Ցեղասպանութեան Ճանաչման Եւ Անոր Ուրացման Դէմ Դնելու Քոնկրեսական Նոր Բանաձեւ Մը Կը Պատրաստուի
13 Մարտ 2019 ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ եւ Կաս Պիլիրաքիս 11 Մարտին նախաձեռնեցին նոր արշաւի մը՝ ներկայացնելու եւ վաւերացնել տալու համար Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող նոր բանաձեւ մը։Քոնկրեսականները կոչ ըրին իրենց պաշտօնակիցներուն, որ միասնաբար աշխատելով՝ մէջտեղ բերեն Հանրապետական եւ Դեմոկրատ կուսակցութիւններուն աջակցութիւնը վայելող այնպիսի բանաձեւ մը, որ կը պարունակէ հետեւեալ երեք կարեւոր պայմանները.

Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման կտրուկ մերժում.
Միացեալ Նահանգերու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ այդ ոճիրին զոհերուն պատշաճ ոգեկոչման ապահովում.
Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդում, իբրեւ նման ոճիրներու կանխարգիլման կարեւոր միջոց։
Բանաձեւին համահեղինակները այժմ կը ջանան առաւելագոյն թիւով հովանաւորներ ապահովել, զայն պաշտօնապէս ներկայացնելու համար Ներկայացուցիչներու տան։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ողջունեց քոնկրեսականներու այս նախաձեռնութիւնը՝ կարեւոր նկատելով այն իրողութիւնը, որ այս բանաձեւը Ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին երթալով՝ պիտի պահանջէ Ցեղասպանութեան զոհերու պաշտօնական ոգեկոչում եւ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու փորձերուն պաշտօնական մերժում։
Քոնկրեսականներ Շիֆի եւ Պիլիրաքիսի կողմէ իրենց պաշտօնակիցներուն յղուած նամակին բնագիրը կարելի է կարդալ՝ այցելելով asbarez.com կայքէջը։
asbarez.com