ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանին
31 Օգոստոս 2019 ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի` իր գնահատանքը արտայայտելով Սէուտական Արաբիոյ կրթութեան նախարարութեան կողմէ` երկրին պատմութեան դասագիրքին մէջ Օսմանեան կայսրութեան վերաբերեալ կատարուած փոփոխութեան համար որ լոյս կը սփռէ Սէուտական Արաբիոյ դէմ անոր գործած ոճիրներուն վրայ եւ իրաւամբ զայն կը նկատէ «բռնագրաւող եւ ոճրագործ»:
Օսմանեան կայսրութեան վերականգնման երազը հետապնդող թրքական իշխանութիւնները այսօր կը շարունակեն օսմանեան իշխանութիւններու` արաբական երկիրներուն դէմ կիրարկած թշնամական քաղաքականութիւնը, սակայն այդ քաղաքականութիւնը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս պիտի մատնուի պարտութեան` շնորհիւ արաբական երկիրներու զգօնութեան, որուն մեծապէս կը նպաստեն պատմական հաւաստի աղբիւրներու վրայ հիմնուած պատմութեան դասերը:
«Պարո՛ն դեսպան, դուք արդէն ծանօթ էք, թէ հայ ժողովուրդին դէմ եւս կիրարկուեցաւ այդ նոյն քաղաքականութիւնը, որուն գագաթնակէտն էր 1915-ին հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը` մարդկութեան դէմ գործուած այդ ոճիրը:
«ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը կը գնահատէ Սէուտական Արաբիոյ կրթութեան նախարարութեան կատարած օգտաշատ քայլը եւ զայն կը նկատէ 9 ապրիլին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան ձեր պատմական այցելութեան ընթացքին ձեր արտայայտած կեցուածքներուն համահունչ», նշեց Հայ դատի մարմինը:
aztagdaily.com