Հայ Դատը Կը Ջանայ Ամերիկեան Աջակցութիւն Ապահովել Լիբանանին
07 Օգոստոս 2020
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Այս շաբաթ Պէյրութը ցնցած ահաւոր պայթումէն անմիջապէս ետք, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը աշխատանքի լծուեցաւ Սպիտակ տունէն եւ Քոնկրեսէն աջակցութիւն ապահովելու համար Լիբանանին։
Այս նպատակով հաստատուած կայքէջին միջոցաւ ձեր քաղաքական ներկայացուցիչներուն դիմելու համար այցելել anca.org/Lebanon կայքէջը։
asbarez.com