Հ․Յ․Դ․ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչներու Այցելութիւնը՝ Հայաստան Եւ Արցախ
09 Դեկտեմբեր 2020
ԵՐԵՒԱՆ․- Հ․Յ․Դ․ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ՝ Ճորճ Աղճայեան (ներկայացուցիչ), Անի Չաղլասեան եւ Սեպուհ Հացագործեան աւելի քան մէկ շաբթուայ տեւողութիւն ունեցող այցելութեամբ մը գտնուեցան Հայաստան եւ Արցախ։
Ներկայացուցիչները տեսակցութիւններ ունեցան Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի, Գորագոյն Մարմինի, Հ․Օ․Մ․-ի եւ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներուն հետ։ Նաեւ Հ․Օ․Մ․-ի կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներուն հետ, կարելի եղաւ այցելել Ստեփանակերտի առաջին հիւանդանոցը։ Հ․Օ․Մ․-ը կը շարունակէ օժանդակել այս կառոյցին, կատարելով վերանորոգման աշխատանքները։
Նաեւ կատարուեցան այցելութիւններ՝ Արցախի կարգ մը գիւղեր, յատկապէս Լաչին։
Ամերկայի Հայ Մշակութային Ընկերակցութեան Արցախի հիմնարկը պիտի օժանդակէ մահացած հերոսներու պարագաներուն եւ վիրաւորուած զինուորներուն։ Նաեւ նիւթական օժանդակութիւններ պիտի կատարուին անտուն ընտանիքներուն։
Այս այցելութիւնները յաւելեալ կարեւորութիւններ ստեղծեցին գործակցելու եւ ներդրու կատարելու։
hairenikweekly.com