Այս Պարտութեան Պատասխանատուութիւնը Ամբողջութեամբ Կը Կրէ Հայաստանի Այսօրուան Իշխանութիւնը. Բենիամին Պչաքճեան
02 Դեկտեմբեր 2020 «Վ. Ձ.».- Զինուորական գործողութիւններուն վերաբերող երկու մեծ հարցականներ կան, մէկը Ճեպրայիլի ուղղութեամբ կատարուածը, երկրորդ` Շուշիի մէջ եղածը: Ի՞նչ պատահեցաւ, որ հարաւային կողմը այդքան մեծ պարտութիւն կրեցինք, իսկ Շուշիի մէջ պատահեցաւ այն, որ պէտք չէր պատահեր:Բ. Պ.- Ես զինուորական մասնագէտ չեմ, ո՛չ ալ ստուգուած տեղեկութիւններ ունիմ, սակայն ինչ որ ճակատէն վերադարձածները ըսած են, եւ քաղաքական վերլուծումներ կատարուած են, հետեւեալը պատահած է. հարաւային ճակատի վրայ, որ շատ դժուար պաշտպանելի ճակատ է, մեր պաշտպանողական դիրքերը բաւական ամուր էին, սակայն երբ օդը պաշտպանուած չէ, եւ անօդաչու թռչող սարքերով ու օդանաւերով թշնամին շատ դիւրութեամբ կարելիութիւն ունի ռմբակոծելու մեր պաշտպանական գիծը, կարելի չէ դիմանալ եւ դիմակայել թշնամիին յարձակման: Ճեպրայիլի պարագային կ՛ըսուի, որ զինուորական որոշումով չեղաւ, ինչ որ եղաւ, որովհետեւ զինուորականները որոշած էին այլ կերպ դիմակայել այս կացութիւնը, սակայն քաղաքական ղեկավարութիւնը փոխանցեց որոշում, թէ պէտք է դիմակայել, ինչպէս որ է: Ասոր իբրեւ հետեւանք` ամբողջ գունդ մը` մօտաւորապէս հազար հոգի, իրենց սպայակոյտով ջարդուած են Ճեպրայիլի շրջանին մէջ: Շատ ծանր եւ վտանգաւոր տեղեկութիւն է, անձամբ կարելիութիւն չունիմ ստուգելու, բայց այսպիսի տեղեկութիւն կայ, որ Ճեպրայիլի ճակատը այդպէս քանդուեցաւ: Ճեպրայիլէն ետք ամբողջութեամբ տափաստան է, հարթ տարածութիւն է, մեզի կը մնար պաշտպանել Հատրութի բարձունքները, ինչ որ չկրցանք ընել, դժբախտաբար, նորէն զինուորական սխալ որոշումներու իբրեւ հետեւանք:

«Վ. Ձ.».- Այս ճակատին գծով տեղեկութիւններ շրջան ըրին այն մասին, որ օրուան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ Արգիշտի Քեարամեանը հայկական անձագիր տուած է հայերէն խօսող 1400 ազերիի` դիւրացնելով Նախիջեւանի ճամբով անոնց մուտքը հարաւային ճակատ` կռնակէն հարուածելու հայկական ուժերը: Այս գծով տեղեկութիւններ ունի՞ք, ստո՞յգ է ըսուածը:
Բ. Պ.- Նման ստոյգ տեղեկութիւններ չունինք, բայց մէկ բան յստակ է, որ Հատրութի մէջ կռուողներ կը հաստատեն, որ հայկական տարազներով, հայերէն խօսող թշնամիներ մտած էին քաղաք: Ասիկա հաստատուած տեղեկութիւն է: Սակայն ինծի համար նաեւ հարցական է, որ պատերազմի ամէնէն թէժ օրերուն Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նորանշանակ պետ Արգիշտի Քեարամեանը յանկարծ պաշտօնազրկուեցաւ: Արդեօք ճի՞շդ են այն խօսակցութիւնները, թէ դաւաճանութիւն կատարուեցաւ, ինչո՞ւ պատասխանատուութեան չկանչուեցաւ, եթէ նման բան կայ, նաեւ Ա. Քեարամեանը իր պաշտօնազրկումէն ետք տակաւին պաշտօնական տարազով ի՞նչ կ՛ընէր Արցախի մէջ: Այս եւ բազմաթիւ հարցականներ կան, իսկ դաւաճանութեան մասին զրոյցները պէտք է փաստերու վրայ հիմնուած ըլլան, կարելի չէ անհիմն նման հաստատումներ կատարել: Եթէ զինուորները կամ ջոկատները, ինչպէս կ՛ըսուի, մերժեցին կռուիլ, ուրեմն անոնք իրենց խիստ պատիժը պէտք է ստանան` զինուորական դատական ատեանի համապատասխան:
«Վ. Ձ.».- Տակաւին կայ Շուշիի պարագան, ուր մինչեւ վերջին վայրկեանը դիմադրութիւն տեղի ունեցաւ: Ի՞նչ պատահեցաւ, որ յանկարծ Շուշին ինկաւ, երբ զինուորական բոլոր տուեալները ցոյց կու տային, որ բերդաքաղաք Շուշին այդքան ալ դիւրին ինկող շրջան մը չէ:
Բ. Պ.- Շուշին չինկաւ, Շուշին յանձնուեցաւ: Շուշին այնպիսի անառիկ դիրք ունի, որ անկարելի է գրաւել զայն, իսկ եթէ կրցած են փոքր խմբաւորումներ մուտք գործել քաղաք, մեր տղաքը զանոնք չէզոքացնելու գործընթացին մէջ էին: Բայց ես կ՛ուզեմ վերադառնալ այն պատկերին, որ համացանցով տարածուեցաւ, երբ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Շուշիի անկումէն քանի մը օր առաջ այցելեց Ղազանչեցոց եկեղեցի, մոմ վառեց եւ հոնկէ յղած ուղերձով հաստատեց, որ իրենք Շուշին պիտի պաշտպանեն եւ այլն: Ես կը կարծեմ, թէ այդ մէկը դիտումնաւոր կերպով կատարուած արարք էր, որովհետեւ խորքին մէջ պայմանաւորուածութիւն կար, որ 9 նոյեմբերին` Ազրպէյճանի դրօշակի օրը Շուշին պէտք էր յանձնուէր ազերիներուն:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ 20 հոկտեմբերին` Շուշիի անկումէն շատ առաջ, հրադադարի համար պայմանագիր ներկայացուած է, ուր ճշդուած է 7 շրջաններու յանձնումն ու ժամանակացոյցը, հոն կը խօսուի նաեւ գաղթականներու վերադարձի մասին, իսկ մեր կողմէ այդ պայմանագիրը մերժուեցաւ: Այս իրողութիւնը հարցականներու դուռ կը բանայ անպայման` ինչո՞ւ մերժուեցաւ այդ պայմանագիրը, ինչո՞ւ ամէն ձեւով փորձեցին Շուշին յանձնել, իսկ Ստեփանակերտէն ժողովուրդը ինչո՞ւ տարհանեցինք, Արայիկ Յարութիւնեանը Շուշիի անկումէն երկու օր առաջ ինչո՞ւ այցելեց Ստեփանակերտի պաշտպանողական դիրքերը եւ ոչ Շուշին պաշտպանող դիրքերը, երբ տակաւին մեր տղաքը հոն էին եւ իրենց պարտականութիւնը կը կատարէին: Ինչո՞ւ եղան այս բոլորը: Երբ ժողովուրդը ընտրած է վարչապետ մը, որ իւրաքանչիւր թիզ հողի պաշտպանութիւնը պիտի կատարէ` ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Ղարաբաղի, անոնց անվտանգութեան երաշխաւորը ըլլայ, իսկ ինք ամբողջութեամբ հակառակը ըրաւ, Շուշին նկատեց տժգոյն եւ դժբախտ քաղաք մը, զոր չ՛արժեր պահել, ուրեմն ան գաղափար չունի մեր պատմութենէն, մեր անցեալէն, մեր մշակոյթէն, Շուշիի ռազմավարական արժէքէն եւ այն իրողութենէն, որ Շուշին գրաւողը նաեւ կը տիրանայ Արցախին® Հարցականները բազում են, իսկ մեր ժողովուրդը պէտք չէ միամտաբար հաւատայ, որ ասիկա մեր ճակատագիրն է, մենք պայքարեցանք, սակայն չյաջողեցանք: Իրականութիւնը այդ չէ, մենք կրնայինք յաջողիլ, մենք կրնայինք կանխել եղածը եւ հոս չհասնիլ, ինչպէս որ 30 տարի մենք յաջողութեամբ պսակած ենք մեր բոլոր նախաձեռնութիւնները, կրնայինք նաեւ այսօր ընել ատիկա, բայց, ցաւ ի սիրտ, այդպէս չեղաւ:
«Վ. Ձ.».- Հիմա արդէն հասած ենք հոն, ուր այսօր կը գտնուինք, իսկ ազգովին ելքեր փնտռելու կացութեան մէջ ենք. ընդդիմութիւնը 9 նոյեմբերէն ի վեր ցոյցերով եւ տարբեր միջոցներով իր ձայնը կը փորձէ լսելի դարձնել եւ տեսակէտները ներկայացնել: Ընկերային ցանցերուն վրայ յստակ է, որ ժողովուրդը շրջադարձ կատարած է եւ կը գիտակցի իշխանութեան գործած սխալին, սակայն ինչո՞ւ մենք գետնի վրայ համաժողովրդային տարողութեամբ այդ դժգոհութեան դրսեւորումը չենք տեսներ: Արդեօք ժողովուրդը կը վախնա՞յ ձայնը բարձրացնելու, թէ՞ ան տակաւին ցնցումի մէջ է, ի՞նչն է պատճառը, որ այս զայրոյթը չի վերածուիր քաղաքական մեքանիզմի, կազմակերպական աշխատանքի, որպէսզի առաջ անցնինք, շրջանցենք տագնապը:
Բ. Պ.- Ազգովին մեծ հարուած ստացած ենք, ժողովուրդը իսկական ցնցումի մէջ է: Իբրեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն` մենք կրցանք ամբողջ քաղաքական դաշտը, ընդդիմադիր ճակատը համախմբել մէկ գաղափարի շուրջ, որ այս իշխանութիւնները այլեւս պէտք է հեռանան: Վարչապետի հրաժարականին պահանջով հանդէս կու գան նաեւ մտաւորականներ, փաստաբաններ, դատաւորներ, մշակութային գործիչներ, Երեւանի պետական համալսարանը, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան, տարբեր անձնաւորութիւններ, որոնք 2018-ին զօրավիգ կանգնեցան, իրենք քուէարկեցին այս իշխանութեան: Այսօր անոնք ամենայն պարզութեամբ կը յայտարարեն, որ սխալած են, բայց հարցը այն է, թէ ամէն մարդ չ՛ընդունիր իր սխալը: Ժողովուրդին մէջ կայ հատուած մը, որ Նիկոլ Փաշինեանին զօրավիգ կանգնեցաւ այն հեռանկարով, թէ իր առօրեան պիտի բարեփոխուի, դէպի լաւ պիտի ընթանայ, պիտի ձերբազատի կաշառակերներէն, աւելի արդար ընկերութիւն մը պիտի հիմնուի, սակայն իրականութիւնը հակառակը ցոյց տուաւ, այս 2,5 տարուան ընթացքին շատ բան կորսնցուցինք: Թերեւս ժողովուրդը ներկայիս մեծաթիւ մասնակցութիւն չի բերեր հաւաքներուն, սակայն ձեւաւորուած է այն քաղաքական դաշտը, որ բացարձակապէս կը պահանջէ Փաշինեանի հրաժարականը, մնացածը ժամանակի հարց է: Իսկ եթէ տակաւին Փաշինեան կը պնդէ, որ ինք մեծաթիւ կողմնակիցներ ունի, թող իրեն զօրավիգ կանգնողները անգամ մը ցոյցի հրաւիրէ, տեսնենք պատկերը: Ինք կառավարութեան շէնքին առջեւ փորձ մը կատարեց, 2-300 հոգի եկած էին, բոլորն ալ` վճարուած: Այսօր չկայ քաղաքական ուժ մը, որ զօրավիգ կը կանգնի Փաշինեանին, նոյնիսկ խորհրդարանին երկու ընդդիմադիր կուսակցութիւնները դէմ են, նաեւ` արտախորհրդարանական ուժերը, եկեղեցին` Էջմիածինը, որուն միաբաններէն շատեր այս գծով յայտարարութիւն ըրին եւ նոյնիսկ կանչուեցան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն:
Դժբախտաբար, սակայն, այս բոլորին հետեւանքը այն է, որ տակաւին կառչած մնալով իշխանութեան, այսօրուան վարչապետը կը փորձէ օրէնքը շահագործելով մարդոց ձայնը լռեցնել:
«Վ. Ձ.».- Լա՛ւ, այսօր ինչո՞ւ չի հրաժարիր ան. կան քանի մը տեսակէտներ. առաջինը այն է, որ ստիպուած է մնալ աթոռին վրայ մինչեւ 1 դեկտեմբեր, պայմանագիրի ամբողջական գործադրութիւնը, երկրորդ` ան երաշխիքներ կ՛ուզէ, որ հրաժարելու պարագային ինք եւ ընտանիքը պաշտպանուած պէտք է ըլլան, իսկ երրորդ տեսակէտը այն է, որ ան այնքան մը կտրուած է իրականութենէն, որ չի տեսներ դժգոհութեան եւ բողոքի համատարած ալիքը:
Բ. Պ.- Ինչո՞ւ ոչ` բոլորը® Անոր` իրականութենէ կտրուած ըլլալու ապացոյցները շատ են, ամբողջ 2,5 տարի մեր լսած սուտերը, մէկ օրէն միւսը հաստատումներու հերքումները, անլուրջ վերաբերումները ցոյց կու տան, որ ան հաւասարակշռուած անձ չէ, կայուն նկարագիրի տէր չէ: Դժբախտաբար մենք ունինք անհաւասարակշիռ վարչապետ մը: Ասկէ աւելի վատ ղեկավար չենք կրնար ունենալ, ղեկավար մը, որ իր ժողովուրդը կը խաբէ, մակերեսային ձեւերով կը փորձէ կացութիւններ ստեղծել, աժան ամբաստանութիւններ ընել, նման ղեկավար մենք մեր պատմութեան ընթացքին չենք ունեցած: Պէտք է լաւապէս գիտնանք, որ ասիկա վերջն է հայութեան ու Հայաստանին:
Հաստատ պէտք է գիտնայ մեր ժողովուրդը, որ երբ Նիկոլ Փաշինեան հրաժարի, անպայման զինք փոխարինող մը պիտի ըլլայ, վստահ եղէ՛ք, որ շատ են թեկնածուները:
«Վ. Ձ.».- Անկախ յաջորդելիք անձնաւորութենէն` մենք կարիք ունինք ճամբու քարտէսի, գործունէութեան յստակ պատկերացումի, որ մեզ այս կացութենէն դուրս պիտի հանէ:
Բ. Պ.- ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը հրապարակային հաւաքներէն մէկուն ընթացքին այս ճամբու քարտէսը ներկայացուց: Մեր փափաքն է, որ առանց ցնցումի, առանց սահմանադրական խախտումներու իշխանափոխութիւն տեղի ունենայ, երկրորդ փուլին կը կազմուի ժամանակաւոր կառավարութիւն, որ կը վայելէ թէ՛ ժողովուրդին, եւ թէ՛ մեր գործընկերներուն վստահութիւնը, անոնց հետ մենք նոր մակարդակի յարաբերութիւններ պիտի մշակենք, հզօրացնենք մեր դիրքերը եւ բանակցութիւններու, որոնք տակաւին չեն սկսած, որովհետեւ ասիկա միայն հրադադարի պայմանագիր է, երթանք նոր դիմագիծով, յաղթական դէմքով եւ լաւապէս գիտակցելով, որ մենք ո՛ւր կ՛ուզենք հասցնել հարցերը: Մենք չենք կրնար նման պարտուած անձով շարունակել բանակցութիւնները:
«Վ. Ձ.».- Կը կարծէ՞ք, որ բանակցութիւններով կրնանք բան մը փոխել:
Բ. Պ.- Վստահաբար, դրական մթնոլորտ մը ստեղծուած է արդէն. նախագահ Փութին իր յայտարարութիւններուն մէջ անդրադարձաւ հայութեան պատմութեան, Ցեղասպանութեան, դիտել տուաւ, որ ասիկա կրօնական պատերազմ չէ, այլ ցեղային է եւ այլն, այս բոլոր հիմնաւորումները ցոյց կու տան, որ վերջ ի վերջոյ այս ժողովուրդը` արցախահայութիւնը իրաւունք ունի ապրելու ապահով միջավայրի մէջ: Ինք ըսաւ, որ Խորհրդային Միութեան օրերուն չկրցանք այս հարցը լուծել, հիմա պէտք է լուծենք, լուծման ուղին ինքնորոշման իրաւունքով կը սկսի: Անգամ մը, որ ինքնորոշման պարագան յստականայ, նոր սահմաններուն մասին խօսուի, շատ բան կրնայ փոխուիլ: Ներկայ սահմաններով կարելի չէ այդ մէկը ընել, կարելի չէ Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորել, Հայաստանի հետ կապերը ապահովել: Ուրեմն բանակցութիւններուն ճամբով է, որ այդ բոլորին պիտի կարենանք հասնիլ, այդ առումով ալ կարեւոր է բանակցող անձնաւորութիւնը:
«Վ. Ձ.».- Ընդդիմադիր ճակատի ներկայացուցած այդ ճամբու քարտէսին մէջ կը խօսուի սահմանադրական կարգերուն համահունչ, անցնցում իշխանափոխութեան մասին, սակայն նկատի ունենալով վարչապետին կերպարն ու տեսակը, իսկ Ազգային ժողովը մեծամասնութեամբ «Իմ քայլ»-ի պատգամաւորներէ բաղկացած է, ուրեմն սահմանադրական կարելիութիւններ չեն երեւիր հորիզոնին վրայ: Սահմանադրական ճամբաները եթէ փակուին, այլընտրանք կա՞յ հասնելու իշխանափոխութեան:
Բ. Պ.- Սահմանադրական բոլոր քայլերը չեն աւարտած, նոր քայլերու պիտի նախաձեռնուի, մենք չենք կրնար հակասահմանադրական միջոցներով կացութիւն ստեղծել, որովհետեւ Հայաստան այդ ցնցումները չի կրնար տանիլ, նախապէս նման վատ փորձառութիւն ունեցած ենք, ուստի մենք նման քայլերու չենք դիմեր: Այսօր նոյնիսկ կը խօսուի գերագոյն դաւաճանութեան աքթով ընդհանուր դատախազութեան դիմելու մասին` ըսելու, որ ինչ որ վարչապետը ստորագրած է` գերագոյն դաւաճանութիւն է, մանաւանդ որ այս հրադադարի պայմանագիրը ստորագրուած է առանց նախագահի, արտաքին գործոց նախարարութեան ու կառավարութեան տեղեկացուածութեան, նոյնիսկ «Իմ քայլ»-ականներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը յայտարարեց, որ իրենք տեղեակ չեն եղած նման յայտարարութենէ: Ուրեմն ո՞վ տեղեակ էր, ո՞վ իրաւունք ունի մեզ ազգովին այսպիսի կացութեան մէջ դնելու, ո՞վ իրաւունք ունի Մեղրիի վրայով ճամբայ տրամադրելու մեր թշնամիներուն, երբ այդ մէկը սահմանադրութեամբ արտօնելի չէ ոեւէ անձի, նոյնիսկ խորհրդարանը ամբողջութեամբ պէտք է քուէարկէ ասոր: Այսօր Ն. Փաշինեան պէտք է գիտնայ, որ յաջորդող քայլերը աւելի ծանր պիտի ըլլան իրեն համար, եթէ ինք չդիմէ ինքնակամ ու անցնցում հրաժարականի: Իսկ յաջորդ վարչապետը «Իմ քայլ»-ի ներկայացուցիչ պիտի չըլլայ, որովհետեւ այդ խումբը սպառած է արդէն: Պէտք է ամբողջութեամբ նոր դէմք մը ստանձնէ վարչապետութիւնը, դէմք մը, որ վստահութիւն ներշնչէ եւ կարենայ անցումային կառավարութեամբ նախապատրաստել թէ՛ բանակցութիւններու, եւ թէ՛ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններու:
«Վ. Ձ.».- Այդ անցումային փուլին մէջ բանակը կամ նախագահը դեր ունի՞ն:
Բ. Պ.- Վազգէն Մանուկեան բանակին գծով այսպիսի յայտարարութիւն մը ըրաւ, որ պէտք է վարչապետը հրաժարի եւ բանակը ստանձնէ, սակայն ասիկա լաւ ձեւով չընկալուեցաւ, որովհետեւ այսօր ժողովրդավար աշխարհին մէջ դիւրաւ ընկալելի չէ, որ բանակը ի՛նք ստանձնէ ղեկավարութիւնը: Այսօր մենք այդ փուլերը անցած ենք արդէն:
Նախագահը կրնայ դերակատարութիւն ունենալ, սակայն մինչեւ օրս լրջօրէն իր պատասխանատուութիւնները չէ ստանձնած. ինչպէս որ նախագահը մասնակից դարձաւ Սերժ Սարգսեանէն Նիկոլ Փաշինեան անցնցում փոխանցման, նոյն ձեւով այսօր պէտք է գետինը պատրաստէ Նիկոլ Փաշինեանէն անցնցում փոխանցման: Ինք առաջին քայլը առաւ, երբ քաղաքական բոլոր ուժերը հաւաքեց եւ անոնց տեսակէտին ծանօթացաւ, ապա բոլորին տեսակէտը համադրեց ու յայտարարեց, որ պէտք է իշխանութիւնը հրաժարի: Ասիկա արդէն բաւական մեծ քայլ էր նախագահին կողմէ, բայց պէտք է այդ առաջին քայլը շարունակութիւն եւ հետեւողականութիւն ունենայ, պէտք է կրկին համախմբէ քաղաքական ուժերը, նաեւ համոզէ Նիկոլ Փաշինեանը, որ այլեւս այլընտրանք չկայ բացի անոր հրաժարականը: Որքան արագ տեղի ունենայ հեռացումը, այդքան աւելի փրկուած կ՛ըլլայ կացութիւնը:
«Վ. Ձ.».- Տեղի ունեցածը սովորական պարտութիւն մը չէ, համաձայնութիւնն ալ սովորական համաձայնութիւն մը չէ. որպէսզի նման բանի կրկնութեան առաջքը առնուի եւ հետեւանքներու դարմանման սկսինք, ի՞նչ քայլերու պէտք է դիմել Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի:
Բ. Պ.- Դժբախտաբար Նիկոլ Փաշինեան կերպարն ու նիկոլականութիւնը մեր իրականութեան մէջ կայ: Նիկոլականութիւնը մեր ամբողջ արժեհամակարգին նկատմամբ անարգանք ունի` կրթական, ազգային, մշակութային եւ ամէն ինչ: Մարդոց այդ տեսակը Աստուած չունի, հերոս չունի, պատմութիւնը ոչինչ է իրեն համար, արժէքներ չունի, ամէն ինչ կրնայ խնդրոյ առարկայ ու խոցելի դարձնել` բարոյական արժէքներէն մինչեւ ազգային եւ ամէն տեսակի արժէք, պարզապէս մէջտեղ գալու եւ անձնական նպատակներ իրականացնելու համար: Այս տեսակը հայութեան մէջ պէտք չէ գոյութիւն ունենայ, մակերեսային ձեւերով, դիմատետրեան գրառումներով անկարելի է երկիրը ղեկավարել: Այս երեւոյթը պէտք է ամբողջութեամբ վերանայ, այլապէս մենք պիտի կորսնցնենք նաեւ այս հայրենիքը, շատ աւելի վտանգաւոր կացութիւններու եւ իրավիճակներու մէջ պիտի յայտնուինք: Մենք կը գոյատեւենք եւ կը շարունակենք, որովհետեւ ունինք արժէքներու հսկայ հարստութիւն, խոր հաւատք, մայրենի լեզու, իսկ եթէ ասոնց հարուած հասցուի, մենք ալ կրնանք վերանալ, ինչպէս այլ ժողովուրդներ: Իրերայաջորդ սերունդներ արիւն ու քրտինք թափած են այս արժէքներու պահպանման համար, ուստի ոչ մէկը իրաւունք ունի անոնց դպչելու, նիկոլականութիւն մը չի կրնար գալ եւ ամէն ինչ խնդրոյ առարկայ դարձնել, սակարկութեան նիւթի վերածել` ինք իբրեւ հերոս ներկայանալու համար: Ասիկա լիովին մերժելի է: Այսօր ժողովուրդը կոչուած է իր շարքերէն մաքրելու այս տեսակը, այլապէս բոլորս աւելի մեծ վտանգներու դէմ յանդիման կրնանք կանգնիլ:
«Վ. Ձ.».- Վերջին խօսքը` մեր պայքարունակ, խանդավառ երիտասարդներուն, որոնք տարիներ շարունակ իրենց գործնական աշխատանքով Արցախը անբաժանելի մաս դարձուցած են իրենց գործունէութեան ու առօրեային` հոն գործուղուելով, ճամբարներ կազմակերպելով եւ այլն: Անոնք այսօր հիասթափած են ու զայրացած:
Բ. Պ.- Մենք ունինք հրաշք երիտասարդներ, որոնք աշխարհի չորս ծագերէն եկան մասնակից դառնալու պատերազմին, չէք կրնար երեւակայել, որ այդ երիտասարդութիւնը Երեւանի մէջ ինչպիսի՛ օժանդակութիւններ հաւաքեց` Արցախի իր հայրենակիցներուն: Այդ երիտասարդները փոքր-փոքր նուիրահաւաքներով մասնակցութիւն բերին տարբեր ձեւերով, ընտանիքներ պահեցին:
Մենք մեր պատմութեան ընթացքին բազում պարտութիւններ կրած ենք, միշտ ալ կրկին ոտքի կանգնած, այս ալ պիտի շրջանցենք, սակայն կարեւոր է լաւապէս գիտակցիլ, թէ ի՛նչ պատճառով կորսնցուցած ենք, եւ թէ ի՛նչ ձեւերով կրնանք յառաջ ընթանալ: Այս իրավիճակին շրջանցումը դիմատետրեան գրառումներով կարելի չէ ընել, այլ կարիք կայ տարիներու հետեւողական ծրագրումի, տքնաջան, արեամբ ու քրտինքով պատուած աշխատանքի: Կարելի չէ դիւրին հասնիլ մեր նպատակներուն, այդ պայքարը մնայուն է, եւ, ինչպէս Քրիստափորը պիտի ըսէր` յարատեւ պայքար, մինչեւ յաղթանակ: Ես վստահ եմ, որ ի վերջոյ մենք յաղթելու ենք, որովհետեւ հաւատք ու կամք ունեցող, հողին կառչածութիւն ունեցող ազգ ենք: Մինչ ազերիները վարձկաններ բերին, որպէսզի կռուին, Բերձորի մէջ Լիբանանէն հոն հաստատուած մեր ընկերը մինչեւ վերջին վայրկեան տակաւին կը պահէ իր տունը, իր հողը, որովհետեւ այդ հողը պատմութիւն ունի, իրեն ու բոլորիս ուժ կու տայ: Այս է մեր երիտասարդութիւնը, եւ ես վստահ եմ, որ մենք պիտի յաղթենք, բայց ոչ այս իշխանութեամբ:
(Շար. 2 եւ վերջ)
aztagdaily.com