Ընդարձակ քննարկում` Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարներուն մասին
15 Հունվար 2019
Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային առումով:
Ապա դեսպան Աթաբէկեան նախարար Կիտանեանին ներկայացուց Լիբանանի մէջ իր որդեգրելիք գործելաոճը` զբօսաշրջութեան մարզին մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը աշխուժացնելու իմաստով:
Ընդարձակ քննարկում կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարներուն մասին` լիբանանեան-հայկական հեզասահ յարաբերութիւններուն լոյսին տակ:
Շեշտը դրուեցաւ զբօսաշրջական մարզին մէջ գործակցութեան բոլոր կարելիութիւնները օգտագործելու եւ երկուստեք արդիւնաւէտ աշխատանք ծաւալելու անհրաժեշտութեան վրայ:
aztagdaily.com