ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Ղեկավարութեան
13 Դեկտեմբեր 2019 ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ գիշեր Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ հանրապետական մեծամասնութեան ղեկավար Միչ ՄքՔանըլին եւ դեմոկրատական փոքրամասնութեան ղեկավար Չաք Շումըրին յղեց նամակ մը` իր գնահատանքը արտայայտելով Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար:
Մարմինը նշեց, որ Ծերակոյտին առած պատմական քայլը կը յաջորդէ 29 հոկտեմբերին Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւի որդեգրման, եւ այսպիսով Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմինը` Քոնկրեսը իր ամբողջութեամբ` իր վերին ու ստորին պալատներով ճանչցած կ՛ըլլայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչ որ մեծ յաղթանակ մըն է արդարութեան, ճշմարտութեան եւ մարդկութեան համար:
Ծերակոյտը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւի որդեգրումով եկաւ հաստատելու իր եւ ընդհանրապէս Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմինի յանձնառութիւնը ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման, արդարութեան եւ ճշմարտութեան նկատմամբ:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ընդգծեց, որ այժմ հերթը Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութեանն է: Անիկա պէտք է հետեւի օրէնսդիր մարմինին եւ նախագահ Ռանըլտ Ռիկընի 1981¬ին առած քաջարի քայլի օրինակին:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆ