Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրաքի Կոմիտէի
03 Դեկտեմբեր 2018
Յաջորդ Կիրակի՝ տարւոյս Դեկ. 9-ին պիտի կայանայ Հայաստանի Ազգային Ժողովի Արտահերթ Ընտրութիւնները, որը Հայրենիքի և Հայ ժողովուրդի ապագայի նկատմամբ կարեւոր անկիւնադարձ պիտի հանդիսանայ:
Կարեւորագոյնը Հայ Ժողովուրդի, Արցախի և Հայաստանի պետութիւններու անվտանգութեան ու կայունութեան եւ ինչու չէ Սփիւռքի գոյութեան ու բարգաւաճման հարցերն են, քանզի առանց ապահով ու անվտանգ Հայրենիքի՝ եւս Սփիւռքը անապահով կ’ըլլայ ու կը տկարանայ: Նմանապէս խիստ կարեւոր է ժողովուրդի տնտեսական և սոցեալական հարցերը:
Հ.Յ.Դ.-ան 128 տարիներու ընթացքին պահանջատերն ու պաշտպանն եղած է նման հարցերուն, յառաջացնելով համապատասխան քաղակականութիւն ըլլայ այդ Հայրենիքին մէջ կամ Սփիւռք:
Հետեւելով «այսօրուայ» իշխանութեան ընտրական քարոզարշաւին, խիստ մտահոգութիւններ կառաջանայ մեր մօտ, աւելացնելով ոխերմնութեան և սպառնալիքներու յայտարարութիւնները:
Հ.Յ.Դ. Իրաքի Կոմիտէն, հաւատացած է և կը զօրակցի Հ.Յ.Դ. Հայաստանի ԳՄ-ի որոշումին՝ մասնակցելու ընտրութիւններուն ամենալաւ թեկնածուներու ցուցակով և ՝՝Հաւատարիմ Հողին Ու Հայուն՝՝ նշանաբանով և կոչ կուղղէ Հայրենաբնակ Իրաքահայերուն աշխուժութեամբ մասնակցելու և քուէարկելու Կուսակցութեան ցանկի օգտին:
Կը մաղթենք մեր Կուսակցութեան ցանկի թեկնածուներուն ամենապայծառ յաջողութիւնները:
Անկախ ընտրութիւններու անդիւնքներէն՝ Հ.Յ.Դ.ան կը մնայ միշտ հաւատարիմ պաշտպանն ՝՝Հողին Ու Հայուն՝՝։
Հ.Յ.Դ. Իրաքի Կոմիտէ
03 Դեկտեմբեր 2018