Հայ Ժողովուրդի Արժանապատուութիւնը Ծախուեցաւ. Յակոբ Խաչերեան
18 Նոյեմբեր 2020 ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան ուրբաթ, 13 նոյեմբեր 2020-ի երեկոյեան «Վանայ ձայն»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին` «Հայրենիքն ու հայութիւնը դէմ յանդիման Արցախի պարտուողական համաձայնութեան» նիւթով, զոր վարեց ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն Վիգէն Աւագեան, հաստատեց, որ «Արցախի պատերազմը տակաւին չէ աւարտած, պատերազմը պարտուեցանք, բայց պատերազմնե՛ր ունինք յաղթելիք»:ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը հարցազրոյցին ընթացքին խօսեցաւ անցնող 45 օրերուն Արցախի մէջ հայութեան ապրած օրհասական իրավիճակին, գետնի վրայ այդքան մարտնչումներէն ետք արձանագրուած դիւանագիտական ծանր պարտութեան, վարչապետ Փաշինեանի կողմէ կնքուած պարտուողական համաձայնութեան, այս ճգնաժամէն դուրս գալու ելքերու առկայութեան, այս բոլորին նկատմամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մօտեցումին ու կեցուածքներուն մասին:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ նման պարտուողական կացութեան դէմ յանդիման գտնուեցաւ հայութիւնը` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը ըսաւ, թէ եղածը կուտակուած սխալներու հետեւանք էր, որմէ զերծ չի մնար որեւէ քաղաքական կողմ, բայց եւ այնպէս պատասխանատուութեան չափը կը տարուբերի, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք այն հսկայական աւերը, որ գործուեցաւ վերջին փուլին: Ըստ անոր, արձանագրուած հետեւանքներէն ակնյայտ է, որ այս իշխանութիւնը իր երկուքուկէս տարուան գործունէութեամբ, յատկապէս իշխանութեան միանձնեայ ղեկավարը կը կրեն այդ սխալներուն մեծագոյն բաժինն ու ամբողջական պատասխանատուութիւնը:

Խօսելով ժողովրդային շարժման մասին` Յ. Խաչերեան յայտնեց, թէ օրին ան յուսադրեց բոլորը, աւելի փայլուն ապագայի, աւելի ամուր հայրենիքի եւ աւելի բարգաւաճող միջավայրի ակնկալութիւն ներշնչեց, բայց եւ այնպէս ժամանակն ու փաստերը ցոյց տուին, որ այդ ամբողջը խաբկանք է, ոչ իրական աշխարհ մըն է:
«Սկսինք ժողովրդավարութիւն եւ ընկերային արդարութիւն հաստատելու խոստումներէն. օրերը եկան փաստելու, որ իշխանութեան առած բոլոր քայլերը տրուած խոստումներուն հակառակ ուղղութեամբ ընթացան. կազմուեցաւ Ազգային ժողով մը, ուր կայ բացարձակ մեծամասնութիւն մը, ինչ որ ժողովրդավարութեան դէմ է լիովին, իսկ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն արտայայտուելու եւ գործելու կաշկանդումներ եղան` բիրտ ոճով կամ պատգամաւորներու հալածանքով, բանտարկութեամբ, գաղտնալսումներով, բազմակարծութեան արգիլումով, հասան մինչեւ սահմանադրական օրէնքներու կոպիտ խախտումի, դատական համակարգի գործընթացի արգելակման, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մէջ եղած շարունակական փոփոխութիւններուն եւ այլն. «Այս բոլորը ցոյց տուին, որ Հայաստան շատ հեռու է ժողովրդավար երկիր ըլլալէ»: Յակոբ Խաչերեան հաստատեց, որ համացանցային հարթակներու վրայ եւ իշխանութեան հովանիին տակ կը գործէ կեղծ լրատուութեան բանակ մը, որ կը գործէ ժողովուրդին միտքերը ստրկացնելու, անոնց հոգիները բռնաբարելու ուղղութեամբ: «Այս վախի մթնոլորտն է, որ ստեղծուած է Հայաստանի մէջ, ինչ որ կը մղէ եզրակացնելու, թէ ժողովրդավարութիւնը դժուար թէ վերականգնի այս իշխանութեան տիրապետութեան օրերուն», հաստատեց Յակոբ Խաչերեան:
Նախորդ իշխանութիւններուն վերադառնալու մթնոլորտին մասին մնայուն կերպով խօսելու ներկայ իշխանութիւններուն քաղաքականութեան վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի դէմ եղած կեցուածքներուն մէջ միշտ ակներեւ է անցեալին վերադառնալու ամբաստանութիւնը: «Մենք մեր առաջին հաւաքին` 2019-ի կէսերուն Օփերայի հրապարակին վրայ, յայտարարեցինք, թէ անցեալին վերադարձ չկայ, որովհետեւ մենք եւս դժգոհ էինք անկէ: Բայց ժամանակը ցոյց տուաւ, որ ներկայ իշխանութիւնը տարբեր չէ նախկիններէն, միայն դիմակներն են, որոնք փոխուած են: Նոր դիմակը աւելի նենգ, վախազդու եւ տժգոյն գոյներով է», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ այս իշխանութիւնը նաեւ շերտաւորեց հայութիւնը` Հայաստանի մէջ թէ անկէ դուրս` «բաժնէ, որ տիրես» սկզբունքով առաջնորդուելով:
Յ. Խաչերեան դիտել տուաւ, որ արտաքին ճակատի վրայ ասիկա ամէնէն տխուր ժամանակաշրջանն է մեր միջազգային յարաբերութեանց առումով, իսկ Դաշնակցութիւնը փաստօրէն եղաւ արտահայաստանեան քաղաքականութեան շրջուն թարգմանը` իր Հայ դատի եւ կուսակցութեան գրասենեակներով, անոնք կատարեցին այն աշխատանքը, որ ենթադրաբար պէտք է կատարէր արտաքին գործոց նախարարը` քաղաքական առումով: Իբրեւ օրինակ ան յիշեց, թէ ինչպէ՛ս վերջին 45 օրերուն ընթացքին ՀՅԴ-ի գրասենեակները, արտաքին գործոց նախարարին կողքին, վարեցին արտաքին քաղաքականութիւնը, յարաբերական աշխատանքները` տարբեր ձեւերով եւ այլազան մակարդակներու վրայ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ է իր մօտեցումը պատերազմի փուլին դրսեւորուած ազգային միասնականութեան, Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքի զօրաշարժին, հայ զինուորին ցուցաբերած մարտունակութեան եւ հերոսական երեւոյթներուն նկատմամբ` Յակոբ Խաչերեան ըսաւ. «Անոնք մեր ծինին մէջ են, մենք միշտ եղած ենք ամուր, կուռ, միակամ, երբ թշնամին կայ. ատիկա բնական է, հայը չի կրնար այդպէս չըլլալ, եւ կը յուսամ, բոլորիս ալ համոզումն է, որ պատերազմը չէ վերջացած, թշնամին տակաւին կայ եւ պիտի մնայ, մինչեւ որ մենք յաջողինք թուղթերու վրայ արձանագրուած այս պարտութիւնը եւ պատերազմի դաշտին վրայ արձանագրուած նահանջը վերածել յաղթանակի: Այս օրերուն առաջին փուլով աշխատանք կը տարուի, որպէսզի աւելի ծանր, անտեսանելի այլ հետեւանքներ ալ չընդգրկեն այս յայտարարութեան յաջորդելիք բանակցութիւնները», ընդգծեց Խաչերեան:
Յաջորդ հարցումը կը վերաբերէր նախորդ երկուքուկէս տարիներուն Արցախի տագնապին գծով Դաշնակցութեան տարած աշխատանքներուն: Յակոբ Խաչերեան յիշեցուց, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ՀՅԴ-ն իր նախորդ Ընդհանուր ժողովը գումարեց Արցախի մէջ` անկախ Հայաստանի հողերուն վրայ գումարած առաջին Ընդհանուր ժողովէն ճիշդ հարիւր տարի ետք: «Ասիկա փաստացի ազդանշան մըն էր, որովհետեւ մեր բոլոր մակարդակի ժողովներուն ընթացքին Հայաստանն ու Արցախը առաջնակարգ օրակարգի վրայ եղած են: Ժողովներէն դուրս եւս` մեր գործնական աշխատանքին մէջ: Այդ ժողովէն անմիջապէս ետք մենք ունեցանք ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքման եւ կարեւորութեան գծով ֆորում, աւելի ուշ` ամրան, ունեցանք Հայ դատի գրասենեակներու միջազգային համագումարը` կրկին Արցախի մէջ: Բնական դարձած էր մեր եւ մեզի ուղեկից բոլոր կազմակերպութիւններուն աշխատանքներու ծաւալումը` Հայաստանի կողքին, երբեմն ալ աւելիով, Արցախի տարածքին` շրջանային թէ միջազգային ժողովներուն զուգահեռ: Նիւթական ներդրումներու իմաստով եւս ՀՅԴ-ի համակիրներ տարբեր ձեւերով` հանգանակութիւններ կամ այլապէս, չեն զլացած իրենց լուման ներդրելու բազմաբնոյթ ծրագիրներու, որոնց կիզակէտը Արցախն ու անոր բարգաւաճումն է: Այս բոլորով հանդերձ, կ՛ըսեմ, որ ինչ որ տուած ենք Արցախին, անբաւարար է, կրնայինք աւելի՛ն տալ թէ՛ ազգովին, եւ թէ՛ իբրեւ Դաշնակցութիւն», շեշտեց Խաչերեան` հաստատելով, որ Արցախը միշտ ալ աւելին կ՛արժէ:
Վ. Աւագեան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ ստորագրուած նոր յայտարարութեան լոյսին տակ արդեօք այս բոլոր ներդրումները, գործունէութիւնը, իրականացած ծրագիրները, տարուող եւ ընթացքի մէջ եղող աշխատանքը յօ՞դս ցնդեցան: «Մեր կամքը ամուր է, տրամադրութիւնները առկայ են: Երբեմն աշխարհաքաղաքական շահերը մեր կամքէն աւելի զօրաւոր կրնան ըլլալ, բայց մնայուն չեն անոնք, որովհետեւ չկան մնայուն կապեր ու մնայուն շահեր, ուրեմն այս դրուածքը կրնայ փոխուիլ ապագային: Մենք պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք այդ փոփոխութիւններուն, միշտ տրամադրուած ըլլանք ու ծրագրենք` առանց վայրկեան մը իսկ մտածելու, որ մենք կրնանք ընկրկում ունենալ, պէտք է մեր կամքը միշտ անկոտրում պահել», յայտնեց Յ. Խաչերեան:
Ներկայ կացութեան անդրադառնալով` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը յայտնեց, որ այսօր կը գտնուինք ալեկոծ ծովու մը մէջ, որ պէտք է իր աղբերը թափէ դուրս եւ ինքզինք վերագտնէ:
«Մենք վերջին փուլին տեսանք ազրպէյճանական եւ թրքական միացեալ ռազմափորձեր, բայց մեր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պատասխանատուները պէտք է գիտնային, որ մարզումներ կ՛ըլլային, եւ անոնք պէտք է նկատէին, որ այդ մարզումներէն ետք զինամթերք կը կուտակուէր Ազրպէյճանի մէջ, եւ մարզումները կը կատարուէին թուրք սպաներու կողմէ: Անոնք պէտք է նկատէին այն, ինչ որ տնտեսագէտներ նկատած էին, թէ տնտեսական մագլցում արձանագրուած է Ազրպէյճանի զինուորական պիւտճէին մէջ վերջին երկու տարուան ընթացքին, եւ թէ անիկա պիտի գործածուի պատերազմի ընթացքին, իսկ Ազրպէյճանի միակ թշնամիները Հայաստանն ու Արցախն են:
«Դիւանագիտական մարզին մէջ եւս, բացի արտաքին գործոց նախարարութենէն, ընդհանուր անճրկում տեսանք դեսպաններէն, որոնք պէտք եղածին պէս պատրաստուած չէին, հակառակ մեր բազմաթիւ յիշեցումներուն: 2016-ին ալ նոյնը եղաւ, ազրպէյճանական դիւանագիտութիւնը յաղթեց հայկականին, եւ այն ինչ որ օրին ըրին, այս օրերուն ալ նոյնը կրցան ընել ազրպէյճանցիները` օգտագործելով մամուլը, ընկերային հարթակները եւ տանելով յարաբերական աշխատանք: Մենք թերացանք ճշմարտութիւնը բացայայտելու մէջ. չկրցանք ցոյց տալ, որ կեղծ է այն թէզը, որ Ազրպէյճան կ՛ուզէ վերատիրանալ իր «պատմական հողերուն», կը կռուի իր «հողերու ամբողջականութեան համար», անհրաժեշտ քարոզչական եւ յարաբերական արշաւը չկատարեցինք, չկրցանք համոզել աշխարհը, որ մեր դատը արդար է, չկրցանք վերադառնալ մեր չորս հազար տարուան պատմութեան, իսկ իրենք ցոյց տուին իրենց հարիւր տարուան պատմութիւնը` ըսելով, որ ասոնք իրենց հողերն են», նշեց Յակոբ Խաչերեան:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ ՀՅԴ-ի յարաբերութեան անդրադառնալով` Յ. Խաչերեան ըսաւ. «Վերջին տասը օրերուն վարչապետին հետ հանդիպումի մեր դիմումին պատասխանը չորս օրեր սպասելէ ետք ժխտական էր: Անկէ առաջ ալ կայացած մեր հանդիպումներուն, մեր արտայայտած մտահոգութիւններուն լսող կար, բայց ոչ ընկալող: Բայց եւ այնպէս մենք միշտ ալ կը մնայինք ամուր եւ կը շարունակէինք մեր յարաբերական, դիւանագիտական, նուիրահաւաքի աշխատանքները: Նաեւ մենք է, որ կը ֆինանսաւորէինք մեր կամաւորական ջոկատները: Ասկէ վերջ նոր պահ է, նոր աւիշով պէտք է շարունակենք աշխատանքը», ընդգծեց Խաչերեան` հաստատելով, որ այս պատերազմը պարտուած ենք, սակայն տակաւին յաղթելիք այլ պատերազմներ կան, եւ անոնց համար պէտք է աշխատանքի լծուիլ:
Արցախեան պատերազմին սահմանագիծին մէջ դաշնակցական վաշտերուն եւ դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական մակարդակի վրայ իբրեւ համախմբող ուժ տարած աշխատանքին մասին ան ըսաւ. «Չեմ ուզեր արժեւորել, հայ ժողովուրդը ի՛նք թող արժեւորէ, եւ վստահ եմ` պիտի արժեւորէ: Մենք այս անգամ ալ ունեցանք նահատակներ, օրինակ` մեր հաստատութիւններէն մէկուն մէջ աշխատող նահատակին յղի կինը անոր դագաղին ետեւ քալեց եւ երկու օր ետք ծննդաբերեց: Ասիկա նոր երեւոյթ չէ Դաշնակցութեան եւ դաշնակցականներուն համար, միշտ ալ այդպէս եղած է, երբ օրհասական պահը հնչած է:
«Պատերազմի առաջին օրը` սեպտեմբեր 27-ի առաւօտուն, մենք` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին միջոցով եղանք վարչապետին կապուող առաջիններէն եւ մեր պատրաստակամութիւնը յայտնեցինք մեր կառոյցներով ու կարողութիւններով ծառայելու Հայաստանին ու հայութեան: Քանի մը ժամ ետք մեր առաջին վաշտի հերոսները արդէն հաւաքուած էին Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ, վերանորոգեցին իրենց ուխտը եւ մեկնեցան ճակատ, յաջորդող օրերուն նորանոր վաշտեր հետեւեցան անոնց», դիտել տուաւ Յակոբ Խաչերեան` աւելցնելով, որ Դաշնակցութեան կատարածին գնահատականը պէտք է տայ ժողովուրդը:
Քաղաքական առումով` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը յայտնեց, որ 27 սեպտեմբերին միւս կուսակցութիւններուն հետ համատեղ գումարուեցաւ զօրակցական հաւաք, երկրորդ հաւաքը եղաւ օրեր ետք, երբ տեղեկութիւններ ունեցանք այն մասին, որ հարցերը չեն ընթանար փափաքելի հունով: Հոկտեմբեր 12-ին Բիւրոյի ներկայացուցիչն ու նախագահը մեկնեցան Արցախ եւ հանդիպում ունեցան ներկայ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, նախկին նախագահ Բակօ Սահակեանի, Արկադի Ղուկասեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի, Վիթալի Բալասանեանի, Արցախի Հայոց թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի հետ` կէս գիշերէն մինչեւ յաջորդ օրը կէսօր, բոլորին ալ առաջարկ եղած էր, որ պէտք է որոշ փոփոխութիւն մտցնել մեր արտահայաստանեան քաղաքականութեան մէջ` այս պարագային դէպի Ռուսիա, եւ համախմբել մեր կարողականութիւնը, յատկապէս մարդուժը, որ կրնայ որոշ ուղղութիւն եւ լիցք տալ ստեղծուած այս իրավիճակին: Այդ օրերուն արդէն կորսնցուցած էինք Ֆիզուլին, Հատրութի շրջակայքը, բայց կը յայտարարուէր, թէ կացութիւնը այդպէս չէ: Մենք կը գտնուէինք բարձունքներուն, բայց տէրը չէինք այդ շրջանին, չեմ ուզեր աւելին ըսել: Նոյն օրը վերադարձանք, հանդիպում ունեցանք վարչապետին հետ: Զգուշացուցինք, յիշեցուցինք, լսող կար, բայց մտիկ ընող չկար», ըսաւ Խաչերեան` աւելցնելով, որ երբ գործնական ոչինչ շօշափուեցաւ, խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական կուսակցութիւններու համախմբումով յայտարարութեամբ հանդէս եկանք:
«Մեր առաջարկը սահմանադրական յօդուածով արդէն սահմանուած կարելիութիւն է, ո՛չ յեղաշրջում, ո՛չ իշխանափոխութիւն, ուժերու համախմբման մասին էր խօսքը, որովհետեւ պահը օրհասական էր: Հարցը հոն այլեւս քաղաքական չէր: Մենք առաջարկեցինք վստահութիւն ներշնչող նախկին քաղաքական ծանօթ դէմքերէ, բանակին մէջ վաստակ շահած եւ վստահելի անձնաւորութիւններէ կազմուած յատուկ մարմին մը ստեղծել, եւ ըսեմ, որ առաջարկուած այդ անձնաւորութիւններու անուններուն մէջ ոչ մէկ դաշնակցականի անուն կար: Մենք ո՛չ իշխանութեան կը ձգտէինք, ո՛չ ալ կ՛ուզէինք յանձնախումբերու մէջ ըլլալ, այլ մեր նպատակն էր օգտակար ըլլալ, որպէսզի այս վիճակին չհասնինք, այլ հոգեկան փոփոխութիւն յառաջացնել եւ մեր բանակը զինել հարկ եղածին պէս», շեշտեց Խաչերեան: Ան յայտնեց, որ եղաւ փուլ մը, երբ արցախեան օդային տարածքը գտնուեցաւ ազրպէյճանական-թրքական ամբողջական տիրապետութեան տակ, այդ օրերէն ետք էր, որ մեծ կորուստներ արձանագրուեցան, եւ պատերազմի շրջադարձը սկսաւ` ի վնաս հայկական կողմին:
Վերջին բաժինով Յ. Խաչերեան խօսեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած յայտարարութեան մասին` իբրեւ ձեւ եւ բովանդակութիւն:
«Անին ծախուեցաւ»-էն ալ աւելի գէշ էր ասիկա, հայ ժողովուրդի արժանապատուութիւնը, հայոց պետականութիւնը, Արցախի Հանրապետութիւնը ծախուեցան:
«Չենք հաւատար, որ ասիկա պատերազմի դաշտին վրայ եղած բարդութեան արդիւնք ծրագիր էր, ծրագիրի աւարտն էր թերեւս: Հայաստանի մէջ թէ անկէ դուրս ապրող ոչ մէկ ողջմիտ անձ կրնայ ըսել, որ թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք բանակցային առումով որեւէ յառաջխաղացք արձանագրուեցաւ Արցախի տագնապին գծով: Այն սուտը, որ կը տիրէր պատերազմական օրերուն, տիրական էր նաեւ քաղաքական գործընթացին մէջ, որուն գծով վարչապետը կը յայտարարէր, որ բանակցութիւնները տակաւին պիտի սկսին զերոյէն, իր վարչապետութեան օրերէն, եւ որ Փաշինեան այս հարցով պիտի դիմէր ժողովուրդին` առանց անոր կարծիքին ու տեսակէտին ոչ մէկ որոշում տալով: Նաեւ ան յայտարարած էր, որ որեւէ փաստաթուղթ պիտի ստորագրէ միայն այն ատեն, երբ Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդը համաձայն ըլլայ: Ոչ մէկ ձեւով եղան այս բոլորը, ոչ մէկ ձեւով վերադարձ կատարուեցաւ ժողովուրդին, նոյնիսկ վերադարձ չկատարուեցաւ ժողովուրդին ընտրած պատգամաւորներուն, որոնք վարչապետին խմբակցութեան անդամ են նաեւ, ի յայտ եկաւ, որ վարչապետին դաշնակից պատգամաւորները տեղեակ չեն եղած, նախագահը եւս տեղեակ չէր որոշուած համաձայնութենէն` բացի իր անմիջական շրջապատէն, իր նեղ շրջանակէն:
«Այդ գաղտագողի գործելաոճին նախանշանները տուած էր վարչապետը: Պէտք է յիշէք նոյեմբերի առաջին կիսուն վարչապետին կատարած մէկ յայտարարութիւնն ու տխրահռչակ ելոյթը, ուր ներկայացուց ամէն բան ձեռքէ դուրս ելած տրամադրութեամբ, խօսեցաւ ցաւոտ զիջումներու մասին, որոնք ցնցեցին համայն հայաշխարհը: Արդէն մենք իր ձայնի, խօսքի ոճէն նկատեցինք պարտուած ղեկավար մը: Թէեւ օր մը ետք փորձեց ուղղել, սակայն զգալի էր, որ հայկական կողմին անունով բանակցողը, գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը ի՛նչ վիճակի մէջ էր: Մենք առաջարկեցինք մեր օժանդակութիւնը, բայց ինք մերժած էր որեւէ օժանդակութիւն, իւրաքանչիւրը իր կաթիլով կրնար լեցնել բաժակը, եւ այլ վիճակի մէջ ըլլայինք: Ցաւ ի սիրտ պատմութիւնը կարդալով չէ, որ եզրակացութիւն կ՛ընեմ, մենք կը խօսինք մեր այսօրուան ակնոցով, այս է որ կը ցաւցնէ», ընդգծեց Խաչերեան:
Անդրադառնալով ներկայիս շրջան ընող այն լուրերուն, որ Դաշնակցութիւնը իր բողոքի հաւաքներով իշխանութեան կը ձգտի` Խաչերեան ըսաւ. «Այսօրուան կացութիւնը կրնայ քաջալերական չթուիլ ոեւէ մէկուն, որ իշխանատենչ է: Մենք կ՛ուզենք Հայաստանը այսօրուան կացութենէն դուրս բերել, գործակցիլ բոլոր կողմերուն հետ: Մենք ներքին թշնամի չունինք. ի՛նչ իշխանութիւն, ի՛նչ փառք, կայ ազգային պարտականութիւն` քանդուած Անին վերականգնելու: Այսօր մեր թշնամին մեզ պաշարելու վիճակին մէջ է, Հայաստա՛նը պաշարելու վիճակին մէջ է: Մենք վրէժխնդրական ոչ մէկ զգացում ունինք ոչ մէկ անձի նկատմամբ, մենք մեր պարտականութիւնը կ՛ուզենք կատարել բոլորով, նոյնիսկ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներուն հետ, որոնցմէ ոմանք ներկայ կ՛ըլլան ցոյցերու: Մենք միայն կը խնդրենք, որ վարչապետը անցնցում հեռանայ, ան այսօր պատրաստ չէ բանակցութիւն վարելու, պէտք է հեռանայ այս պաշտօնէն, որպէսզի առիթը տայ փրկելու այն, ինչ որ կարելի է փրկել»:
Վարչապետի հրաժարականի երկրորդ պատճառը այն է, որ ընդունուած հասկնալի տրամաբանութեամբ պարտուած ղեկավարի հոգեբանութեամբ ոչ մէկ բանակցութիւն կարելի է վարել, եւ այսօր Փաշինեանը պարտուած ղեկավարի հոգեբանութեամբ անզօր է բանակցութիւն վարելու: «Բաւարար են իր արձանագրած սեւ էջերը Հայոց պատմութեան մէջ: Պէտք է անդրադառնայ, մտածէ, առիթը տայ եւ հեռանայ իշխանութենէն, կարելիութիւն տայ փրկելու այն, ինչ որ կարելի է փրկել», շեշտեց ան:
«Վանայ ձայն»-ի տնօրէնը հարցուց, որ եթէ վարչապետ Փաշինեան չհրաժարի, կա՞յ իրաւական, օրինական, սահմանադրական ելք` այս կացութենէն դուրս գալու, իսկ եթէ չկայ, ի՞նչ է այլընտրանքային ծրագիրը:
«Սահմանադրական լուծումներէ առաջ, պէտք է ապաւինիլ մեր ժողովուրդին ողջմտութեան, զինուորներուն, կառավարութեան, ազգի ղեկավարներուն, հոգեւորականներուն դատողութեան, որպէսզի ստեղծուի անցնցում այս փոփոխութիւնը ընելու մթնոլորտը», շեշտեց Յակոբ Խաչերեան, որ յառաջիկայ քայլերուն մասին ըսաւ. «Մեր թղթածրարը պէտք է պատրաստուի իր իրաւական հիմքերով, եւ մենք արդէն մեր գրասենեակներուն փոխանցած ենք իրաւաբանական անհրաժեշտ ցուցմունքները, որպէսզի դիմեն ամերիկեան, եւրոպական եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ղեկավարութեանց: Բայց անմիջապէս պէտք է ունենանք պետական ղեկավարութիւն` պետութեան թեւի մասնակցութիւնը այդ աշխատանքներուն աւելի յաջող եւ արդիւնաւէտ տանելու համար, որովհետեւ այլապէս բոլորս պիտի կորսնցնենք, սփիւռքի մէջ նստած հայութիւնը պիտի կորսնցնէ», ընդգծեց Խաչերեան:
«Տատամսումներ պիտի ըլլան օժանդակութեան ձեռք երկարելու դէպի Արցախ: Մենք պիտի փորձենք այդ ողնայարը շտկել, մենք ժողովուրդը պիտի պատրաստենք այն մտքին, որ մեր հողերուն վերատիրանալո՛ւ գործը նաեւ պատերազմ է, վերակառուցելո՛ւ գործը նաեւ պատերազմ է», ըսաւ Խաչերեան` իբրեւ օրինակ թուելով Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումէն վնասուած լիբանանահայութեան վերականգնումի ճիգերը:
Հայաստանի մէջ ներքին երկփեղկումի հարցին անդրադառնալով` Խաչերեան ըսաւ. «Քաղաքացիական պատերազմը աւարտած է հայուն համար, չկա՛յ հայ մը, որուն ատրճանակը ուղղուի հայու դէմ, բացի դաւաճանէն, որ չկայ Հայաստանի մէջ»:
Իսկ երիտասարդութեան ներուժին գծով ան ընդգծեց. «Ներկայով է, որ մենք պիտի կարենանք ձեւաւորել մեր ապագան: Պէտք է բոլոր նախաձեռնութեանց, բայց մանաւանդ Արցախի վերակառուցմա՛ն նախաձեռնութեան տէրը ըլլայ երիտասարդութիւնը»:
aztagdaily.com