Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոն շնորհաւորեց Գոսթաս Սիմիթիսի վերընտրութիւնը
10 Ապրիլ 2000
Յունաստանի ընտրութիւններուն ՓԱՍՕՔ կուսակցութեան յաղթանակին եւ Գոսթաս Սիմիթիսի վերընտրութեան առիթով, Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոյի կողմէ ուղարկուած է 10 Ապրիլ 2000 թուակիր հետեւեալ շնորհաւորական նամակը.-
Պր. Գոսթաս Սիմիթիս
Յունաստանի Վարչապետ
Աթէնք
Յարգալի Պր. Վարչապետ,
Յանուն Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոյին, կը շնորհաւորենք ՓԱՍՕՔ կուսակցութեան յաղթանակը եւ ձեր վերընտրութիւնը Յունաստանի վարչապետութեան:
Արժանի յաղթանակ մը որ նոր ուժականութիւն պիտի տայ հարաւային եւ արեւելեան Եւրոպայի ժողովրդավար ընկերվարութեան, պիտի սատարէ Հայաստան-Յունաստան շինիչ համագործակցութեան եւ պիտի հզօրացնէ մեր գաղափարակից կուսակցութեանց միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Մեր լաւագոյն մաղթանքները խնդրենք փոխանցեցէք ձեր կուսակցութեան
անդամներուն, ձեր նոր կառավարութեան եւ Յունաստանի ժողովուրդին:
Յարգանօք՝
Հրանդ Մարգարեան
ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ