ՀՅԴ ՀԵՄ-ը, ՆԱՈՒՄ-ը եւ ՀՕՄ-ը կ՛աջակցին Շիրակի կարիքաւոր ընտանիքներուն
21 Մայիս 2020 ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան (ՀԵՄ) եւ ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան (ՆԱՈՒՄ) անդամները Գեղարքունիքի, Վայոց Ձորի, Արագածոտնի եւ Տաւուշի մարզերու հարիւրարաւոր ընտանիքներու օգնութեան փաթեթներ տրամադրեցին անցնող օրերուն։Մայիս 21-ին դաշնակցական երիտասարդները սկսան Շիրակի մարզի մէջ օգնութեան փաթեթներու բաշխումը։ Առաջին հանգրուանով փաթեթները պիտի տրամադրուին 200 ընտանիքներու:

Շիրակի մարզի վերոնշեալ առաքելութեան աջակցած է Armenian Relief Society – Հայ Օգնութեան Միութիւն-ը: ՀՕՄ-ի տրամադրուած միջոցներով պատրաստուած են 350 փաթեթներ` յատուկ Շիրակի մարզին համար:
«Օգնիր հայրենակցիդ» ծրագրով օժանդակութիւն եւ օգնութիւն կը տրամադրուի Հայաստանի մարզերու եւ սահմանամերձ գիւղերու կարիքաւոր ընտանիքներու։ Այս գծով, իրենց ներդրումը կը կատարեն, նաեւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակը, Հայաստանի Հայ Օգնութեան Միութիւնն ու Հ․Մ․Ը․Մ․- Հ․Ա․Ս․Ք․-ը։
horizonweekly.ca