Այս Պարտութեան Պատասխանատուութիւնը Ամբողջութեամբ Կը Կրէ Հայաստանի Այսօրուան Իշխանութիւնը. Բենիամին Պչաքճեան
01 Դեկտեմբեր 2020 28 նոյեմբերին «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանի հետ կատարեց «Արցախի անձնատուական համաձայնագիրը եւ մենք» նիւթով հարցազրոյց մը, զոր վարեց կայանի տնօրէն Վիգէն Աւագեան: Հարցազրոյցին ընթացքին հիմնականին մէջ լուսարձակի տակ առնուեցան արցախեան պատերազմն ու անոր ընթացքը, Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած յանձնուողական յայտարարութիւնն ու անոր ունեցած ծանր ազդեցութիւնը համայն հայութեան վրայ, անոր գործադրութեան ընթացքին ամէնօրեայ դրութեամբ ծագող նորութիւնները, քաղաքական այս վարչակարգով այս կացութենէն դուրս գալու անկարելիութիւնն ու ապագայի պատկերացումները:Ստորեւ` հարցազրոյցին առաջին բաժինը, երկրորդը` յաջորդ օրը:
«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ».- Կրնա՞ք ըսել մեր ժողովուրդին, որ 9 նոյեմբերի համաձայնութեամբ ի՞նչ տուինք եւ ի՞նչ ստացանք մենք` իբրեւ պետութիւն, ժողովուրդ եւ հայրենիք:
ԲԵՆԻԱՄԻՆ ՊՉԱՔՃԵԱՆ.- Պիտի փորձեմ ընդհանուր ձեւով պատասխանել այս հարցումներուն, որովհետեւ ցարդ տակաւին կան բազում անյստակ մնացած հարցեր եւ ծալքեր:

Ստորագրուածը հրադադարի պայմանագիր է, համաձայնութիւն չէ. անիկա ստորագրուած է եռակողմանի` Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ: Ի տարբերութիւն մեր վերջին հրադադարի համաձայնագիրին, որ կնքուած էր 1994 թուականին, եւ որուն մասնակից էր նաեւ Արցախը` իբրեւ հակամարտող կողմ, այս պայմանագիրին մէջ Արցախը ամբողջովին բացակայ է: Այս պայմանագիրով յստակացուած են, որ տարբեր-տարբեր շրջաններէ հայկական զինուած ուժերը ե՛րբ պիտի քաշուին, եւ հիմնականին մէջ անոնք քաշուեցան 5+2 շրջաններէն` հարաւային կողմը Զանկելան, Ղուպաթլի, Ֆիզուլի, Ճեպրայիլ, արեւելեան շրջանէն Աղտամ, նաեւ երկու շրջաններ արեւմտեան կողմէն` Լաչինն ու Քարվաճառը: Այս ամբողջութիւնը կը կազմէ մօտաւորապէս 10 հազար քառակուսի քիլոմեթր. եթէ Արցախի Հանրապետութիւնը կը կազմէր շուրջ 12 հազար քառակուսի քիլոմեթր, այս պայմանագիրով 10 հազարը զիջած ենք արդէն: Այս տարածքը Արցախի անվտանգութեան համար ունի ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն, նաեւ պարէնի արտադրութեան առումով շատ հարուստ շրջան է, հոն կան ջրային պաշարներու հիմնական ակունքները, մանաւանդ Քարվաճառի եւ Լաչինի շրջանները` գետերու առատութեան իմաստով եւս, ինչպէս նաեւ` հումքի առումով: Այս ամբողջ շրջանը այսօր պարպուած կամ պարպուելու ընթացքի մէջ է: Այս կարճ ժամանակամիջոցին մենք թերեւս չկարենանք ամբողջութեամբ անդրադառնալ այն մեծ կորուստին, զոր ունեցանք, սակայն տասնամեակներ շարունակ այս կորուստին հետեւանքները մեծապէս պիտի զգանք, պիտի գիտակցինք` ի՛նչ կորսնցուցինք եւ մտածենք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է վերականգնել, գէթ` մասամբ:
«Վ. Ձ.».- Անցնող 26 տարիներուն այս 7 շրջանները բանակցութեան նիւթ էին, բայց այսօր բոլորը անակնկալի եկան, որ այս տարողութեամբ եղած է յանձնումը, որովհետեւ մարդիկ արդարօրէն հարց կու տան, որ այս 7-ին մասին լսած էինք, հապա՞ միւսները` Մարտունիէն, Մարտակերտէն եւ Ասկերանէն գիւղեր:
Բ. Պ.- Նախ պէտք է ըսել, որ բանակցութիւններուն ընթացքին ճիշդ է, որ խօսուած է հինգ շրջաններու վերադարձին, առաւել` խօսուած է նաեւ երկու այլ շրջաններ` Քարվաճառն ու Լաչինը վերադարձնելու մասին, սակայն այս բոլորին առնչութեամբ պարզապէս խօսակցութիւններ եղած են, համաձայնութիւն չէ կայացած: Այդ բանակցութիւններուն ընթացքին հայկական կողմը հետեւողական կերպով տարբեր նախագահներու օրով` սկսելով Լեւոն Տէր Պետրոսեանէն, ապա Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան, շեշտած է կարեւորութիւնը` ճշդելու Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը: Եթէ տարածքներ պիտի յանձնուին, կը նշանակէ, որ պէտք է արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը, անվտանգութիւնը, Հայաստանի հետ հաղորդակցութիւնը եւ այլ կէտեր ճշդուին: Նախկին բոլոր բանակցութիւններուն ընթացքին Ազրպէյճանն է, որ մերժած էր այդ հիմնական սկզբունքները, այդ պատճառով ալ համաձայնութեան կարելի չէր եղած հասնիլ, այսինքն` յստակ էր, որ բանակցութիւններուն ընթացքին, երբ փոխզիջման մասին կը խօսուէր, տարածքներ յանձնելու տրամադրութիւն կար, բայց` ոչ այս խայտառակ ձեւով, փոխարէնը` առանց որեւէ երաշխիքի եւ բազմաթիւ հարցերու յստակացման:
«Վ. Ձ.».- Այս խայտառակ համաձայնագիրին մէջ նաեւ կան բազմաթիւ անորոշութիւններ` կարգավիճակի, քարտէսներու բացակայութիւն, գերիներու, անհետ կորսուածներու թղթածրարին շուրջ անորոշութիւնը: Ըստ ձեզի, ինչո՞ւ այս ձեւով, հապճեպ եղաւ այս համաձայնագիրի ստորագրութիւնը, այս կէտերու անյստակութիւնը անլրջութեա՞ն, թէ՞ վրիպումի հետեւանք են:
Բ. Պ.- Եթէ հետեւինք 45 օրուան պատերազմի հոլովոյթին եւ առաջարկուած տարբեր պայմանագիրներուն, պիտի տեսնենք, թէ ամէն անգամ որ պայմանագիր մը մերժուած էր Հայաստանի իշխանութեան կողմէ, անոր յաջորդած է աւելի վատ պայմաններով պայմանագիր մը, եւ հասած ենք հոն, ուր ո՛չ միայն 10 հազար քառակուսի քիլոմեթր յանձնեցինք, այլ նաեւ Շուշին յանձնեցինք, Շուշին ոչ թէ գրաւուեցաւ, այլ յանձնուեցաւ: Այս բոլորը հետեւանք են այն վարչակազմին, որ առաջին օրէն իսկ անլրջութեամբ մօտեցաւ այս հարցին. այսօրուան պայմանագիրով յստակ չեն սահմանները, ճշդուած չէ գերիներու հարցը, հակառակ անոր որ հոն նշուած է, որ գերիներու, զոհուածներու մարմիններու փոխանակում տեղի պիտի ունենայ, ի՞նչ են այդ սահմանները, ուրկէ հայ զինուորները պիտի հեռանան, եւ ռուսական զօրքը պիտի տեղակայուի եւ այլն: Այս բոլորը պէտք էր յստակ դառնային, սակայն մենք տարածքները յանձնեցինք` մնացեալ կէտերուն վերաբերող առանց որեւէ յստակացումի: Այսօր նոյնիսկ անորոշութիւն կայ, դժբախտաբար, Հայաստանի սահմաններուն առնչութեամբ: Կը տիրէ ընդհանուր անորոշութիւն մը, ո՞վ է տարածքները յանձնողը, ո՞վ է սահմանները ճշդողը, ո՞վ պիտի հետապնդէ գերիներու եւ անհետ կորսուածներու հարցը, այս բոլոր հարցումներուն, ցաւ ի սիրտ, այսօր մենք պատասխան չունինք, որովհետեւ այսօրուան իշխանութիւնները այս բոլորին վերաբերող յստակ պատասխան չունին, նաեւ չեն յառաջացուցած յստակ յանձնախումբ մը` բանակայիններէ, մասնագէտներէ, պատմաբաններէ, քարտէսագէտներէ բաղկացած, որ այս ամէն ինչով զբաղի, ճշդէ, հետեւի: Չկայ նման բան: Չկայ յանձնախումբ մը, որ կը հետեւի գերիներու եւ անհետ կորսուածներու հարցերուն, անոնց ծնողները ամէնօրեայ դրութեամբ կը հաւաքուին կառավարութեան շէնքին առջեւ` իրենց զաւակներուն ճակատագիրի ճշդումը պահանջելով, նոյնիսկ վարչապետին հետ ալ հանդիպում ունեցան, սակայն` ի զուր, ապարդիւն, շօշափելի ոչինչ կայ: Իսկ այս պայմանագիրն ու այս բոլոր հարցերը պէտք է զուգահեռաբար ընթանային, այսինքն` տարածքներ կը յանձնուէին, դիմացը միւս կէտերը յստակ կ՛ըլլային, եւ կը սկսէր գործադրութիւնը, սակայն յանձնումը կատարուեցաւ, մնացեալ բոլոր գործընթացները յստակ չեն:
«Վ. Ձ.».- Այսքան յանձնուողական հրադադարի պայմանագիր ստորագրուեցաւ, որովհետեւ մենք կրեցինք զինուորական ծանր պարտութիւն. հիմա, որ հետզհետէ նոր տուեալներ, փաստեր կը բացայայտուին, ի՞նչ են, ձեր կարծիքով, այս պարտութեան պատճառները, որո՞նք են պատասխանատուները, յանցաւորները` բանա՞կը, հրամանատարական կա՞զմը, թէ՞ ղեկավարութիւնը:
Բ. Պ.- Բանակը քաղաքական որոշումներ կայացնող մարմին չէ, այլ քաղաքական ղեկավարութեան որոշումները գործադրողն է: Հետեւաբար այսօր ճիշդ չէ եղածին պատասխանատուութիւնը բեռցնել բանակին վրայ: Մենք գիտենք, որ պատերազմի հաւանականութիւնը անխուսափելի է մանաւանդ Հայաստանի պարագային, այսօր եւս անխուսափելի է, որովհետեւ պատերազմը չէ աւարտած, այնքան ատեն որ մեր դրացի թշնամիները ծրագիր ունին տիրանալու ո՛չ միայն Արցախին, այլ նաեւ` Զանգեզուրին, նոյնիսկ Երեւանի մասին խօսք կայ: Հետեւաբար Հայաստանի մէջ պատերազմը մնայուն կերպով օրակարգի վրայ եղած է եւ է մեր անկախութեան առաջին օրէն մինչեւ հիմա, ու նաեւ` ապագային: Այս կը նշանակէ, որ պետականօրէն պէտք է պատրաստ ըլլալ ամէն իմաստով` պարէնի, ռազմարդիւնաբերութեան, բանակի պատրաստուածութեան, ժողովրդային համակարգի, տնտեսութեան իմաստով եւ այլն: Եթէ քու պատրաստուածութիւնդ ու ներուժդ այն մակարդակի են, որ կարող ես թշնամիին հաւասարակշռութիւն պարտադրել, զսպել ու տարհամոզել զինք պատերազմ սանձազերծելու, այդ պարագային պատերազմ տեղի չ՛ունենար: Սակայն երբ թշնամին կը զգայ, որ այդ հաւասարակշռութիւնը որեւէ մարզի մէջ խախտած է, շատ դիւրութեամբ պատերազմի կը դիմէ, որպէսզի կարենայ իր նպատակները իրականացնել: Այդպէս ալ պատահեցաւ:
«Վ. Ձ.».- Եթէ պետական այրերը գիտէին, որ մենք պատրաստ չենք պատերազմի, ինչո՞ւ մտանք պատերազմի մէջ, այդ ալ` 44 օր, իսկ եթէ չէին գիտեր, այդ ալ աւելի մեծ յանցանք է:
Բ. Պ.- 2016-ին մենք ունեցանք քառօրեայ պատերազմը, որուն ատեն եւս խօսակցութիւններ շրջան ըրին այն մասին, որ մենք պատրաստ չէինք պատերազմին, սակայն գետնի վրայ մենք այնքան մեծ վնասներ կրցանք հասցնել թշնամիին, որ պատերազմի չորրորդ օրն իսկ Ազրպէյճանը Ռուսիայէն խնդրեց պատերազմի կասեցումը եւ հրադադարի կայացումը:
Սակայն վերջին 2,5 տարուան ընթացքին այսօրուան իշխանութիւնները ամէն ինչ ըրին, որպէսզի մենք հասնինք հոն, ուր որ ենք այսօր, այսինքն` պատերազմի ոչ պատրաստ վիճակի մէջ: Պատերազմական վտանգի տակ գտնուող երկրի մը հասարակութեան միակամութիւնը առաջնահերթ նախապայման է, սակայն Հայաստանի մէջ իշխանաւորները հասարակութիւնը տարանջատեցին` սեւ ու սպիտակի, հին ու նորի, յեղափոխականի ու հակայեղափոխականի բաժնելով, ինչ որ լիովին սխալ էր, մանաւանդ երբ ունիս մէկ հիմնական թշնամի, որ ո՛չ սեւ, ո՛չ ալ սպիտակ կը ճանչնայ: Երկրորդը մեր բարեկամներուն ու դաշնակիցներուն հետ քաղաքական յարաբերութիւններն են. նախորդ 2,5 տարուան ընթացքին այս իշխանութիւնները ամէն ինչ ի գործ դրին, որպէսզի յատկապէս մեր ռազմավարական դաշնակից Ռուսիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները ամէնէն ցած մակարդակին հասցնենք, այս տարիներուն ամէն ձեւով սեպ խրուեցաւ այդ կապերուն մէջ` այն յաւակնութեամբ, որ ի վերջոյ Հայաստան անկախ պետութիւն է, մենք ունինք մեր ինքնուրոյնութիւնը, սակայն երբեք պէտք չէր փճացնէինք յարաբերութիւնները մեր ռազմավարական դաշնակիցին հետ, որ մեր ռազմամթերքին, մեր բանակին, տնտեսութեան զօրավիգ կանգնող երկիր է ու մեր սահմաններուն ապահովութեան երաշխաւորը: Երրորդ պարագան այն է, որ մենք ոչ մէկ ձեւով զարկ տուինք տնտեսութեան, տրուած բոլոր խոստումները, կատարուած յայտարարութիւնները մնացին խօսքի սահմաններուն մէջ, իսկ գետնի վրայ տնտեսութիւնը մնայուն կերպով հարուած ստացաւ:
«Վ. Ձ.».- Որքա՞ն արդարանալի են այն խօսակցութիւնները, որ այս բոլորը 2,5 տարուան հարց չեն, այլ 30 տարուան խնդիրներ են: Իշխանութենէն յաճախ կը լսենք, որ այս բոլորը այս 30 տարիներու բեռան հետեւանք են եւ ոչ` վերջին տարիներու:
Բ. Պ.- 30 տարուան բեռ մը կայ, նաեւ գալիքն ալ բեռ է: Մենք ասոր գիտակցութիւնը պիտի ունենանք, որովհետեւ մենք, ի վերջոյ, անկախ մեր փափաքէն, պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող երկիր ենք, չենք շրջապատուած բարեկամ պետութիւններով, եթէ ասոր գիտակցութիւնը ունեցանք եւ կրցանք այդ հաւասարակշռութիւնը ստեղծել ու պահպանել, ո՛չ միայն ներքնապէս` իբրեւ պետութիւն, այլ նաեւ մեր դաշնակիցներով, այն ատեն կրնանք յաղթահարել շատ բան, իսկ եթէ չկրցանք այդ զսպիչ հաւասարակշռութիւնը ստեղծել, ապա ո՛չ միայն Արցախ չի մնար, այլ նաեւ Հայաստան: Նախորդ 2,5 տարուան ընթացքին հարուած տրուեցաւ մեր ազգային ինքնութեան, մեր ազգային հերոսներուն, բանակին, արտաքին երկիրներու հետ մեր յարաբերութիւններուն, փճացաւ ամէն ինչ, իսկ փոխարէնը ի՞նչ ստացանք, ի՞նչ ստեղծեցինք: Փաստօրէն, այս 45 օրուան պատերազմին ընթացքին ո՞վ մեզի օժանդակեց, արտասանուած անուշ խօսքերէն բացի` ոչ մէկ շօշափելի նեցուկ ստացանք, կարելի չէ մոռնալ, որ տարածաշրջանին մէջ մենք ունինք ռազմավարական դաշնակից, ունինք բարեկամ պետութիւններ, որոնց հետ մեր յարաբերութիւնները պէտք է մշակենք եւ զանոնք հասցնենք այնպիսի մակարդակի, որ այս նեղ օրերուն մենք հարցեր չունենանք:
«Վ. Ձ.».- Սակայն կը տեսնենք, որ ինքնաքննարկում ընելու փոխարէն` այսօր փորձ կը կատարուի պատասխանատուութիւնները բաժնելու, մէկզմէկու վրայ բեռցնելու, իսկ առաջին թիրախը բանակն է, որուն մասին շատ բան կը խօսուի: Որքա՞ն ճիշդ են այս բոլոր խօսակցութիւնները:
Բ. Պ.- Նիկոլ Փաշինեանը, դժբախտաբար, այն ապիկար ղեկավարն է, որ փոխանակ հարցերը քննարկելու, լուծելու, ծրագիրներ մշակելու եւ մարդոց հետ խորհրդակցելու` առանձինն որոշումներ կը կայացնէ: Առ այդ, եղածին պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ անոր վրայ կ՛իյնայ:
Մենք` իբրեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւն, պատերազմի առաջին օրէն պատրաստեցինք մեր ջոկատները, որոնք պատերազմի սկսելէն քանի մը ժամ ետք արդէն դիրքեր մեկնեցան, եւ 45 օրեր, ու անկէ ետք ալ մեր տղաքը հերթաբար գացին դիրքերը պաշտպանելու: Նոյն ձեւով` բազմաթիւ կամաւորներ, զօրակոչիկներ, որոնք չզլացան:
Այսօր վարչապետը կը փորձէ պատասխանատուութիւնը բաժնել, իսկ ինք չ՛ուզեր որեւէ յանցանք ստանձնել. այնպիսի անձ մըն է, որ փոխանակ անդրադառնայ եղածին, 2,5 տարուան ընթացքին իր գործած աւերին, տակաւին կը շարունակէ մնալ իր պաշտօնին վրայ:
Մենք ունինք մարտունակ բանակ, որուն մասին ոչ մէկ ժխտական արտայայտութիւն կարելի է ունենալ, բանակը իր դիրքերուն վրայ էր, մինչեւ վերջ կռուեցաւ, եւ եթէ որոշ շրջաններ մենք կրցանք պահել, այդ ալ բանակին եւ կամաւորներուն շնորհիւ էր, որովհետեւ անոնք դիրքերը չլքեցին: Եթէ պատահած են պարագաներ, երբ բանակայիններ դիրքերը ձգած ու հեռացած են, ուրեմն պէտք է պատճառները գիտնալ: Անկազմակերպուածութեան պատճառները պէտք է բացայայտել: Երբ վարչապետը կը յայտարարէ, որ թաղային ջոկատներ պէտք է կազմուին, 30 հոգինոց խումբեր պէտք է պատրաստուին, այն ատեն հարցումներ կը ծագին, որովհետեւ մենք 1990-ական թուականները չենք, երբ տակաւին հայկական բանակ գոյութիւն չունէր, այլ կային կամաւոր ջոկատներ: Այսօր մենք ունինք կազմաւորուած, հզօր բանակ, եւ եթէ պետութիւնը որոշում կայացուցած է, որ ասիկա «հայրենական պատերազմ է», ասիկա «Սարդարապատ է», ուրեմն ազգովին պիտի պատերազմինք, զօրակոչի պիտի ենթարկուի 18-55 տարեկան ոեւէ անձ եւ ուղղուի ճակատ, եւ ոչ թէ կոչերով, թաղային դրութեամբ վարչապետը պիտի հրաւիրէ, որ փոքր խումբեր կազմուին եւ արձանագրուին: Բազմաթիւ երիտասարդներ գացին ու զինուորագրուեցան, սակայն անոնց ըսուեցաւ, որ պէտք է սպասեն, խումբեր կազմուեցան, անոնք տարուեցան Գորիս կամ Կապան, բայց չանցան ճակատ: Ինչո՞ւ չուղարկուեցան ճակատ, ինչո՞ւ այդ քաղաքական որոշումը տրուեցաւ, ասիկա բանակին որոշումը չէր, ինչո՞ւ Փաշինեան ընդհանուր զօրակոչ չյայտարարեց, եւ մենք մեր ամբողջ ներուժով չպայքարեցանք: Գետնի վրայ անկազմակերպուածութիւն տիրեց, կար զէնք-զինամթերքի պակաս, ռազմավարական դաշնակիցին չդիմուեցաւ, որպէսզի անիկա հարկ եղած մատակարարումը ընէ, միայն 20-րդ օրէն ետք սկսանք դիմումներ կատարել: Այս բոլորին պատասխանատուութիւնը կը կրէ այսօրուան իշխանութիւնը, որ լրջօրէն չմտածեց այս մասին:
Ի միջի այլոց ըսեմ նաեւ, որ մենք` իբրեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւն, հաւաքեցինք բոլոր ընդդիմադիր ուժերը` ըսելով, որ պատերազմը սկսած է, մեր ընդդիմադիր կեցուածքները մէկդի կը դնենք եւ մեր ամբողջ ներուժը` կուսակցական, քաղաքական, քաղաքացիական, կը տրամադրենք այս պետութեան եւ բանակին: Սակայն, հակառակ այս բոլորին, հակառակ վարչապետին հետ մեր հանդիպումներուն, որոնք չեն բացայայտուած, եւ որոնց ընթացքին բազմիցս իրեն ներկայացուած է կացութեան լրջութիւնը, գետնի վրայ արձանագրուող կորուստները, ու մեր լուծման պատկերացումները, ոչ մէկ բան փոխուեցաւ: Երբ «Յաղթելու ենք» արտայայտութեամբ կը դիմուէր հայութեան, մենք գիտէինք, թէ իրական ի՛նչ կը պատահի գետնի վրայ, ի՛նչ աւերներ կը գործուին, որովհետեւ մեր տղաքը հոն` գետնի վրայ էին: Ամբողջ 45 օր խաբեցին ժողովուրդը, որպէսզի անկէ ետք ալ այս ծանր հարուածը տան` ըսելով, որ այլ ելք չկար, բայց անշուշտ կար այլ ելք, կարելի էր աւելի նուազ վնասներով դուրս գալ, չզիջիլ Շուշին:
(Շար. 1)
aztagdaily.com