Այսօր, հրամակայանը հայ ժողովուրդի միասնականութիւնն է
05 Դեկտեմբեր 2018
Լիբանան ԿԿ անդամ Մելիք Գարագավորեանի ելոյթը Սեւանում:
Սիրելի հայրենակիցներ,
Ազգային ժողովի արտահերթ, պիտի ըսէի բառին բովանդակ առումով հապճեպ ընտրութիւնները, տեղի պիտի ունենան 9 Դեկտեմբերին: Այո հապճեպ, որովհետեւ ձեւավորուող այս քաղաքական դաշտէն ներս, բնականաբար բոլորս պիտի նախընտրէինք, որ անհրաժեշտ ժամանակը տրամադրուէր բոլոր քաղաքական հոսանքներուն եւ կուսակցութիւններուն, որպեսզի գոյութիւն ունեցող հիմնահարցերու կապակցաբար, համապարփակ, սերտուած, մշակուած եւ հաշւարկուած տարբերակներով եւ ծրագրերով ներկայանային հանրութեան՝ համապատասխան քաղաքական կեցուածքներով եւ լուծումներով եւ ոչ թէ սին, ամբոխավար խոստումներով: Կասկածէ վեր է, սիրելի հայրենակիցներ, որ մենք ամենէն պատասխանատու, վճռական եւ հաւանաբար ճակատագրական հանգրուանի մը մէջ ենք, թէ՛ ներքին առումով՝ ընկերային, սոցիալական, եւ թէ՛ արտաքին առումով: Շրջապատուած ենք այնպիսի հարեւաններով, որոնց նկրտումները ակնյայտ է: Շրջապատուած ենք այնպիսի խնդիրներով, տարածաշրջանային, շրջանային եւ միջազգային, որոնք առնուազն անկայուն եւ պայթիւնավտանգ իրավիճակը մը արտայայտութիւնը ունին, գէթ այսօր: Հետեւաբար ելլելով այս վիճակից, անհրաժեշտ է միասնականութիւն՝ միասնականութիւն բառին բովանդակ առումով. ոչ թէ ձեւական: Այլ միասնականութիւն՝ նախ ներ Հայաստանեան առումով՝ հանդուրժողականութիւն, համախմբուածութիւն, եւ ոչ թէ ժողովուրդը շերտերու բաժնել, հատուածական մօտենալ, եւ տարբերութիւններ դնել խաւերու միջեւ:
Միասնականութիւն նաեւ ներազգային առումով: Եռամիութիւնը մեր, Արցախի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի, պէտք է վերածուի, եւ արդէն իսկ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար վերածուած է քաղաքական գործօնի, որպեսզի կարողութիւն ընձեռէ դիմակայելու առկայ բոլոր հիմնախնդիրները: Այսօր, հրամակայանը հայ ժողովուրդի միասնականութիւնն է, եւ երբ հայ ժողովուրդը միասնական է, ան անպարտելի է: Այսօր պէտք է մերժել, եւ չընդունիլ ձեխարձակումներու, բամբասանքներու եւ վիրաւորանքներու արշավը որ տեղի կ’ունենայ Հայաստանի քաղաքական դաշտէն ներս, քարոզարշավի ընթացքին: Ընդհակառակը, մնացեալ այս քանի մը օրը, բոլոր քաքաղական ուժերը պէտք է տրամադրեն ներկայացնելու ծրագրեր, անշուշտ, եթէ իրենց ծրագիրներուն մէջ առկայ է Հայաստան կերտելու, նոր Հայաստան ձեւաւորելու ճշգրիտ մօտեցումներ, հաշուարկուած ծրագրային մօտեցումներ, եւ ոչ թէ «միթինկային» եւ վարդագոյն խոստումներ, որոնց տուեալները ապահովուած չեն:
Այսուամենայնիւ, մենք այսօր, այս հանգրուանին դարձեալ կը ներկայանանք մեզի հարազատ ժողովուրդին, իբրեւ միասնական եւ ուժեղ կուսակցութիւն, եւ ուժեղ այն չափով, որքանով ուժ կ’ընձեռէ մեր եւ ժողովուրդի միջեւ փոխյարաբերութեան 128 տարուայ կենսափորձը:
Սիրելի հայրենակիցներ, մենք բոլորս մտահոգ ենք մեր ապագայի նկատմամբ, մեր ապագայ սերունդի կենցաղով եւ հայրենիքով: Հետեւաբար այդ բոլորը դիմակայելու եւ առաւելագոյնս ձեւավորելու իմաստով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը այս հանգրուանին, Հայաստանեան ներքաղաքական դաշտէն ներս ունի քաղաքական, ռազմական, ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային իւրայատուկ դերակատարութիւն: Եւ ձեր մասնակութիւնը 9 Դեկտեմբերի ընտրութիւններուն, եւ անկասկած զօրավիգ հանդիսանալով մեր թեկնածուներուն, պիտի նպաստէ ո՛չ միայն ներ Հայաստանեան քաղաքական մշակոյթի ձեւավորման, այլ պիտի նպաստէ համահայկական բոլոր նպատակներուն՝ իբրեւ հզօրագոյն ապաւէն հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին:
Շնորհակալութիւն