ՀՅԴ Պատուիրակութեան մասնակցութիւնը Ընկերվար Միջազգայնականի Պրիւքսէլի ժողովներուն
11 Ապրիլ 2000
11 Ապրիլ 2000 (Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւան).- 10 եւ 11 Ապրիլին, Պրիւքսէլի մէջ գումարուեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի (Ը.Մ.) Խորհուրդի ժողովը, որուն մասնակցեցաւ ՀՅԴ պատուիրակութիւն մը, բաղկացած՝ ՀՅԴ Բիւրոյի Ը. Մ.-ի մօտ ներկայացուցիչ ընկ. Մարիօ Նալպանտեանէ եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ ընկ. Արմէն Ռուստամեանէ:
Պէլճիքայի զոյգ Ընկերվարական կուսակցութեանց հիւրընկալութեամբ, ժողովի բացումը կատարեցին այդ կուսակցութիւններու ղեկավարներ՝ Էլիօ տի Ռուփօ եւ Փաթրիք Եանսէնս եւ Եւրոխորհրդարանի Ընկերվարական Խմբակցութեան նախագահ՝ Էնրիքէ Պարօն: Յաջորդեց Ը. Մ.ի նախագահ Անթոնիօ Կութեռէսի բացման խօսքը:
Աշխարհի չորս կողմերէն հաւաքուած աւելի քան 140 ընկերվարական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ քննարկման նիւթ դարձուցին Սպանիոյ նախկին վարչապետ Ֆէլիփէ Կոնսալէսի եւ յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ պատրաստուած՝ “Global Progress” փաստաթուղթը:
Օրակարգի վրայ էին նաեւ չորս այլ միջազգային քաղաքական կարեւոր հարցեր.-
ա) Աղքատ երկիրներու պարտքի բեկանումը,
բ) Ափրիկէի մէջ աղքատութեան դէմ պայքարը,
գ) Կանանց դէմ բռնութեան կասեցումը եւ
դ) Մահապատիժի ջնջումը:
Կազմակերպական գետնի վրայ, վերասահմանուեցան Ը. Մ.-ի աշխատանքային եւ շրջանային յանձնախումբերը: Նշելի է, որ աշխարհագրականօրէն, Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը անդամ է Ը.Մ.-ի Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի յանձնախումբին եւ կը մասնակցի անոր աշխատանքներուն:
Ժողովի ընթացքին ՀՅԴ պատուիրակութիւնը առիթ ունեցաւ հանդիպումներ եւ խօսակցութիւններ ունենալու Ը. Մ. նախագահ Ա. Կութեռէսի, Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան Ընդհ. Քարտուղար Ֆրանսուա Հոլանտի, ինչպէս նաեւ Անգլիոյ եւ Հոլանտայի պատուիրակութեանց հետ:
Ապրիլ 7 եւ 8ին, նոյն վայրին մէջ գումարուած Կնոջական Ընկերվար Միջազգայնականի վարչութեան ժողովին մասնակցեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի կազմէն ընկ.հի Լուսինէ Կարապետեան: