Յովսէփ Արղութեան - Խանասորի Իշխան, Տաչո, Երուանդ

Ծնած՝ Լոռիի Սանահին գիւղը: Կ’աւարտէ Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանը:
Ուսուցչական եւ յեղափոխական աշխատանքներ կը վարէ Տրապիզոն եւ Թաւրիզ: Կ’անցնի Տարօն Երկրի պայմանները ուսումնասիրելու:
Զինատար խումբեր կ’առաջնորդէ դէպի Երկիր: Կը մասնակցի Դերիկի կռիւներուն. Խանասորի արշաւանքի փոխ-հրամանատար: Բազմիցս բանտարկուած եւ աքսորուած:
Կը նշանակուի հրամանատար Կամաւորական 7րդ գունդի. Հայաստանի Հանրապետութեան օրով՝ Թեհրանի դեսպան:
Կը մահանայ Փարիզ, Ֆրանսա, 62 տարեկանին: