Պահն Է Միա՛յն Զգօնութեան
26 Սեպտեմբեր 2020 Հակառակ վերջին օրերուն տարուած լայնամաշտապ քուլիսային աշխատանքներուն, քաղաքական կողմերուն միջեւ երկար բանակցութիւններուն եւ ֆրանսական առաքելութիւնը յաջողցնելու համար թափուած մեծ ճիգերուն, նորանշանակ վարչապետ՝ Մուսթաֆա Ատիպ , այսօր, 26 սեպտեմբերին հրաժարեցաւ կառավարութեան կազմութեան առաքելութենէն։Ստեղծուած ներկայ կացութեան արժեւորումը կը կարօտի շատ աւելի խոր քննարկման, սակայն, կասկածէ վեր է, որ այս պահուան դրութեամբ Լիբանան կը գտնուի բոլոր ժամանակներէ աւելի անորոշ, անկայուն եւ շատ աւելի արմատացող կացութեան մը դէմ յանդիման, որ աւելիով կը մթագնէ անոր ապագան եւ կը սպառնայ աւելի խորացնելու առկայ ճգնաժամը։

Մաղթենք, որ մինչեւ բարենպաստ լուծումի մը յանգումը եւ փապուղիէն դուրս գալու փուլը, որուն անպայմա՛ն , ուշ կամ կանուխ կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ, վերականգնումի գործօնները մնան անխորտակ։
Այո՛, ժողովուրդը վճարեց այս կացութեան գինը եւ ասկէ ետք նաեւ պիտի վճարէ տակաւին։
Այս անմխիթար ու վտանգաւոր կացութիւնը մեզի՝ բոլորիս, կը դնէ աննախընթաց պարտաւորութիւններու դիմաց։ Վտանգին ամբողջական ընկալումը եւ այս կացութեան մէջ լիբանանահայ համայնքի գոյերթը եւ անվտանգութիւնը պահելը այսօր առաջնահերթ գերխնդիրներ են անտարակո՛յս. հետեւաբար՝
1- Հաւաքական պատասխանատուութեամբ եւ ճիգով պիտի շարունակուին համայնքի կարիքները հոգալու եւ վերականգնումի ու վերակազմակերպումի աշխատանքները։
2- Քաղաքական բարդ ու հանգուցաւորուած կացութեան մէջ համայնքի իրաւունքներու պահպանումն ու երաշխաւորումը կը պահանջեն համախմբուածութիւնը դարձնել աւելի ուժեղ ու նպատակասլաց, մի՛շտ ուղենիշ ունենալով այս ուղղութեամբ գաղութի ձեռք բերած յատուկ պատմակշիռ կենսափորձը։
3- Համայնքի միասնակամութիւնը խախտելու, մութ ու թաքուն հաշիւներ հետապնդող եւ իրենք զիրենք “բարեգործ” ներկայացնող, բայց բոլորովին ուրիշ նպատակներ հետապնդող անհատներու որդեգրած վարքագիծին դիմաց պէտք է ստեղծել ամուր պատուար ու ցուցաբերել զգաստ վերաբերմունք։
4-Անհատական հաշուարկներով այս կացութիւնը շահագործելու մեր հայորդիներու բարոյահոգեբանական դժուարին ու բարդ իրավիճակը դրամագլուխի վերածելով, ոչ մէկ անհատի իրաւունք պիտի տրուի շինծու օրակարգերու ստեղծումով շփոթ ու խուճապ ստեղծելու։
5- Անհրաժեշտ է, որ այս հանգրուանին պատասխանատու մարդոց գրիչները՝ ընկերային ցանցերու վրայ եւ մամուլին մէջ, դառնան աւելի պատասխանատու եւ կառուցողական, եւ ոչ թէ ծառայեն խուճապ ստեղծող, այլապէս առկայ տրամադրութիւններուն, եւ համայնքի ուժականութիւնը ջլատող անիմաստ ու միշտ ձախողած փորձերու։
6- Ընդհանուր գործին շուրջ համախմբուելու եւ այդ գործը ընդարձակելու հրամայականը հարկ է, որ համակէ բոլորը։ Այս գործընթացէն բացակայողներուն առիթ պէտք չէ տալ իրենց հնամաշ ու կեղծ խրատներով, յերիւրածոյ ամբաստանութիւններով ու անճիշդ տեղեկութիւննեով ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան միջեւ խրամատներ ստեղծելու եւ համայնքի արժանապատիւ ընթացքին դիմաց պատնէշներ բարձրացնելու։
7- Լիբանանահայութեան նկատմամբ հայաշխարհի ցուցաբերած զօրակցութիւնը գործնապէս արժեւորելով, պէտք է ձգտիլ ստեղծելու իրարօգնութեան վարակիչ մթնոլորտ այս ժգնաժամին մէջ եւ հաւատալ ու ակնկալել , որ մեր համայնքի բոլոր հայորդիները՝ իրենց ունեցած կարելիութեան սահմաններուն մէջ ,մասնակից դառնան օժանդակութեան ընդհանուր ու վսեմ աշխատանքին։ Պատասխանատուութենէ խուսափումը այս հանգրուանին հայավայել մօտեցում չէ բնա՛ւ։
8- ՀՅ Դաշնակցութեան լիբանանեան կառոյցը այսօր իր շարքերը դրած է ընդհանուր զօրաշարժի մէջ է , եւ ՄԻ՛ՇՏ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ ՄԻԱՍԻՆ մնալու համոզումով կը շարունակէ տալ գաղափարական կշիռ։ Այս հանգրուանին Դաշնակցութիւնը անիմաստ կը գտնէ նաեւ հակազդել հակադաշնակցական պայքարի նորելուկ ոճին։ Այդ ոճը ի սկզբանէ դատապարտուած է ձախողութեան։
Մինչ այդ, մաղթենք առողջապահական եւ ապահովական գետնի վրայ անփորձանք օրեր բոլորիս։
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
aztagdaily.com