքնաարդարացման ճիգի մեջ, 26 տարվա հեռվից հանկարծ մտքի պայծառացումով

30 Նոյեմբեր 2025
Խմբագրական. Կենսունակ Պետութիւն․Աղբալե

Ազգային գաղափարախօսութեան շուրջ համախմբուած հասարակութիւնն է, դարձեալ ըստ Աղբա

29 Նոյեմբեր 2025
Հ.Մ.Ը.Մ.-«Ֆրանս»ի մարզաշակութային համ

Շաբաթ, 22 Նոյեմբեր 2025-ը այսուհետեւ իր յատուկ տեղը պիտի ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տօն

28 Նոյեմբեր 2025
Սա մաքրվելու, ջրեր զուլալելու, թացը չո

Տարիներ հետո պատմաբանները Հայաստանի այս շրջանի մասին կգրեն, որ Արցախը հանձնած,

27 Նոյեմբեր 2025
Համընդհանուր վտանգ, համազգային դիմագրա

6. Եւ միւս կողմից ունենք այսպէս ասած՝ շւարած-սպասողական Սփիւռք, միաժամանակ մտա

27 Նոյեմբեր 2025
Խմբագրական. ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մէջ Մշակութային

Պարզ է, որ նման համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող կառոյցներու մէջ ընտրութիւնն

27 Նոյեմբեր 2025
Խմբագրական. «Խաղաղութիւն»՝ վաճառքի հա

Այս համատեքստում կարեւոր է յատկապէս գիտակցել այն իրողութիւնը, որ այս ամէնը Զել

26 Նոյեմբեր 2025
Ծախողը, գնողը եւ զոհերը…

Եւրոպացի ժողովուրդները կանդրադառնա՞ն արդեօք, որ այս ընթացքով, իրենց ղեկավարներ

26 Նոյեմբեր 2025
Ազդեցության գործակալները, Բաքվից վերադ

«Ադրբեջանը, Ալիեւի վարչակազմը պետք է իմանա՝ ինքը ում հետ հանդիպել է, դրանք հայ

26 Նոյեմբեր 2025
Կրակի բռնկումը պատահական չէ

Մի քանի օր է, ինչ Տավուշի մարզում, Գեղարքունիքի մարզում հրդեհները մոլեգնում են

26 Նոյեմբեր 2025
Մենք ունենք մեկ թիրախ, դա այսօրվա այս

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ այսօր՝ նոյեմբերի 26–ին, Ազգային ժող

26 Նոյեմբեր 2025
Սահմանադրութիւնը Գինի Չէ՛, Ո՛չ Ալ Հեղո

Ճարպիկի ու խորամանկի պատմուճան հագած՝ ան հպանցիկ անդրադարձաւ Արցախի փշոտ հարցի

26 Նոյեմբեր 2025
Ո՞վ Կը Քաղաքականացնէ Եկեղեցին

Ստեղծուած անիրաւ տագնապի սկզբնաւորութեան Նիկոլ Փաշինեան կը ծրագրէր ժողովրդային

26 Նոյեմբեր 2025
Ակնարկ. Լրացուցիչ Յայտարարութիւններ Եւ

Իսրայէլի իրականացուցած գործողութիւնները Հըզպալլայի կեդրոններու եւ պատասխանատու

26 Նոյեմբեր 2025
Հայաստանը վճարում է ամերիկյան հանրային

Ավելի կարևոր է, որ «Սպիտակ փաստաթուղթը» խեղաթյուրում է Հայաստանի Սահմանադրութ

25 Նոյեմբեր 2025
Ադրբեջանի իրական նպատակը ոչ թե խաղաղու

Արցախի ԱԺ նախկին փոխնախագահ, Արտաքին հարաբերությունների մշտական հանձնաժողովի ն

25 Նոյեմբեր 2025
ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավորն

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավորներ Լիլիթ Գալստյանը, Աննա Գրիգորյանը,

25 Նոյեմբեր 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company