Ներկայացուցիչներու Տունը Վաւերացուց Արցախի Պաշտպանութեան Ուղղուած Չուի Առաջարկը
12 Հուլիս 2019 ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբ կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տունը 10 Յուլիսի գիշերը վաւերացուց Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակը հետապնդող քոնկրեսական Ճուտի Չուի առաջարկը, որ քանի մը օր առաջ նաեւ վաւերացուած էր նաեւ Ներկայացուցիչներու տան Օրէնքերու յանձնախումբին կողմէ, իբրեւ յաւելուած (թիւ 97) ներկայացուած էր 2020ի ռազմական ամավարկին։Առաջարկին ի նպաստ ունեցած իր ելոյթին մէջ Չու շեշտեց, թէ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի ահաբեկչական արշաւին պէտք է վերջ դրուի, յոյժ կարեւոր նկատելով նախորդ քոնկրեսականներ Էտ Ռոյսի եւ Էլիըթ Էնկելի ներկայացուցած առաջարկները ամրապնդող այս քայլը։ Չու «անընդունելի» որակեց Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի շարունակուող խախտումները:

Չուի առաջարկը կը պահանջէ Արցախի սահմանէն արձակազէնները եւ ծանր զէնքերը հեռացուին, միաժամանակ պահանջելով, որ յարձակող կողմը բացայայտող յատուկ սարքաւորումներ տեղադրուին հոն, շեշտելով ԵԱՀԿի յաւելեալ դէտերու տեղադրելու կարեւորութիւնը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ողջունեց Ներկայացուցիչներու տան այս քայլը։
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ֆրենք Փալոն եւ փոխատենապետ Էտըմ Շիֆ զօրակցեցան այս առաջարկին վաւերացման ջանքերուն։
Քոնկրեսականներ Ռոյսի եւ Էնկելի առաջարկները, որոնք առաջին անգամ ներկայացուած էին 2015ի աշնան, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբին նախկին նախագահ Էտ Ռոյսի եւ անոր ներկայ ատենապետ Էլիըթ Էնկելի կողմէ, ցարդ կը վայելեն Ներկայացուցիչներու տան 100է աւելի քոնկրեսականներու աջակցութիւնը:
asbarez.com