Հայ Դատի Յանձնախումբը Արցախի ներկայ իրավիճակին հարցով կը հանդիպի Գանատայի Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանքի Քաղաքացիական Հարցերու նախարարին հետ
24 Հոկտեմբեր 2020 Ուրբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան Հ.Յ.Դ. Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներէն ընկեր Վահէ Անտոնեան յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Գանատաի Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանքի Քաղաքացիական հարցերու Նախարար Ճիննի Սիմզի հետ։Ան զրուցեց Արցախի տարածքին տիրող պատերազմական իրավիճակին եւ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ բարբարոսական յարձակումներուն մասին։

Նախարարը յայտնեց, որ տեղեակ Է իրադարձութիւններու մանրամասնութեանց, իրզօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի ժողովուրդի ինքորոշման իրավունքին եւ պատրաստ է կարելին ընել՝ օժանդակելու նահանգային եւ դաշնակցային խորհրդարաններուն մէջ Արցախի հարցը խաղաղօրէն լուծելու Գանատայի ջանքերուն։
Ընկեր Անտոնեան իր կարգին Նախարար Սիմզին յանձնեց Հայ դատի յանձնախումբի պատրաստած Արցախի հիմնահարցի թղթածրարը, շնորհակալութիւն յայտնեց անոր եւ Հայ դատի յանձնախումբի անունով խոստացաւ սատարել զինք յառաջիկայ նահանքային ընտրութիւներուն։
horizonweekly.ca