Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութենէն պահանջ` Անգարան եւ Պաքուն զսպելու
02 Հոկտեմբեր 2020
Շուէտի հայկական կազմակերպութիւններու միացեալ խորհուրդի համանախագահ եւ ՀՅԴ Շուէտի Հայ Դատի Մարմինի նախագահ Արամ Եանըքեան շտապ հանդիպում պահանջած էր Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ: Այսօր, ան տեսակցեցաւ նախարարի գրասենեակի ղեկավարին հետ եւ համայնքի անունով նամակ մը յանձնեց նախարար Անն Լինտի:
Նամակին մէջ մասնաւորաբար կը պահանջուի ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի անդամ Սթոքհոլմէն անյապաղ ի գործ դնել բոլոր ջանքերը` զսպելու Թուրքիան ու Ազրպէյճանը, Արցախի եւ Հայաատանի դէմ վաշխառու ու սանձարձակ յարձակումէ եւ խաղաղ բնակչութեան դէմ մարդկային բոլոր իրաւունքները ոտնակոխող վանտալիզմէ դադրեցնելու համար զայն: