Ափսոս որ հոգեպէս առողջ այդ վարչապետը ՀՀ վարչապետը չէ
11 Հունիս 2020 ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի հանրային կապերի պատասխանատու Յարութ Շիրինեանը, արձագանքելով Նիկոլ Փաշինեանի՝ ՀՅԴ-ի հասցէին հնչեցւած արտայայտութիւններին և գնահատականներին, նշել է.
«Համերաշխութիւն եւ ժողովրդավարութիւն ա լա Փաշինեան:
Որեւէ երկիրի հոգեպէս առողջ վարչապետ, որ իր ժողովուրդը եւ ժողովրդավարութիւնը իսկապէս կը յարգէ եւ որու երկրի սահմաններուն 90% համաճարակէն առաջ եւ 100% համաճարակի ընթացքին գոց է (ինչ որ տրամաբանօրէն վարակի տարածումը լուրջ ձեւով պէտք է դադրեցնէ), եւ որու երկիրը այսօր կը գտնուի աշխարհի ամենավատ 20 երկիներու շարքին (դէպքեր / 1 միլիոն հոգի համեմատութեան) չափանիշին մէջ եւ աշխարհի ամենավատ 35 երկիներու շարքին (զոհեր / 1 միլիոն հոգի համեմատութեան) չափանիշին մէջ, ինքզինքը պիտի յարգէր եւընդդիմադիր կուսակցութեան մը «մահուան» մասին խօսելու փոխարէն պահ մը մտածեր համաճարակի պատճառաւ իր երկրի քաղաքացիներուն «գերեզմանաքարերու» թիւը նուազեցնելու մասին: Մանաւանդ երբ այդ կուսակցութիւնը իր աւանդութենէն մեկնած օգնութեան ձեռք երկարած, Հայաստանեան եւ արտասահմանեան նիւթական եւ մարդկային իր բոլոր կարելիութիւնները եւ իր անդամներուն մասնագիտական փորձառութիւնը անգամ մը եւս տրամադրելով, դրամահաւաքներ եւ օտար երկիրներու մէջ լոպիինկ կը կատարէ, Հայաստանի եւ hայրենի ժողովուրդի օգնութիւն հասցնելու համար: Մանաւանդ երբ այդ կուսակցութեան համահայկական երիտասարդական ողջ կառոյցը սահմանամերձ գիւղերու մէջ ապրող տասնեակ հազարաւոր մեր հայրենակիցներու պէտքերուն կը հասնի, կառավարութեան կողմէն ընկերային օգնութիւններու մասին չառնուած որոշումներու եւ քայլերու բացը մասամբ գոցելու նպատակով:
Հոգեպէս առողջ այդ վարչապետը ինքզինքը պիտի յարգէր եւ այդ կուսակցութեան «Հայաստանի պատմութեան աղբանոցը» նետելու փոխարէն պահ մը անոր փառաւոր պատմութեան մասին մտածեր եւ յիշեր անոր դերակատարութեան կարեւորութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան պետականութեան կերտման գործընթացներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի հայապահպանման, Հայ Դատի եւ Հայ Ժողովուրդի իրաւունքներուն հետապնդման աշխատանքին մէջ:
Բայց ափսոս որ հոգեպէս առողջ այդ վարչապետը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը չէ»: