Պատերազմի Իմաստը, Նպատակները – Բ –
08 Հոկտեմբեր 2020 Ներկայ պատերազմի նպատակները, իմաստը, կարելի ձեւակերպել բազմաթիւ դիտանկիւններէ․ սակայն առաջնահերթութիւնը՝ Արցախի անկախութեան իրաւական, միջազգային ճանաչումն է։Արդարեւ, եթէ 1991-94 պատերազմը իմաստաւորուեցաւ Արցախի գոյառման եւ կենսունակութեան ապահովման ճիգով, եթէ անցած տասնամեակները թշնամին յաջողեցաւ Անգարայի հետ ձեռք ձեռքի տուած, իր բնական հարստութեան՝ նաւթի եւ գազի խայծով աշխարհին կուրացնել, «խաւիարային դիւանագիտութեամբ» կաշառել եւ ա՛լ աւելի անբարոյացնել քաղաքական աշխարհը, թէկուզ դժուարաւ՝ միջազգային քաղաքական, իրաւական շրջափակման մէջ պահել հայոց ձայնը, այնուամենայնիւ՝ Արցախը իր ուղին հարթեց իբրեւ ինքնուրոյն միաւոր եւ փաստագրեց զայն։ Այդ երկար տարիներուն կարելի չեղաւ Ստեփանակերտը վերադարձնել բանակցային սեղան եւ ապահովել իր ինքնիշխանութեան ճանաչումը։ Թրքութիւնը հայոց ջանքերը ամէն անգամ դիմագրաւեց պատերազմ շղթայազերծելու սպառնալիքով եւ նոյնիսկ արգիլեց Երեւանին կամ յետաձգել տուաւ ռազմաքաղաքական Ստեփանակերտի հետ Երեւանի դաշինքը։ Այսօր՝ գրեթէ իրողութիւն է, թէեւ անպաշտօն, որ նոր թանկագին նահատակներու արեան գնով այդ սպառնալիքը յաղթահարած Հայաստանը՝ իր զոյգ հանրապետութիւններով, հայկական սփիւռքով, համազգային քաղաքական կամքը պարտադրելու դիրքին բարձրացած է։ Ասիկա հիմնական նպատակ է, որ կրնայ իմաստաւորել պատերազմը եւ հայոց կրած մարդկային թէ նիւթական թանկագին կորուստները։

Միջանկեալ պէ՛տք է ըսենք, որ Անգարան, ինչպէս այլ պարագաներու, մեր ազգը թերագնահատեց եւ հերթական անգամ սխալ հաշուարկներու վրայ կառուցեց իր արբանեակ Ատրպէյճանին լայնածաւալ պատերազմի մղելու քայլը։ Պատերազմի բռնկումէն առաջ իսկ կը նախատեսուէր, որ Լիբիոյ եւ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ իր դէմ կազմուած հզօր պատուարներուն բախելէ ետք կրնայ դէպի հարաւային Կովկաս դարձնել իր ուշքը եւ իրադրութիւնը շիկացնել այնքան, որ աշխարհ արտօնէ իր ձեռքը վերցնել Կասպեան ծովու գազի եւ նաւթի մատակարարումը։ Այս հաշուարկը չաշխատեցաւ․ ՀՀ զինուած ուժերն ու Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը զերծ մնացին գազատար խողովակները հարուածելու գայթակղութեան տրուելէ, ինչպէս չէին տրուած նախորդ տարիներուն։ Թուրքիոյ հաշուարկը սխալ դուրս եկաւ նաեւ հայոց բարձր դիմադրական ոգիին, հայ զինուորի ու կամաւորականի ամրութեան եւ տոկունութեան առումով ալ, թէեւ պատմութենէն պէտք էր դաս քաղած ըլլար եւ նման սխալ թոյլ չտար։ Արդարեւ, 19-րդ դարու վերջէն յաճախ մեզ հետ ընդհարած թրքութիւնը պէտք էր զգացած ըլլար հայ մարտիկի բազկի ուժն ու ոգու ամրութիւնը․ մեր պարտութիւնները զէնք-զինամթերքի սպառումով պայմանաւորուած են միշտ․ հոն ուր ապահովուած է մատակարարման յարատեւութիւնը, մենք չենք ընկրկած, եթէ դաւաճանութիւնը տեղ չէ գտած պայքարին մէջ։ Հետեւաբար, կ᾿ենթադրենք, որ կրակի խտութեամբ եւ սաստկութեամբ եթէ ահաբեկելու գործօնին վրայ ալ չէր դրուած գրաւը, ապա անպայման ռազմաճակատի մատակարարութեան անբաւարարութեան վրայ էր ան։ Այսօր կրնանք ըսել, որ այս քննութիւնն ալ բռնեց Հայոց բանակը եւ յաղթահարեց զայն։ Փաստը այդ կ᾿ըսէ։
Վերադառնալով մեր նիւթին, կրկնենք, որ անցած 11 օրերուն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, յստակ ու մեկին կառչած մնաց իր հողերէն պատերազմին մասնակից չըլլալու վարքագիծին։ Եւ բազմիցս ալ կրկնուեցաւ ու շեշտուեցաւ, ընդգծուեցաւ ասիկա։ Այս ընթացքն ալ մեզ այն համոզումին կը բերէ, որ Ատրպէյճանի դէմ վերջին պատերազմը մղելուն առընթեր, Երեւան աշխարհին բացայայտ հասկցուց, որ Ատրպէյճան, իր դաշնակից Թուրքիոյ եւ հաւաքագրած վարձկան ահաբեկիչներով պատերազմական լայնածաւալ գործողութիւններ կը վարէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ, մինչ վերջինս առանձին կը դիմադրէ իրմէ բազմապատիկ անգամներ հզօր յարձակողին եւ իր դաշնակիցներուն, այսպէսով՝ հետագայ բանակցային որեւէ բեմադրութեան մէջ գլխաւոր դերը Ստեփանակերտին վերադարձնելու պատրաստութիւն տեսնելով։
Մենք կ᾿ակնկալենք, որ այս նախապատրաստութիւնը լիովին արդարացուի քաղաքական-դիւանագիտական հողի վրայ, որ մինչ այս յաջող դերաբաշխումով հանդէս եկաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։ Վերջինս գլխաւոր դէմք դառնալու բազմաթիւ համակարգուած գործողութիւններ կատարեց՝ թէ՛ յաչս ներքին ճակատին, թէ՛ արտաքին։ Ռազմաճակատի առաջին գիծ մեկնելու, զինուորներուն հետ սրճելու, յաճախակի գրառումներով եւ տեսագրուած խօսքերով իր աշխոյժ ներկայութիւնը զգացնելէ ետք, ան վերջապէս միջազգային հանրութեան դիմեց հակաահաբեկչական նոր դաշինք ձեւաւորելու նախաձեռնութեամբ։ Եթէ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կամ նախագահ Արմէն Սարգսեանը կատարէին այդ քայլը, բնական պիտի նկատուէր․ ՄԱԿ-ի եւ այլ միջազգային կառոյցներու անդամ ճանչցուած պետութեան մը առաջին դէմքերն են անոնք, ինչ որ պարագան չէ Արայիկ Յարութիւնեանին։
Խնամքով պատրաստուած եւ իրագործուած այս բեմագրութիւնը անշեղօրէն շարունակելու հարցը շուտով հայկական դիւանագիտութեան դաշտը պիտի մտնէ, երբ լռեն հրացան եւ թնդանօթ։ Եւ ինչպէս հայ մարտիկը իր տոկունութեամբ ու նուիրուածութեամբ, նահատակութիւնը յանձն առած իր բաժին դերը փայլուն կատարեց, կ᾿ակնկալուի, որ հայկական դիւանագիտութիւնն ալ նոյնքան տոկունութիւն, յամառութիւն եւ հնարամտութիւն ցուցաբերէ, Երեւանի փոխարէն Ստեփանակերտը նստեցնելու բանակցութեան սեղանին, դէմ առ դէմ պարտուած թշնամիին, կողմնակի հետեւողի դերակատարութիւն վերապահելով Երեւանին։
Ասիկա, կը հաւատանք ու համոզուած ենք, ներկայ պատերազմի հիմնական նպատակներէն մին է, զոր պէտք է անշեղօրէն իրագործել ու նոր իրադրութիւն ստեղծել։ Ատրպէյճանի ռազմական ջախջախումը այդ իրաւունքը եւ հնարաւորութիւնը կ᾿ընձեռէ հայկական դիւանագիտութեան։
Զաւէն Լիյլոզեան
«Յուսաբեր», 9 Հոկտեմբեր 2020