Յայտարարութիւն
14 Օգոստոս 2020 Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումի հետեւանքով անդառնալի մարդկային կորուստներ եւ նիւթական աննկարագրելի վնասներ կրած են մայրաքաղաք Պէյրութն ու անոր արուարձանները, ներառեալ հայահոծ շրջաններ, ուր կը գործեն Լիբանանահայ բազմաթիւ կառոյցներ, որոնց շարքին Համազգայինի Կեդրոնական կամ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւններու հովանիին տակ գործող հաստատութիւնները։
Լիբանանահայութեան անմիջական օժանդակութեան համար որոշ գաղութներու մէջ կազմակերպուած են զանազան դրամահաւաքներ։ Իսկ Համազգայինը իր կարգին ձեռնարկած է միացեալ դրամահաւաքի, Համազգայինի վնասուած կեդրոններու վերանորոգութեան նպատակով։
Աղէտը շատ մեծ է, բայց մենք նման պարագաներու չենք ընկրկիր, եւ վստահ ենք, որ այս ալ պիտի յաջողինք շրջանցել բոլորիս հաւաքական ջանքերով եւ դարձեալ պիտի վերակառուցենք մեր կեդրոնները, շարունակելով մեր կրթական եւ մշակութային առաքելութիւնը, ի նպաստ մեր ժողովուրդի գոյատեւման եւ բարգաւաճման։
Նուիրահաւաքի տուեալները կը գտնէք հետեւեալ կապով.- https://www.hamazkayin.com/en/about-us/donate/
aztagdaily.com