ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Դրօշակ

Ալիեւի տարածքային նկրտումները միջազգային օրէնքի լոյսին տակ

08 Մայիս 2021

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը վերջին տարիներուն ու յատկապէս Արցախեան 44-օրեա յպատերազմէն ետք ամէն առիթի հրապարակայինօրէն եւ առանց տատամսելու Հայաստանէն տարածքային պահանջքներ ունենալու մասին կը յայտարարէ:

Յատկապէս Զանգեզուրի, Երեւանի եւ Սեւանի վրայ կեդրոնացած են անոր ախորժակները: Աւելին` ան դեռ 2018-ին յայտարարեց. «Երեւանը մեր պատմական տարածքն է, եւ մենք`ազերիներս, պէտք է վերադարձնենք այդ պատմական տարածքը:

Այս մեր քաղաքական եւ ռազմավարական նպատակն է, որուն պէտք է աստիճանաբար մօտենանք»: Այսինքն, հռետորաբանութենէ եւ ամբոխավարական դրսեւորումներէ անդին, ալիեւեան յայտարարութիւնները պետակա՛ն, քաղաքակա՛ն ու ռազմավարակա՛ն առաջադրանք-նպատակ են եւ, ըստ միջազգային օրէնքի ու յարաբերութիւններու, կը վերաբերին անկախ ու ինքնիշխան պետութեան մը, այս պարագային` միջազգային օրէնքի ենթակայ (սուպյէկթ) Հայաստանի անկախ հանրապետութեան տարածքներուն նկատմամբ նկրտումներ ունենալուն:

Միջազգային օրէնքի լոյսին տակ Ալիեւն ու Ազրպէյճանը իրաւունք ունի՞ն նման նկրտումներ ունենալու: Նկատի առած միջազգային օրէնքի եւ յատկապէս ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 2.4 յօդուածի` ուժի սպառնալիքով կամ գործադրումով այլ պետութիւններու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ քաղաքական անկախութիւնը խաթարելէ ձեռնպահ մնալու սկզբունքը` առաջին հայեացքով անընդունելի ու արգիլուած թուացող ազրպէյճանական այս նկրտումները տեսականօրէն եւ գործնականօրէն բացառուած չեն: Որովհետեւ այստեղ իրաւական սկզբունքը կամ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ պետութեան ստանձնած պարտաւորութիւնը ուժի սպառնալիքով կամ գործադրումով այլ պետութեան մը տարածքային ամբողջականութիւնը եւ քաղաքական անկախութիւնը չխաթարելուն մասին է, այլ ոչ թէ տարածքային պահանջքներ-խնդիրներ ունենալը արգիլուած ըլլալուն: Անկախ պետութիւնները պատմութեան ընթացքին յաճախ ունեցած են, ունին եւ պիտի ունենան տարածքային վէճեր ու նկրտումներ:

Հայ-ազերիական յարաբերութիւններուն մէջ տարածքային խնդիրը աւելի հնչեղութիւն կը ստանայ, որովհետեւ երկու երկիրները միջազգային եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չեն հաստատած իրար հետ, միջպետական սահմանները ճանչցող համաձայնագիր առ այժմ չկայ, եւ, ըստ ազրպէյճանական հերիւրանքներու, գոյութիւն ունի «վերադարձի» (return) եւ «պատմական արդարութեան վերականգնման» խնդիր, որուն ակունքները կ’երթան 1918 թուական: Այստեղ փակագիծ մը բանալով` կ’արժէ վերահաստատել 1918 թ մայիս 28-ին կերտուած Հայաստանի առաջինհանրապետութեան ունեցած գերկարեւոր արժէքը, որ հայութեան եւ Հայաստանին շնորհեց միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ անկախ ու ինքնիշխան պետութիւն, միջազգային օրէնքի ենթակայ ըլլալու եւ ըստ այնմ բոլոր հնարաւորութիւններէն ու հետեւանքներէն օգտուելու իրաւունքը:

Վերադառնանք բուն նիւթին: Թէեւ Ազրպէյճան բազմիցս պաշտօնապէս յայտարարած է, թէ Հայաստանէն տարածքային պահանջքներ չունի, այլ խօսքը «վերադարձի» մասին է, վերատիրանալու նախահայրերուն կալուածներուն եւ պատմամշակութային կոթողներուն, Ալիեւի իրարայաջորդ ռազմատենչ յայտարարութիւնները, սպառնալիքներն ու երբեմն գործողութիւնները լրջօրէն կասկածելի եւ անհաւատալի կը դարձնեն տարածքային պահանջքներ չունենալու պաշտօնական մեկնաբանութիւնները: Ուրեմն, ինչպէս նախաբանին մէջ նշուեցաւ, Ազրպէյճանը պետական մակարդակի ռազմավարական նպատակ ունի Հայաստանի տարածքներու գոնէ մէկ երրորդին նկատմամբ: Տեսականօրէն այս նպատակի իրականացման համար Ազրպէյճան ունի երկու ճանապարհ՝ օրինական եւ ապօրինի. ապօրինին՝ ուժի սպառնալիքով կամ գործադրումով, օրինականը՝ խաղաղ պայմաններու մէջ միջազգային օրէնքի տրամադրութիւններուն համաձայն՝ միջազգային պայմանագրի ստորագրում կամ դատական գործընթաց: Ստորեւ կը քննարկուին այս ճանապարհները:

Ազրպէյճան իր վարքագիծով ու յայտարարութիւններով արդէն իսկ կը խախտէ վերը նշուած սկզբունքի «ուժ սպառնալու» բաժինը: Յարմար պահու Զանգեզուրը, Երեւանն ու Սեւանը որպէս ազրպէյճանական հողեր վերադարձնելու սպառնալիքը ինքնին Ազրպէյճանի ստանձնած միջազգային պարտաւորութեան եւ միջազգային օրէնքի կոպիտ խախտում է, որ կ’ենթադրէ ՀՀ եւ միջազգային ընտանիքին կոշտ ու կտրուկ արձագանքը, համապատասխան միջամտութիւնը եւ զայն պատասխանատուութեան ենթարկելը: Ճիշդ այս նրբութիւնը նկատի առած` կարելի է աւելի հասկնալ, թէ Ալիեւ խորքին մէջ ի՛նչ ըսել կ’ուզէր, երբ «առանց թանկի» Երեւան-Սեւան հասնելու մասին կը խօսէր: Ան պարզապէս կը փորձէր միջազգային ընտանիքին աչքերուն փոշի ցանել:

Գալով ուժի գործադրման հաւանականութեան` եթէ նկատի առնուի, որ Ազրպէյճան անցնող Արցախեան պատերազմին մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ ու պատերազմական ոճրագործութիւններ գործեց, ռազմագերիներու հարցով խախտեց իր պարտաւորութիւնը, Հայաստանի արեւելեան սահմանին ապահովական ու ոտնձգութեան բազմաթիւ դէպքեր արձանագրեց, Պաքուի թանգարանային խայտառակութիւնը կազմակերպեց, հայատեացութեան եւ ցեղասպանական քաղաքականութեան շօշափելի ու փաստարկուած դրսեւորումներ ունեցաւ, ապա պատեհ առիթի ՀՀ-ի նկատմամբ ուժ գործադրելու հաւանականութիւնը չի բացառուիր: Հետեւաբար ոչ մէկ երաշխիք, ընդհակառակը, տարածաշրջանային ու միջազգային վերջին զարգացումներու լոյսին տակ, լուրջ վտանգներ կան, որ Ազրպէյճան իսկապէս ուժի կիրառումով փորձէ Հայաստանի նկատմամբ իր տարածքային նկրտումներուն հասնիլ: Ահա այս հաւանականութիւնը կանխելու համար շատ բան կախուած է ՀՀ իշխանութիւններէն, բանակէն, պետական հաստատութիւններու գործունէութենէն, ԱԳՆ-ի աշխուժ ու նախաձեռնող աշխատանքներէն, դաշնակիցներու հետ ճիշդ յարաբերութիւններու մշակումէն: Իսկ այսօրուայ ՀՀ իշխանութիւնները, որոնք անձնատուութեան համաձայնագիր ստորագրած են Ազրպէյճանի հետ, որոնք ամէն առիթի Ալիեւին քմծիծաղին ու անարգանքին կ’արժանանան, ուղղակի տկարացուցած են պետութեան ինքնիշխանութիւնն ու ազգային անվտանգութիւնը, ո՛չ իրաւական, ո՛չ քաղաքական, ո՛չ ալ բարոյական իրաւունք ունին պետութիւնն ու ժողովուրդը այսպէս պայթիւնավտանգային կործանման եզրին պահելու եւ, շուտով հանրային կեանքէ հեռանալով, պարտաւոր են նո՛ր իշխանութիւններուն հնարաւորութիւն տալ ազրպէյճանական նկրտումներուն իրականացումը կանխելու:

Եթէ պահ մը կարելի է ենթադրել (թէեւ շատ դժուար է ու անիրատեսական), որ Ազրպէյճանը օրինական միջոցներով, առանց ուժի սպառնալիքի կամ կիրառման փորձէ Հայաստանի հետ իր տարածքային նկրտումներուն հարցերը լուծել խաղաղ ու միջազգային օրէնքի տրամադրութիւններուն համաձայն, ապա մինչ օրս Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մօտ պետութիւնները 9 դասերու (categories – կատեկորիաներու) վրայ հիմնուած իրենց տարածքային պահանջներու հայցերը իրաւականօրէն փորձած են ապացուցել եւ արդարացնել:

Այդ կատեկորիաներն են՝

1.միջազգային պայմանագրեր,
2. աշխարհագրութիւն,
3. տնտեսութիւն,
4. մշակոյթ-ազգային ինքնութիւն,
5.գործող վերահսկողութիւն (effective control),
6. պատմութիւն (տարածքին տիրանալու պատմական իրաւունք),
7. Uti possidetis-,
8. ազնուականութիւն (elitism),
9. գաղափարախօսութիւն:

Հայ-ազրպէյճանական տարածքային խնդրի խաղաղ լուծման մէջ վերը նշուած կատեկորիաները քննարկելէ առաջ, ինչպէս նշուեցաւ, երկու հիմնական տարբերակ կարելի է տեսնել միջազգային օրէնքի տրամադրութիւններուն համաձայն:

Ա.ՀՀ-ն ու Ազրպէյճանը, որպէս ուղղակի կամ միջնորդաւորուած բանակցութիւններու արդիւնք, միջպետական յարաբերութիւններ կը մշակեն եւ յատկապէս միջպետական սահմաններու համաձայնագրի ստորագրման կը հասնին, եւ այդ համաձայնագրերը երկու երկիրներուն սահմանադրական տրամադրութիւններուն համաձայն կը վաւերացուին:Այս տարբերակին մէջ, վարը ներկայացուելիք դասերուն (կատեկորիաներուն) զուգահեռ, նկատի կ’առնուին բանակցող կողմերուն կարողութիւնները, հզօրութիւնը, ուժային յարաբերակցութիւնը, ազգային անվտանգութեան եւ ինքնիշխանութեան մակարդակը, ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան դրսեւորումները, տարածաշրջանային դաշնակցութիւնները, հաւասարակշռութիւնն ու կապերը, դիւանագիտական հմտութիւնները, կողմերուն առաջնահերթութիւնները, ռազմավարութիւններն ու բազմաթիւ այլ գործօններ:

Ըստ երեւոյթին, մինչ օրս ՀՀ-ն ներկայացնող միջազգայինօրէն հեղինակազրկուած իշխանութիւնները, որոնք Արցախեան վերջին պատերազմի ողբերգութեան, պարտութեան եւ պետականակործան հետեւանքներուն ամբողջական պատասխանատուներն են, բնականաբար չունին եւ չեն կրնար ունենալ այս գործօններէն ոչ մէկը, ուստի անոնց հեռացումն ու նո՛ր իշխանութիւններու ձեւաւորումը դարձեալ անխուսափելի հրամայական կը դառնայ:

Բ.Ազրպէյճան եւ Հայաստան պետութիւններու համաձայնութեամբ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կամ յատուկ «ad hoc» դատարանի եւ կամ արպիթրաժ մարմնի մօտ տարածքային հարցերը քննարկելու դատական գործընթաց կը սկսին: Այս գործընթացն ունի պատմաիրաւական բազմաթիւ նրբութիւններ, եւ մեծ հաւանականութեամբ Ազրպէյճանը, վերը նշուած ինը կատեկորիաներէն հետեւեալներուն վրայ հիմնուած, կը ներկայացնէ իր փաստարկներն ու հակափաստարկները:

1. Միջազգային պայմանագրեր. ասոնց մէջ կը մտնեն 1918 մայիս 28-էն ետք ստորագրուած բոլոր պայմանագրերը եւ համաձայնագրերը, ինչպէս նաեւ խորհրդային տարիներու համաձայնագրերը (ներառեալ անոնք, որոնք միջազգային օրէնքի լոյսին տակ անվաւեր ու ապօրինի են, սակայն տէ ֆաքթօ մինչ օրս կը գործեն):

2. «Պատմական» հիմքեր.

Ազրպէյճանը խեղաթիւրուած պատմական փաստերով փորձէ փաստել, թէ իր պահանջած տարածքներուն վրայ դադարները հայերէն առաջ իշխած են (first possession) եւ աւելի երկար տիրացածեն (length of possession) այդ տարածքներուն, քան հայերը:

Այստեղ նոյնիսկ Ալիեւ իր ընտանեկան արմատներու պարագան կրնայ օգտագործել` պնդելով, որ իր հօրենական կողմը` Զանգեզուրէն, մօրենական կողմը Երեւանէն սերած է: Բնականաբար, այս թեզը, մեղմ ըսած, ծիծաղելի է բազմաթիւ հանգամանքներու բերումով, որոնց վրայ չ’արժէ այստեղ կեդրոնանալ. միայնայն փաստը, որ Ազրպէյճան անունով պետութիւն գոյութիւն չունէր նախքան 1918, բաւարար է այս թեզը ջրելու:

3.Տնտեսական հիմնաւորումներ.

Ազրպէյճանը իր տնտեսութեան եւ կայուն զարգացման, մարդոց եւ ապրանքներու ազատ շրջանառութեան համար Զանգեզուրի միջանցքին տիրանալու անհրաժեշտութեան փաստարկներ փորձէ ներկայացնել:

4.Uti possidetis.

այստեղ որպէս քաղաքական ստորաբաժանումներու` Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Ազրպէյճանի` խորհրդային տարիներուն գործած համաձայնագրերն ու Խորհրդային Միութեան օրէնսդրութիւնը ընդհանրապէս քննարկման եւ արժեւորման առարկայ կը դառնան երկու պետութիւններուն եւ դատարանին կողմէ:

5. Բանթուրանական գաղափարախօսութիւն.

Ազրպէյճանը կրնայ առաջ տանիլ Թուրքիոյ հետ բանթուրանական եղբայրութեան եւ գաղափարախօսութեան հիմնաւորումները որպէս հիմք` ՀՀ-էն տարածքներ պահանջելու: Այստեղ անհրաժեշտ է բանթուրանական գաղափարախօսութեան` ծաւալապաշտական, ցեղասպանական քաղաքականութիւն եւ հայ ժողովուրդի հաւաքական գոյութեան սպառնալիք պարունակելու թեզը առաջ տանիլն ու դատապարտելը:

Ամփոփենք: Ազրպէյճանը հիմնականին մէջ չորս ճանապարհ ունի Հայաստանի նկատմամբ իր տարածքային նկրտումներուն հասնելու:

Ա. Ազրպէյճան ուժի գործադրման սպառնալիքով ՀՀ-էն տարածքներ կը փորձէ խլել:Այստեղ նոյնիսկ այն միտքը, որ կրնան գոյութիւն ունենալ ՀՀ այնպիսիի իշխանութիւններ, որոնք նոր պատերազմէ խուսափելու պատրուակով ու մոլորութեան մէջ կը զիջին հողեր կամ տարածքներ, ինքնին անընդունելի, խիստ դատապարտելի եւ աներեւակայելի է, որովհետեւ այս տրամաբանութիւնը ոչ միայն կործանարար է մեր պետութեան եւ ժողովուրդին համար, այլ նաեւ կը հակասէ ու կը խախտէ միջազգային օրէնքի տարրական սկզբունքները. այն անկախ ու ինքնիշխան պետութիւններու եւ ժողովուրդներու գոյակցութեան ու միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան իսկական սպառնալիք է: Հետեւաբար պէտք է բացառել այս տարբերակը ամէն գնով:

Բ. Ազրպէյճանը իսկապէս ուժի գործադրումով կը փորձէ տարածքներ խլել ու թէեւ կոպտագոյնս կը խախտէ միջազգային օրէնքը, սակայն, նկատի առած ներկայի միջազգային հանրութեան վիճակը եւ «գործող» ապարդիւն ընթացակարգերը-գործիքակազմերն ու նման դէպքերու մէջ միջազգային հանրութեան անճարութեան եւ անկարողութեան մակարդակը, ՀՀ-ի ռազմավարական դաշնակիցներու կողքին, տարածքներ չկորսնցնելու հիմնական ու էական երաշխիքը հայոց բանակին ու ժողովուրդին պատրաստուածութիւնն է, մեր սեփական ժողովուրդի կեցուածքը. որքան մեծ ու հզօր ըլլան չընկրկելու եւ չյանձնուելու կամքն ու յանձնառութիւնը, ամէն գնով պայքարելու վճռականութիւնը, այդքան դժուար պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի նպատակներու իրականացումը:

Գ.Ազրպէյճանն ու Հայաստանը բանակցային գործընթացէ անցնելէ ետք դիւանագիտական յարաբերութիւններ ստեղծող, սահմանային եւ տարածքային հարցերը լուծող միջազգային համաձայնագիր կը ստորագրեն ու կը վաւերացնեն: Այստեղ մեծ ազդեցութիւնունին Արցախեան հիմնախնդրի ներկայի ու ապագայի զարգացումները, տարածաշրջանային վերիվարումները, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները, Ազրպէյճանի ու Հայաստանի ներքին քաղաքական զարգացումները եւ այլ գործօններ:

Դ. Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կը դիմեն դատական գործընթացի եւ կ’ենթարկուին դատարանին առած որոշումին: Բնականաբար, ամէնէն իտէալական, խաղաղ, կայուն եւ երկարաժամկետ միջոցը երրորդ տարբերակն է, որուն նախապայմանը մեր պետականութեան հզօրացումն է:

Գէորգ Յակոբճեան

«Դրօշակ», թիվ 5 (1651), մայիս, 2021 թ.

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Քեպէգի մէջ արժանավայել կերպով նշուեցաւ

Կիրակի, 1 մարտ 2026-ին, յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոն

03 Մարտ 2026
Արդեն երկրորդ անգամ տեղի է ունենում դա

ԱՄՆ-ը և Իսրայելը փետրվարի 28-ից հարվածներ են հասցնում Իրանի տարածքին, ինչը հան

03 Մարտ 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Այսօրվանից կարելի է համացանցի վրա ընթերցել «Դրօշակի» 2026 թ․ 2-րդ համարը։ Պաշտ

03 Մարտ 2026
Գեմպրիճի մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցա

Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Գեմպրիճի «Արամ-Դրօ» կոմիտէին, շաբաթ, 28 փետրուար 2026-

03 Մարտ 2026
Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ ԼԵՄ Պատգամաւորական

ՀՅԴ ԼԵՄ Պատգամաւորական 30-րդ ժողովը, որ սկիզբ առաւ 28 փետրուար 2026-ին խոր մտա

03 Մարտ 2026
Ակնարկ. Տարածաշրջանի Բռնկումը. Տարբեր

Իրանի դէմ սանձազերծուած պատերազմը ամբողջ տարածաշրջանը ներքաշեց աննախընթաց տարո

03 Մարտ 2026
Թորոնթոյի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ ՀՅ Դ

Ուրբաթ, 27 փետրուար 2026-ին, Թորոնթոյի Հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային»-

02 Մարտ 2026
Օրուան հետքերով-­ Յի­շե­լով ­Սում­կա­յ

Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի կող­մէ ­Խո­ջա­լո­ւի յու­շար­ձա­նի բա­ց

02 Մարտ 2026
Մենք կվերադառնանք մեր ակունքներին, հա

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Արմեն Ռուստամյանի ելույթը Տորոնտոյում փետրվարի 27-ի

01 Մարտ 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հ.Յ.Դ. Ար

Շաբաթ, 28 Փետրուար 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ

01 Մարտ 2026
Համազգային դիմադրությունը պետք է արթնա

1988-ին Արցախի ժողովրդի օրինական պահանջին՝ Ադրբեջանի պատասխանը եղավ բռնություն

28 Փետրվար 2026
Արցախի Հանրապետության Ազգային Ժողովի խ

Ադրբեջանի կողմից կազմակերպված ջարդերի զոհերի հիշատակի և բռնագաղթված հայ բնակչո

28 Փետրվար 2026
Հայ Դատը հայց է ներկայացրել Կալիֆոռնիա

ԱՄՆ Medicare և Medicaid ծառայությունների կենտրոնների (CMS) վարչարար Մեհմեթ Օզը

28 Փետրվար 2026
Առաջին նախագահի հետ այդ հարցում համամի

Առաջին նախագահի հետ այդ հարցում համամիտ ենք. սա իրոք ազգի փրկության խնդիր է և

28 Փետրվար 2026
Հայ դատի Մեծ Բրիտանիայի հանձնախումբը զ

Օրեր առաջ Մեծ Բրիտանիայի խորհրդարանում ձևավորված՝ Արցախի հարցով խորհրդարանական

27 Փետրվար 2026
Ամփոփուեցաւ «Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի

18 Փետրուար 2026ին, Երեւանի մէջ, կայացաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեա

27 Փետրվար 2026
Հայ դատի Ամերիկայի հանձնախումբը հանդես

Հայ դատի Ամերիկայի հանձնախումբը վերահաստատում է հայ-ամերիկյան համայնքի երկարամ

27 Փետրվար 2026
Ազատության համար պայքարի ձայնը երբեք չ

Վերջին տարիներին Հայաստանում նկատվում է ազգային արժեքների, եկեղեցու և հայրենաս

27 Փետրվար 2026
Խմբագրական. Չփակելո՛ւ Համար Արցախի Էջը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ երէկ նշուեցաւ Արցախի ազատամար

27 Փետրվար 2026
Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի ազատա

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, հինգշաբթի, 26 փետրուար 2026

27 Փետրվար 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company