Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութեան (PES) նախագահին հետ
08 Նոյեմբեր 2019
ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Հինգշաբթի, Նոյեմբերի 7-ին, PES-ի կեդրոնատեղիին մէջ, Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութեան (Party of European Socialists) նախագահ Սերգէյ Ստանիշեւը (Sergei Stanishev) ընդունեց այցելութիւնը Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին, ընկերակցութեան Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանին։
Հանդիպման ընթացքին քննարուեցան երկու կուսակցութիւններու համագործակցութիւնը շարունակելու հնարաւորութիւնները։
Հ.Յ.Դ.-ն, որպէս Եւրոմիութեան ոչ-անդամ եւ կամ անդամութեան թեկնածու երկրի կուսակցութիւն՝ դիտորդի կարգավիճակով անդամ է PES-ին։
Հ.Յ.Դ. ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ