Դաշնակցական Երիտասարդական-Ուսանողական Ցոյց` Թուրք-Ազրպէյճանական Յարձակողապաշտութեան Դէմ
27 Հոկտեմբեր 2020
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան երէկ` երկուշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ հակաթրքական ցոյց մը` Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց:
Ցոյցին ներկայ էին շուրջ 200 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք յեղափոխական երգերով եւ զանազան տեսակի հակաթրքական կարգախօսներ արձակելով բողոքեցին դեսպանատան առջեւ: Բողոքի ցոյցին հիմնական նպատակն էր լուսարձակի տակ առնել Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջամտութիւնը Արցախի վրայ Ազրպէյճանի շղթայազերծած վերջին յարձակումներուն: Ցուցարարները շեշտեցին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի անմարդկային արարքները` ընդգծելով անմեղ ժողովուրդի մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումը: Բողոքի ցոյցին ընթացքին դաշնակցական երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու անդամները զանազան կոչերով եւ կարգախօսներով իրենց բողոքը արտայայտեցին թուրք-ազրպէյճանական յարձակողապաշտութեան դէմ:
Բողոքի ցոյցին ընթացքին ցուցարարները հրկիզեցին Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Իսրայէլի դրօշները:
aztagdaily.com