ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ողջունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Սուրիոյ Խորհրդարանի Քայլը
14 Փետրվար 2020 ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը 13 փետրուարին լիբանանեան լրատուամիջոցներուն հաղորդագրութիւն մը յղելով ողջունեց Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի միաձայնութեամբ որդեգրումը:
Մարմինը իր գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող ու ճանչցող, այդ պատմական փաստը ժխտելու որեւէ փորձ դատապարտող եւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան համար Թուրքիան պատասխանատու նկատող բանաձեւի որդեգրումը:
Հայ դատի մարմինը նշեց, որ այս բանաձեւի որդեգրումը արդարութեան եւ իրաւունքի յաղթանակն է` յիշեցնելով, որ սուրիական հողերը այն վայրերէն են, ուր օսմանեան պետութեան կողմէ գործադրուեցաւ ցեղասպանութեան ոճիրը:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ընդգծեց, որ, այսպիսով Սուրիան դարձաւ Լիբանանէն ետք երկրորդ արաբական երկիրը, որ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: