«Հայրենիք»ի խմբագրական․ Վերանկախանալու Յանձնառութեան Գործընթացը
21 Սեպտեմբեր 2020 Միայն վերանկախացման եւ ազատութեան վերատիրացման տօն չէ 21 Սեպտեմբերը, որ այս տարի կը նշէ 29-րդ տարին։Հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներն ալ՝ հայաստանաբնակ, արցախաբնակ թէ սփիւռքեան զանազան գաղթօճախներու մէջ, անսահմանօրէն երջանիկ են, ուրախ պէտք է զգան ու հպարտութեամբ նշեն վերանկախացման տօնը։
Բոլորս ալ, առանց բացառութեան, երախտապարտ ենք մեր բոլոր հերոսներուն, խիզախ, մարտունակ ու քաջակորով մարտիկներուն, որոնք ամբողջական նուիրումով կռուեցան, պատերազմեցան, ինկան նահատակ կամ վերապրեցան ու կը կանգնին մեր կողքին:
29 տարի առաջ սկիզբ առած երթը բոլորովին նորութիւն չէր, սկսած էր Սարդարապատով ու անկէ շատ առաջ, հասնելու համար Արցախ: Հայաստանցին, Սփիւռքի զաւակը ձեռք ու զէնք միացուցին արցախցիին եւ նետուեցան յարատեւ կռիւի դաշտ: Ճակատամարտերը այսօ՛ր ալ կը շարունակուին նոր դիւցազնութիւններով։ Քանի մը տարի առաջ, քառօրեայ պատերազմն էր, իսկ շաբաթներ առաջ, երէկ, Տաւուշի ուղղութեամբ ատրպէյճանական ներթափանցումի անակնկալ փորձը։ Ազգային բանակը դիմադրեց, մնաց անսասան, մարտնչեցաւ անվախ եւ գրաւեց անվախանուն դիրքեր։

Նորագոյն ճակատումը արձանագրուեցաւ Պսակաձեւ ժահրի դաժան օրերուն, որուն մասին պատշաճ կերպով անդրադարձաւ Հ․Հ․ նախագահը՝ Արմէն Սարգսեան, «Արտադրութեան եւ արդիւնաբերութեան համաշխարհային վեհաժողով»ին, որ կազմակերպուած էր առցանց դրութեամբ։ Ան արդարօրէն հարց տուաւ, թէ ո՞ւր է ռազմական այս արկածախնդրութեան բանականութիւնը, որովհետեւ մինչ երկու երկիրներն ալ կը պայքարէին նոյն համաճարակին դէմ, Պաքուի բռնապետը նախընտրած էր այլ «դարմանում»՝ յարձակում Հայաստանի սուրբ հողին վրայ։ Նախագահ Սարգսեան նաեւ յիշեցուց Անգարայի կողմէ մտայղացուած՝ Հայաստանի հիւլէական կայանը հարուածելու սպառնալիքը, որ ընկերացած էր ատրպէյճանցի քանի մը ղեկավարներու ձաբռտուքներուն։
Յստակ է, թէ ներկայ Հայաստանը բոլորիս ակնկալած ու երազած կացութեան մէջ չի գտնուիր, հետեւաբար, բոլորս, առանց բացառութեան, պարտաւոր ենք աւելի՛ ամուր կառչիլ մեր հայրենիքին, աշխատիլ անոր գոյութեան պահպանման, ապահովութեան ու ամրակայման ի խնդիր: Ի վերջոյ ապառնին կը սկսի այս պահէն, եւ անիկա ո՛չ միայն մեր, այլեւ մեր զաւակներուն ու յաջորդ սերունդներուն ապագան է։
Կրկին ու կրկին կը շեշտենք. հպարտ ու ուրախ տրամադրութեան մէջ ըլլալով հանդերձ, այսօրը՝ այս տարեդարձը իւրաքանչիւրս կը դնէ համաչափ պարտականութիւններու եւ գերագոյն զոհողութեան հրաւէրին դիմաց: Այսօ՛ր եւ մի՛շտ կը գտնուինք հայրենակերտումի առաքելութեան մէջ եւ մեր դիմաց ունինք, ներքին ու արտաքին գետիննեորւ վրայ, բազմաթիւ խոչընդոտներ, մարտահրաւէրներ եւ թնճուկներ, որոնց լուծման բանալիները նոյնինքն մ՛ենք ունինք մեր ձեռքին՝ մեր գիտակցութեամբ, անձնուիրութեամբ եւ միասնութեամբ։
Մինչեւ այսօր, ո՛չ մէկ քուէարկութիւն կրցած է մրցիլ Սեպտեմբեր 21, 1991-ի քուէարկողներու թիւին հետ: Եւ սա տարօրինակ ու զարմանալի չէ:
Հանրաքուէի մասնակցելու իրաւունք ունեցող՝ Խորհրդային Հայաստանի բնակչութեան 95,5 առ հարիւրը, այսինքն մօտաւորապէս երկու միլիոն 57 հազար անձ, մասնակցեցաւ անկախութեան հանրաքուէին. քուէարկողներուն չախչախիչ մեծամասնութիւնը՝ երկու միլիոն 43 հազարը (99,54 առ հարիւրը) «ԱՅՈ՛» պատասխանեց՝ «Համաձա՞յն էք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը լինի անկախ ժողովրդավարական պետութիւն` Խորհրդային Միութեան կազմից դուրս» հարցումին: «ՈՉ» պատասխանողները քուէարկողներուն նուազ քան 0,50 առ հարիւրն էին։
Անշուշտ դիւրին չընթացաւ Հայաստանի եւ հայոց պետականութեան վերանկախացման ուղին։
Քաջատեղեակ ենք նաեւ, ու խորապէս համոզուած՝ որ շնորհիւ սկիզբ առած աշխատանքին, պիտի յաղթահարենք Հայաստանէն ներս յամեցող կաշառակերութիւնը, զեղծարարութիւնը, անգործութիւնն ու Պսակաձեւ ժահրին ստեղծած դաժան պայմանները։ Իբրեւ եզրակացութիւն՝ արձանագրենք, որ ոեւէ հայ վստահաբար ձայնակից է յիշեալ համացանցային ժողովի պահուն նախագահ Ա. Սարգսեանի միւս հաստատումին. «Անորոշութիւններու ժամանակի մէջ, եթէ կորսնցնես մարդկային արժանապատուութիւնդ կամ մարդկութիւնդ, շատ դիւրին է դառնալ այլատեաց, շատ դիւրին է մեղադրել ուրիշները քու ձախողութիւններուդ համար»: Այլ խօսքով, առանց բացառութեան եւ այլօրինակ որակումներու՝ կը կանգնինք փոխադարձ հանդուրժողութեան եւ անսակարկ գործակցութեան հրաւէրի դիմաց, լիովին արժեւորելու համար վերանկախացումով կնքուած յանձնառութիւնը:
hairenikweekly.com