Հայ Դատի «Տարուան Օրէնսդիրը» Մրցանակը Պիտի Յանձնուի Ճուտի Չուին
10 Օգոստոս 2019 ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է 20 Հոկտեմբերին տեղի ունենալիք տարեկան իր ձեռնարկին ընթացքին «Տարուան Օրէնսդիրը» մրցանակը շնորհել քոնկրեսական Ճուտի Չուին, որ կը ներկայացնէ Քալիֆորնիոյ 27րդ ընտրատարածքը։«Արդէն իսկ տասնամեակէ մը ի վեր քոնկրեսական Չու Հայկական Հարցին ջատագովը դարձած է Քոնկրեսի սրահներուն մէջ։ Կը դրուատենք իր ընտրատարածքին հայութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած նուիրումը, որ կ՛արտացոլայ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի ապահովութեան երաշխաւորման ի նպաստ անոր տարած գործունէութեան մէջ», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:

Նշենք, որ 2 Օգոստոսին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներ, ընկերակցութեամբ Փասատինայի եւ Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբերուն ներկայացուցիչներուն, քոնկրեսական Չուի գրասենեակը այցելեցին անձնապէս շնորհակալութիւն յայտնելու համար անոր եւ քննարկելու ամերիկահայութեան քաղաքական գլխաւոր առաջնահերթութիւնները։
«Քոնկրեսական Չու օրինակելի տիպար մըն է, որ հոս, Փասատինայի մէջ, իւրայատուկ կապեր հաստատած է ամերիկահայութեան հետ եւ մրցանակը արդար հատուցում մըն է իր խոստումները շօշափելի արդիւնքներու վերածելու իր կարողութեան», կը յայտնէ Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Շողիկ Եփրեմեան։
«Կը շնորհաւորենք քոնկրեսական Չուն՝ «Տարուան Օրէնսդիրը» մրցանակին արժանանալու որոշումին առիթով։ Ան երկար տարիներ զօրակցած է հայութեան եւ վերջերս կրցաւ յաջողութեամբ պսակել Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակը հետապնդող՝ Միացեալ Նահանգներու 2020ի ռազմական ամավարկին թիւ 97 յաւելուածին վաւերացումը ապահովելու արշաւը», կ՛աւելցնէ Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Վիգէն Բագրատունի։
Նշենք նաեւ, որ քոնկրեսական Չու մէկն էր այն Ներկայացուցիչներու տան այն անդամներէն, որոնք ստորագրեցին 2017ին Քալիֆորնիոյ ընկերային ուսմանց եւ պատմութեան դասագիրքերը հրատարակող ընկերութեանց, մղելու համար զանոնք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին աւելի ամբողջական տեղեկութիւններ ներառեն իրենց գիրքերուն մէջ։
Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը առիթ մըն է քննելու Հայ Դատի վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ պատուելու Հայ Դատին ի նպաստ գործունէութիւն ծաւալած գործիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ:
Կիրակի, 20 Հոկտեմբերին նախատեսուած Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Պեվըրլի Հիլզի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց, տեղեր ապահովելու կամ հովանաւորութեան կարելիութեանց ծանօթանալու համար՝ այցելել ancawr.org կայքէջը, դիմել (818) 500-1918 թիւին կամ [email protected] հասցէին:
asbarez.com