Հաղորդագրութիւն
01 Հոկտեմբեր 2019 Անցնող օրերուն, կազմակերպական համապատասխան կարգով, ՀՅԴ կազմակերպութիւնը համապարփակ քննութեան ենթարկեց վերջին երկամեակի սուրիահայութեան պարզած իրավիճակը, կատարուած աշխատանքները՝ կազմակերպական քաղաքական, ներազգային, ծառայողական, քարոզչական, տնտեսական եւ այլ մարզերու մէջ:Քննեց սուրիահայութեան վերականգնումի ներկայ փուլը, ապագայ պատկերացումները եւ առ այդ կատարեց եզրայանգումներ, ուղենշումներ եւ գոյացուց որոշումներ:
Հաւատարիմ մնալով սուրիական հայրենիքին եւ անոր հողային ամբողջականութեան, վերահաստատեց Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման եւ սուրիական ընկերութեան համերաշխ համակեցութեան զօրակցող իր կեցուածքը:

Վերանորոգեց իր յանձնառութիւնը՝ սատար կանգնելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան հզօրացման ու զարգացման գործընթացին, ինչպէս նաեւ սուրիահայութեան անվտանգութեան երաշխիքներու ամրագրման:
ՀՅԴ կազմակերպութիւնը, հաւատարիմ իր առաքելութեան, վճռակամօրէն պիտի շարունակէ իր ժողովրդանուէր ծառայութիւնը՝ ի խնդիր համայն սուրիահայութեան պատմական դերակատարութեան ամրապնդման եւ անոր վերելքին:
Տեղեկատուական Գրասենեակ
29 Սեպտեմբեր 2019
Գանձասար