Պատերազմի Իմաստը, Նպատակները – Ա.
07 Հոկտեմբեր 2020 Արցախի Հանրապետութեան դէմ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմը պաշտօնապէս չէ աւարտած։ Անիկա որակական եւ քանակական նոր մակարդակ նուաճեց Արցախի ազատագրութեան պայքարի տարեգրութեան մէջ։Պատերազմի տասնըմէկերորդ օրն է այսօր, երբ կ᾿ամփոփենք մեր միտքերը։ Այս օրերուն, նախայարձակները ամէն միջոց գործադրեցին հայոց հինաւուրց արծուաբերդը ընկճելու եւ նուաճելու համար․ անոնք պատերազմին մէջ օգտագործեցին միջազգային ահաբեկիչներ, նոր եւ քանդիչ մեծ հզօրութիւն ունեցող զինատեսակներ, կիրառեցին միջազգայնօրէն արգիլուած ռազմամթերք, թիրախաւորեցին քաղաքացիական խաղաղ բնակչութեան, ռմբակոծեցին եւ հրթիռակոծեցին անոնց բնակավայրերը, ներառեալ Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, մեծ աւերածութիւններ պատճառելով անոնց։

Այս պատերազմին ընթացքին, հակառակ գրգռութիւններուն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը օժանդակի դերին մէջ մնաց եւ անմիջական մասնակցութիւն չունեցաւ պատերազմին։ Երեւան յաճախ շեշտեց այս հանգամանքը։ Աւելին՝ մենք չլսեցինք զինատեսակներու օգտագործման մասին, որոնք կը գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան զինանոցին մէջ, առաջին հերթին՝ անցած Յուլիսին Տաւուշի մարտերուն ընթացքին յաջող կերպով կիրառուած հայկական անօդաչու թռչող սարքերը՝ ԱԹՍ-ները։
Վերջապէս՝ ահեղ մարտերուն ընթացքին թշնամին զրահապատ թէ օդային ուժերու հսկայ կորուստներ կրեց․ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանի համաձայն, կրակի խտութիւնն ու սաստկութիւնը աննախադէպ եղաւ համաշխարհային մակարդակով։ Բնական է հայկական կողմն ալ ունեցաւ կորուստներ, սակայն՝ հայկական կողմի տրամադրած տեղեկատուութեամբ, որուն անվերապահօրէն կը հաւատանք, Արցախի պաշտպանական գիծը թշնամին չէ կրցած ճեղքել, իսկ Հոկտեմբերի 6-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան դիրքային որոշ յաջողութիւններու մասին աւետեց։
Այս պատերազմն առանձնայատուկ եղաւ նաեւ այն առումով ալ, որ կողմերը չընդառաջեցին հրադադարը վերականգնելու կոչերուն, իսկ Պաքու չդիմեց Ռուսիոյ միջնորդութեան։ Անիկա բաց պատերազմ եղաւ ամէն իմաստով։
Մենք դեռեւս սպառիչ թուարկումը չկատարեցինք առաջին տասնօրեակին, սակայն եղածն ալ բաւական նկատենք եւ անցնինք մեր ըսելիքի առաջին մասին։
Պատերազմի տեւողութեան, ինչպէս անկէ առաջ տարբեր առիթներու, Երեւան յաճախ օգտագործած է տմարդ թշնամին պատասխանատուութեան կանչելու, պատժելու արտայայտութիւնը։ Այս պատերազմի իւրայատկութիւններէն մին եղաւ, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան՝ ՄԻԵԴ դիմուեցաւ եւ բաւարարուեցաւ յաջորդաբար Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ դէմ միջանկեալ միջոց կիրառելու Հայաստանի պահանջը։ Մենք վարժուած ենք պատժիչ գործողութիւնն ընկալել թշնամիի զինուժին յաճախ հասցուած ցաւոտ հարուածը, իսկ երբեմն ալ նոր դիրքերու տիրացումը։
Կ᾿ենթադրենք, որ այս լայնածաւալ պատերազմը եթէ նոյնիսկ աւարտի հայոց համար դաշտային Արցախի ազատագրութեամբ, միեւնոյնն է, բանակցութիւններու սեղանին վրայ պէտք է դրուի, պնդուի ու նոյնինքն բանակցութիւնը պայմանաւորուի Պաքուի եւ Անգարայի պատասխանատուութեան ենթարկելու եւ զանոնք պատժելու անխուսափելիութեամբ։ Մինչեւ այս մարդակեր բորենիները միջազգային հանրութեան կողմէ համապատասխան եւ համարժէք պատիժ չկրեն, առաջին հերթին ռազմական տուգանքի ձեւով չհատուցեն իրենց արկածախնդրութեան համար, անոնք մշտապէս պիտի խախտեն իրենց յանձնառոււթիւնները, ինչպէս կ᾿ընեն 1994-ի հրադադարի համաձայնութենէն ասդին։ Պատիժը կրնայ զսպիչ կարողութիւն ունենալ։
Պատերազմական տուգանքի միջոցը պարտադրուած է անձնատուր եղած հակառակորդին։ Տեսականօրէն հնարաւորութիւնը չունինք Պաքուին անձնատուութիւն պարտադրելու։ Սակայն այդ հնարաւորութիւնն ունին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի երեք միջնորդները։ Այս պահանջը կ᾿արդարացնեն միջազգային մարդասիրական իրաւունքի բացայայտ ոտնակոխումները։ Պիտի պահանջել՝ տեղ մը կանգնեցնել միջազգային օրէնքի այս միջնադարեան արհամարհանքը, այլապէս վերջ պիտի չունենայ թրքութեան սանձարձակութիւնը, անպատիժ ասպատակութիւնը աջ ու ձախ։
Կը Հաւատա՞նք, որ միջազգային ուժերը կը ճնշեն եւ կը բաւարարեն նախայարձակ եւ միջազգային օրէնքները անարգող թշնամին պատժելու պահանջը։ Մենք կը հաւատանք սեփական ուժին եւ հնարաւորութեամբ զայն պարտադրելու տարբերակին։ Սակայն բանակցութիւններուն մէջ նման տարր մտցնելը թերեւս օգտակար ըլլայ մեր դատին, նաե՛ւ մերկացնէ միջազգային ուժերու անվճռական՝ շատախօս բնոյթը, որոնց հետ տարբեր ձեւով պիտի աշխատիլ։
ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ
«Յուսաբեր»,
8 Հոկտեմբեր 2020